Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 5

Ճիշդ կերպով կարդալ

Ճիշդ կերպով կարդալ

Ա. Տիմոթէոս 4։13

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Բարձրաձայն կարդալ ճիշդ ինչ որ գրուած է էջին վրայ։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Նիւթը լաւ պատրաստէ։ Մտածէ թէ նիւթը ինչո՛ւ գրուած է։ Փորձէ կարդալ ոչ թէ առանձին բառեր, հապա՝ քանի մը բառ միասնաբար։ Ուշադիր եղիր որ բառեր չաւելցնես, բառերուն վրայէն չցատկես կամ բառի մը տեղ ուրիշ բառ չկարդաս։ Կէտադրութեան նշանները յարգէ։

  • Ամէն մէկ բառ ճիշդ հնչէ։ Եթէ դժուար կամ անծանօթ բառի մը հանդիպիս, քանի մը անգամ փորձէ բարձրաձայն հնչել, մինչեւ որ բառը լաւ արտասանես կամ ալ լաւ ընթերցողէ մը օգնութիւն խնդրէ։

  • Յստակ խօսէ։ Բառերը լաւ, բայց բնական կերպով հնչէ՝ գլուխդ բարձր պահելով եւ բերանդ լայն բանալով։ Ջանք ըրէ որ ամէն մէկ վանկ հնչես։