Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԴԱՍ 35

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել

Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել

Բոլորս առնելիք որոշումներ ունինք։ Այս որոշումներէն շատեր կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ մեր վրայ եւ Եհովային հետ մեր բարեկամութեան վրայ։ Օրինակ, թերեւս պէտք է որոշենք ո՛ւր ապրիլ, ինչպէ՛ս մեր ապրուստը ապահովել, կամ ամուսնանա՛լ թէ ոչ։ Երբ լաւ որոշումներ կ’առնենք, կրնանք ուրախ կեանք ունենալ եւ Եհովան հաճեցնել։

1. Ինչպէ՞ս կրնաս Սուրբ Գիրքը գործածել լաւ որոշումներ առնելու համար

Որոշում մը առնելէ առաջ, աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրէ եւ Սուրբ Գիրքին մէջ փնտռէ հարցին շուրջ իր կարծիքը (կարդա՛ Առակաց 2։3-6)։ Կարգ մը պարագաներու, Եհովայի պատուէրը յստակ է։ Այն ատեն, այդ պատուէրին հնազանդիլը լաւագոյն որոշումն է, որ կրնաս առնել։

Բայց ի՞նչ պիտի ընես, եթէ սուրբգրային յստակ պատուէր չկայ, որ քեզի կ’ըսէ թէ ի՛նչ ընես։ Եհովան տակաւին ‘քալելու ճամբուդ մէջ քեզ պիտի առաջնորդէ’ (Եսայի 48։17)։ Ինչպէ՞ս։ Սուրբ Գիրքին մէջ կան սկզբունքներ, որոնք կրնան քեզ առաջնորդել։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները հիմնական ճշմարտութիւններ են, որոնք կը յայտնեն Աստուծոյ մտածումներն ու զգացումները։ Շատ անգամ կը գիտնանք, թէ Աստուած հարցի մը շուրջ ի՛նչ կը զգայ, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ դէպք մը կը կարդանք։ Երբ կը հասկնանք թէ Եհովան ի՛նչ կը զգայ, կրնանք առնել որոշումներ, որոնք զինք կը հաճեցնեն։

2. Ի՞նչ բաներ պէտք է որոշումներուդ ազդեն

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ որոշում մը առնելէ առաջ, պէտք է մեր ժամանակը առնենք մտածելու, թէ ի՛նչ պիտի ընտրենք։ Մինչ ամէն մէկ ընտրութիւն աչքէ կ’անցընես, դուն քեզի հարցուր. ‘Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքները կը կիրարկուին իմ պարագայիս։ Ո՞ր ընտրութիւնը ինծի մտքի խաղաղութիւն պիտի տայ։ Որոշումս ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ուրիշներուն։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Եհովան պիտի ուրախացնէ՞’ (Բ. Օրինաց 32։29

Եհովան իրաւունքը ունի մեզի ըսելու, թէ ի՛նչը լաւ է եւ ի՛նչը՝ գէշ։ Երբ իր օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն ծանօթանանք եւ որոշենք ատոնց հետեւիլ, մեր խիղճը կը մարզենք։ Խիղճը, կամ խղճմտանքը, ճիշդի ու սխալի մեր ներքին զգացումն է (Հռովմայեցիս 2։14, 15)։ Մարզուած խիղճը մեզի պիտի օգնէ, որ լաւ որոշումներ առնենք։

ԱՒԵԼԻ՛ ՊՐՊՏԷ

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին սկզբունքները եւ խիղճը որոշումներ առնելու մէջ մեզի կ’օգնեն։

3. Թոյլ տուր որ Սուրբ Գիրքը քեզ առաջնորդէ

Սուրբ Գիրքին սկզբունքները ինչպէ՞ս կրնան մեզ առաջնորդել, երբ որոշումներ կ’առնենք։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները։

  • Ի՞նչ է ազատ կամքը։

  • Եհովան ինչո՞ւ մեզի ազատ կամք տուած է։

  • Եհովան ի՞նչ տուած է, մեզի օգնելու որ մեր ազատ կամքը լաւագոյն կերպով գործածենք։

Սուրբգրային սկզբունքի օրինակ մը տեսնելու համար, կարդացէ՛ք Եփեսացիս 5։15, 16։ Ետքը, քննարկեցէ՛ք թէ ինչպէ՛ս կրնաս ‘ժամանակը ծախու առնել’, որպէսզի՝

  • Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդաս։

  • աւելի լաւ կողակից, ծնողք կամ զաւակ ըլլաս։

  • ժողովներուն ներկայ ըլլաս։

4. Խիղճդ մարզէ, որ լաւ որոշումներ առնես

Երբ հարցի մը շուրջ սուրբգրային յստակ պատուէր մը կայ, ճիշդ որոշում առնելը կրնայ դիւրին ըլլալ։ Իսկ եթէ այդպիսի պատուէր մը չկայ, ի՞նչ կրնաս ընել։ Դիտեցէ՛ք ՎԻՏԷՈՆ եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումը։

  • Վիտէոյին մէջ, քոյրը ի՞նչ քայլեր առաւ, որպէսզի իր խիղճը մարզէ եւ Եհովան հաճեցնող որոշում մը առնէ։

Ինչո՞ւ պէտք չէ ուրիշներէն խնդրենք որ առնեն որոշումներ, որոնք մե՛նք պէտք է առնենք։ Կարդացէ՛ք Եբրայեցիս 5։14 եւ քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Թէեւ կրնայ դիւրին ըլլալ ուրիշներէն խնդրել, որ մեր տեղը որոշումներ առնեն, ի՞նչ բան մե՛նք պէտք է կարենանք զանազանել։

  • Ձեռքիդ տակ ի՞նչ բաներ կան, որոնք կրնան օգնել, որ խիղճդ մարզես եւ լաւ որոշումներ առնես։

Քարտէսի մը պէս, մեր խիղճը մեզի կ’օգնէ որոշելու, որ կեանքի մէջ դէպի ո՛ւր ուղղուինք

5. Ուրիշներուն խիղճը յարգէ

Տարբեր անձեր տարբեր որոշումներ կ’առնեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն խիղճը յարգել։ Նկատի առ երկու պարագաներ.

Պարագայ 1. Քոյր մը, որ կը սիրէ դիմայարդարումը (makeup), կը փոխադրուի ժողովքի մը, ուր քոյրերէն շատեր կը նեղանան երբ ուրիշներ կը շպարուին։

Կարդացէ՛ք Հռովմայեցիս 15։1 եւ Ա. Կորնթացիս 10։23, 24 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարներուն հիման վրայ, այս քոյրը թերեւս ի՞նչ որոշէ ընել։ Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ մէկու մը հետ ես, որուն խիղճը չի ներեր ընել բան մը, որ քու խիղճդ կը ներէ ընել։

Պարագայ 2. Եղբայր մը գիտէ որ Սուրբ Գիրքը չ’արգիլեր խմիչքի չափաւոր գործածութիւնը, բայց կ’որոշէ բնա՛ւ խմիչք չխմել։ Ան կը հրաւիրուի ընկերային հաւաքոյթի մը, ուր կը տեսնէ որ եղբայրներ խմիչք կը խմեն։

Կարդացէ՛ք Ժողովող 7։16 եւ Հռովմայեցիս 14։10 ու քննարկեցէ՛ք այս հարցումները.

  • Այս համարներուն հիման վրայ, այս եղբայրը թերեւս ի՞նչ որոշէ ընել։ Ի՞նչ պիտի ընես, եթէ տեսնես որ մէկը կ’ընէ բան մը, որ քու խիղճդ քեզի չի ներեր ընել։

 Ի՞նչ քայլեր լաւ որոշումներու կ’առաջնորդեն

1. Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ որոշելու, թէ ի՛նչ ընես (Յակոբոս 1։5

2. Փնտռտուք ըրէ Սուրբ Գիրքին եւ սուրբգրային հրատարակութիւններուն մէջ, գտնելու համար սկզբունքներ, որոնք պարագայիդ կը կիրարկուին։ Նաեւ կրնաս ասոր շուրջ փորձառու քրիստոնեաներու հետ խօսիլ։

3. Մտածէ՛ թէ որոշումդ ինչպէ՛ս պիտի ազդէ քու խիղճիդ եւ ուրիշներու խիղճին։

ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՐԴԻԿ Կ’ԸՍԵՆ. «Իրաւունք ունիս ուզածդ ընելու։ Կարեւոր չէ թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն»։

  • Ինչո՞ւ պէտք է հաշուի առնենք Աստուծոյ եւ ուրիշներու զգացումները։

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Մենք լաւ որոշումներ կ’առնենք, երբ կը գիտնանք թէ հարցի մը շուրջ Եհովան ի՛նչ կը զգայ, եւ երբ նկատի կ’առնենք, թէ մեր ընելիքը ուրիշներուն պիտի օգնէ՛ թէ վնասէ։

Վերաքաղ

  • Ինչպէ՞ս կրնաս Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս խիղճդ մարզել։

  • Ինչպէ՞ս կրնաս ուրիշներուն խիղճը յարգել։

Նպատակակէտ

ԱՒԵԼԻ՛Ն ԳԻՏՑԻՐ

Ինչպէ՞ս կրնաս առնել որոշումներ, որոնք Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ կը զօրացնեն։

«Աստուած պատուող որոշումներ կայացուր» (Դիտարան 1 ապրիլ 2011)

Աւելի ըմբռնէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի խրատ կու տայ։

Եհովան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ (9։50)

Տե՛ս թէ ի՛նչ բան տղամարդու մը օգնեց, որ դժուար որոշում մը առնէ։

Եհովան ամէն լաւ բան կ’ապահովէ մեզի (5։46)

Տե՛ս թէ ինչպէ՛ս կարելի է Եհովան հաճեցնել, երբ հարցի մը շուրջ մասնաւոր ուղղութիւն մը չէ տրուած։

«Միշտ սուրբգրային պատուէրի մը պէտք ունի՞ս» (յօդուած՝ Դիտարան–ին մէջ)