Մաս 2–ի վերաքաղ
Ուսուցիչիդ հետ նկատի առ այս հարցումները.
1. Աստուած սուտ կրօնքին ի՞նչ պիտի ընէ։
(Տե՛ս Դաս 13)
2. Կարդացէ՛ք Ելից 20։4-6։
Եհովան ի՞նչ կը զգայ, երբ մարդիկ իրենց պաշտամունքին մէջ նկարներ կամ արձաններ կը գործածեն։
(Տե՛ս Դաս 14)
3. Ո՞վ է Յիսուս։
(Տե՛ս Դաս 15)
4. Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնները կը սիրես։
(Տե՛ս Դաս 17)
5. Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 13։34, 35 եւ Գործք 5։42։
Որո՞նք քրիստոնէութիւնը իսկապէս կը գործադրեն այսօր։ Ի՞նչ բան քեզի կը փաստէ, որ անոնք իսկական քրիստոնեաներ են։
6. Ո՞վ է ժողովքին գլուխը եւ զայն ինչպէ՞ս կ’առաջնորդէ։
(Տե՛ս Դաս 20)
7. Կարդացէ՛ք Մատթէոս 24։14։
Այս մարգարէութիւնը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուի։
Որո՞նց պատմած ես բարի լուրին մասին։
8. Կը կարծե՞ս որ կ’արժէ մկրտութեան նպատակակէտը դնել։ Ինչո՞ւ։
(Տե՛ս Դաս 23)
9. Ինչպէ՞ս կրնաս Սատանայէն եւ դեւերէն պաշտպանուիլ։
(Տե՛ս Դաս 24)
10. Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար։
(Տե՛ս Դաս 25)
11. Մարդիկ ինչո՞ւ կը չարչարուին ու կը մեռնին։
(Տե՛ս Դաս 26)
12. Կարդացէ՛ք Յովհաննէս 3։16։
Եհովան ի՞նչ ըրած է որ մեզ ազատէ մեղքէն ու մահէն։
(Տե՛ս Դաս 27)
13. Կարդացէ՛ք Ժողովող 9։5։
Երբ մեռնինք, մեզի ի՞նչ կը պատահի։
Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ միլիառաւորներու, որոնք մեռած են։
14. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս որեւէ կառավարութենէ աւելի լաւ է։
15. Կը հաւատա՞ս որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ։ Ինչո՞ւ։ Ե՞րբ սկսաւ իշխել։
(Տե՛ս Դաս 32)