Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 8

Օրինակներ գործածել

Օրինակներ գործածել

Մատթէոս 13։34, 35

ԴԱՍԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ։ Սորվեցնելու կերպդ բարելաւել՝ տալով պարզ օրինակներ, որոնք քեզի մտիկ ընողը կը հետաքրքրեն եւ կարեւոր դասեր կը սորվեցնեն։

Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ։

  • Պարզ օրինակներ ընտրէ։ Յիսուսին պէս, դիւրին եւ ծանօթ օրինակներ գործածէ՝ դժուար բաներ բացատրելու համար։ Մի՛ տար մանրամասնութիւններ, որոնք կրնան օրինակը դժուարացնել։ Վստահ եղիր որ օրինակը կապ ունի սորվեցուցած դասիդ հետ, որ քեզի մտիկ ընողները չշուարին։

  • Քեզի մտիկ ընողները նկատի ունեցիր։ Ընտրէ օրինակներ, որոնք քեզի մտիկ ընողները կը հետաքրքրեն կամ անոնց առօրեայ կեանքին հետ կապ ունին։ Ուշադիր եղիր որ տուած օրինակդ ո՛չ զանոնք ամչցնէ, ոչ ալ վիրաւորէ։

  • Գլխաւոր կէտը սորվեցուր։ Օրինակներով բացատրէ գլխաւո՛ր կէտերը եւ ոչ թէ՝ մանրամասնութիւնները։ Վստահ եղիր որ քեզի մտիկ ընողները ոչ միայն պիտի յիշեն օրինակը, հապա օրինակէն քաղուած դասն ալ։