Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՄԷԿ

«Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»

«Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»

1. ա) Ի՞նչը արգելք կը հանդիսանար Ադամի ու Եւայի ընտանիքին, որ Եդեմի պարտէզը մտնէին։ բ) Աբէլ ի՞նչ կը փափաքէր։

ԱԲԷԼ բլրակողմը խաղաղութեամբ արածող իր ոչխարներուն հօտը կը դիտէ։ Ապա, հաւանաբար իր ոչխարներէն անդին նայելով, հեռուն լոյսի նշոյլ մը կը տեսնէ։ Ան գիտէ թէ հոն բոցեղէն սուր մը շարունակ կը դառնայ, Եդեմի պարտէզին ճամբան գոցելով։ Իր ծնողները ատեն մը հոն կ’ապրէին, բայց հիմա՝ թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց զաւակներուն համար մուտքը արգիլուած է։ Մինչ իրիկուան մեղմ հովը կ’ալեկոծէ իր մազերը, Աբէլ իր աչքերը երկինք սեւեռելով կը խոկայ Ստեղծիչին մասին։ Արդեօք մարդոց եւ Աստուծոյ միջեւ եղած խրամատը երբեւէ պիտի վերցուի՞։ Աբէլ ճիշդ այս մէկը կը փափաքէր։

2-4. Ի՞նչ առումով Աբէլ այսօր մեզի կը խօսի։

2 Ադամի այս երկրորդ որդւոյն մահէն գրեթէ 6000 տարի անցած է, եւ անոր մարմինը շատո՜նց հողի վերածուած է։ Մեռելներուն մասին Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ անոնք «բան մը չեն գիտեր» (Ժող. 9։5, 10)։ Բայց Աբէլ այսօր քեզի՛ կը խօսի։ Ինչպէ՞ս։ Թերեւս ըսես թէ ասիկա անկարելի է։ Ասկէ զատ, Աբէլի խօսքերէն բա՛ռ մը իսկ չէ մէջբերուած Աստուածաշունչին մէջ։ Ուստի ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ ան մեզի կը խօսի։

3 Պօղոս առաքեալ ներշնչուեցաւ Աբէլի մասին ըսելու. «Անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի» (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։4Աբէլ ինչո՞վ կը խօսի։ Հաւատքո՛վ։ Աբէլ առաջին մարդն էր որ այս հիանալի յատկութիւնը մշակեց։ Ան իր հաւատքը այնքա՛ն զօրաւոր կերպով ցոյց տուաւ, որ մեզի համար ընտիր օրինակ թողուց։ Եթէ Աբէլին հաւատքէն սորվինք եւ ջանանք զայն ընդօրինակել, իր արձանագրութիւնը ազդու եւ իսկական կերպով խօսած կ’ըլլայ մեզի։

4 Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք Աբէլէն եւ իր հաւատքէն սորվիլ, եթէ անոր մասին շատ բան չէ յիշուած Աստուածաշունչին մէջ։ Տեսնենք։

Ան «աշխարհի սկիզբը» մեծցաւ

5. Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ Աբէլը առնչեց «աշխարհի սկիզբ»ին (տե՛ս նաեւ ստորանիշը)։

5 Աբէլ մարդկային պատմութեան արշալոյսին ծնաւ։ Յետագային, Յիսուս Աբէլը «աշխարհի սկիզբ»ին առնչեց (կարդա՛ Ղուկաս 11։50, 51Ան բացայայտօրէն կ’ակնարկէր այն մարդոց, որոնք յոյս ունին մեղքէն փրկուելու։ Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի չորրորդ մարդն ըլլալով հանդերձ, Աբէլ Աստուծոյ աչքին առաջին անձն էր, որուն մեղքերը կրնային ներուիլ *։ Յստակ է որ Աբէլ լաւ շրջանակի մը մէջ չմեծցաւ։

6. Աբէլ ինչպիսի՞ ծնողներ ունէր։

6 Թէեւ աշխարհը նոր կազմուած էր, բայց մարդկային ընտանիքին վրայ տխուր վիճակ մը կը տիրէր։ Ճիշդ է որ Աբէլի ծնողները՝ Ադամն ու Եւան, գեղեցիկ եւ եռանդուն ըլլալու էին, բայց իրենց կեանքին մէջ մեծ սխալ մը գործած էին, եւ ասոր գիտակից էին։ Ատեն մը, անոնք կատարեալ էին եւ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունէին։ Բայց ետքը, անոնք Եհովա Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան եւ Եդեմի պարտէզէն՝ իրենց դրախտային բնակավայրէն, վռնտուեցան։ Իրենց ցանկութիւնները ամէն բանէ առա՛ջ դասելով, մինչեւ իսկ իրենց սերունդին կարիքներէն, անոնք կատարելութիւնը եւ յաւերժական կեանքը կորսնցուցին (Ծն. 2։15–3։24

7, 8. Երբ Կայէն ծնաւ, Եւան ի՞նչ ըսաւ եւ թերեւս ի՞նչ բան ի մտի ունէր։

7 Պարտէզէն վռնտուած ըլլալով, Ադամն ու Եւան կեանքը դժուար գտան։ Բայց երբ իրենց առաջին զաւակը ծնաւ, զայն Կայէն կամ «յառաջ եկած» կոչեցին, եւ Եւան բացագանչեց. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ Իր այս խօսքերէն կրնանք հասկնալ, թէ ան թերեւս ի մտի ունէր այն խոստումը որ Եհովան տուաւ պարտէզին մէջ, երբ նախագուշակեց թէ որոշ կին մը յառաջ պիտի բերէր «սերունդ» մը, որ պիտի կործանէր այն չարը, որ մոլորեցուցած էր Ադամն ու Եւան (Ծն. 3։15. 4։1)։ Արդեօք Եւան մտքէն անցո՞ւց, թէ ի՛նքն էր այդ կինը եւ Կայէնն ալ՝ խոստացեալ «սերունդ»ը։

8 Եթէ այո՛, ուրեմն ցաւալիօրէն կը սխալէր։ Աւելին, եթէ Եւան եւ իր այրը Կայէնին մտքին մէջ այսպիսի գաղափարներ զարգացուցին, վստահաբար իրենց անդրանիկին անկատար մարդկային հպարտութիւնը գրգռեցին։ Ժամանակի ընթացքին, Եւան իր երկրորդ որդին ծնաւ, բայց այդ որդւոյն մասին այսպիսի մեծամիտ խօսքեր չենք գտներ։ Անոնք զինք Աբէլ կոչեցին, որ կրնայ նշանակել «արտաշնչում» կամ «ունայնութիւն» (Ծն. 4։2)։ Անուան այդ ընտրութիւնը ցոյց տուա՞ւ թէ անոնք Աբէլէն շատ բան չէին ակնկալեր, կարծես թէ յոյսերնին աւելի Կայէնին վրայ դրած էին։ Միայն կրնանք ենթադրել։

9. Ներկայիս, ծնողներ ի՞նչ կրնան սորվիլ մեր առաջին ծնողքէն։

9 Ծնողներ կրնան շատ բան սորվիլ այդ առաջին ծնողքէն։ Ձեր զաւակներուն մէջ, ձեր խօսքերով եւ արարքներով՝ հպարտութիւն, փառասիրութիւն եւ անձնասէր հակումներ պիտի զարգացնէ՞ք, թէ ոչ պիտի սորվեցնէք որ Եհովա Աստուածը սիրեն եւ ջանան անոր բարեկամները դառնալ։ Ցաւօք սրտի, առաջին ծնողները իրենց պատասխանատուութեան մէջ թերացան. բայց իրենց սերունդին համար տակաւին յոյս կար։

Աբէլ ինչպէ՞ս հաւատք մշակեց

10, 11. Կայէն եւ Աբէլ ի՞նչ գործ ստանձնեցին, եւ Աբէլ ի՞նչ յատկութիւն մշակեց։

10 Մինչ երկու տղաքը կը մեծնային, Ադամ հաւանաբար անոնց աշխատիլ սորվեցուց, որ անհրաժեշտ էր ընտանիքին հոգ տանելու համար։ Կայէն հողագործութիւն ընտրեց. իսկ Աբէլ՝ հովուութիւն։

11 Բայց Աբէլ շա՜տ աւելի կարեւոր բան մը ըրաւ։ Տարիներու ընթացքին, ան հաւա՛տք մշակեց՝ այն գեղեցիկ յատկութիւնը, որուն մասին Պօղոս յետագային գրեց։ Պահ մը մտածէ՛. օրինակելի մարդ մը չկար որ Աբէլ անկէ սորվէր։ Ուստի ան ինչպէ՞ս կրցաւ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ հաւատք մշակել։ Նկատի առ երեք ստոյգ իրողութիւններ, որոնց վրայ հաւանաբար իր հաւատքը հիմնուեցաւ։

12, 13. Եհովայի ստեղծագործութիւնը դիտելը ինչպէ՞ս օգնած ըլլալու էր Աբէլին, որ իր հաւատքը զօրացնէր։

12 Եհովայի ստեղծագործութիւնը։ Ճիշդ է որ Եհովան երկիրը անիծած էր պատճառելով որ փուշ ու տատասկ բուսցնէ, որոնք արգելք կ’ըլլային հողագործութեան. բայց երկրագունդը տակաւին առատօրէն ուտելիք կու տար, Աբէլի ընտանիքը ողջ պահելով։ Իսկ անասուններուն վրայ՝ նաեւ թռչուններուն ու ձուկերուն՝ անէծք չկար, ոչ ալ լեռներուն, լիճերուն, գետերուն ու ծովերուն վրայ, ոչ ալ երկնքին, ամպերուն, արեւուն, լուսնին եւ աստղերուն վրայ։ Աբէլ ո՛ւր որ նայէր, կը տեսնէր բոլոր բաները Ստեղծողին՝ Եհովա Աստուծոյ, գերազանց սիրոյն, իմաստութեան եւ բարութեան ապացոյցը (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։20Երախտապարտօրէն այդպիսի բաներու վրայ խոկալը՝ անկասկած Աբէլի հաւատքը զօրացուց։

Աբէլ սիրառատ Արարիչի մը հաւատալու անխախտ հիմ մը գտաւ ստեղծագործութեան մէջ

13 Աբէլ վստահաբար ժամանակ տրամադրեց հոգեւոր բաներու վրայ խոկալու համար։ Հովուութիւն ընելը շատ քալել կը պահանջէ։ Պատկերացուր թէ ան իր հօտը կ’արածէ։ Ան ոչխարները՝ նուրբ արարածները, կ’առաջնորդէ բլուրներու վրայ, ձորերու եւ գետերու մէջէն՝ փնտռելով ամէնէն կանանչ խոտը, ջուրի լաւագոյն ակերը եւ ամէնէն ապահով հանգստավայրերը։ Աստուծոյ բոլոր արարածներուն մէջ, ոչխարները ամէնէն անօգնականը կը թուէին, կարծես թէ ծրագրուած ըլլային կարիքը ունենալու մարդուն առաջնորդութեան եւ պաշտպանութեան։ Արդեօք Աբէլ տեսա՞ւ թէ ի՛նքն ալ պէտք ունէր առաջնորդուելու, պաշտպանուելու եւ հոգատարութիւն ստանալու Անձի մը կողմէ, որ շա՜տ աւելի իմաստուն եւ զօրեղ է քան ոեւէ մարդ արարած։ Անկասկած, ան այսպիսի մտքեր աղօթքով արտայայտեց, եւ առ ի արդիւնք, իր հաւատքը հետզհետէ աւելցաւ։

14, 15. Եհովայի խոստումները ինչպէ՞ս օգնեցին Աբէլին, որ շատ բաներու վրայ խոկար։

14 Եհովայի խոստումները։ Ադամն ու Եւան իրենց որդիներուն պատմած ըլլալու էին Եդեմի պարտէզին մէջ եղած դէպքերը, որոնց պատճառով այդտեղէն վտարուեցան։ Ուստի Աբէլ խոկալիք շատ բան ունէր։

15 Եհովան ըսաւ որ երկիրը պիտի անիծուէր։ Աբէլ յստակօրէն կրնար տեսնել փուշերն ու տատասկները, որոնցմով այդ խօսքերը կատարուեցան։ Եհովան նաեւ նախագուշակեց, թէ Եւան յղութեան եւ ծննդաբերութեան ժամանակ ցաւ պիտի քաշէր։ Մինչ Աբէլի քոյրերն ու եղբայրները ծնան, անկասկած, ինք հասկցաւ թէ այդ խօսքերն ալ ճիշդ ելան։ Եհովան նախատեսեց, թէ Եւան անհաւասարակշռուած կերպով կարիքը պիտի զգար իր ամուսինին սիրոյն եւ ուշադրութեան, եւ թէ Ադամ իր կարգին պիտի տիրէր անոր վրայ։ Աբէլ իր աչքերո՛վ տեսաւ այս տխուր իրողութիւնը։ Ամէն պարագայի, Աբէլ տեսաւ թէ Եհովայի խօսքը լիովին վստահելի է։ Այսպիսով, ան վաւերական պատճառներ ունէր հաւատք ընծայելու Աստուծոյ այն խոստումին վրայ, որ «սերունդ» մը, օրին մէկը, պիտի շտկէր ամէն սխալ որ ծագում առաւ Եդեմին մէջ (Ծն. 3։15-19

16, 17. Աբէլ հաւանաբար ի՞նչ սորվեցաւ Եհովայի քերովբէներէն։

16 Եհովայի ծառաները։ Աբէլ մարդոց մէջ որեւէ լաւ օրինակ չկրցաւ գտնել. բայց այդ ատեն, մարդիկ երկրի վրայ միակ մտացի արարածները չէին։ Երբ Ադամն ու Եւան պարտէզէն վտարուեցան, Եհովան հսկեց որ ո՛չ իրենք, ոչ ալ իրենց զաւակները մտնեն այդ երկրային Դրախտը։ Մուտքը պահպանելու համար, Եհովան դրաւ քերովբէներ՝ բարձրաստիճան հրեշտակներ եւ՝ բոցեղէն սուրը, որ շարունակ կը դառնար (կարդա՛ Ծննդոց 3։24

17 Երեւակայէ Աբէլի զգացումը, երբ այդ քերովբէները կը տեսնէր, մինչ տղեկ մըն էր։ Անոնց մարմնացած երեւոյթը, վստահաբար, սաստիկ զօրութիւն ցոյց կու տար։ Շարունակ դարձող բոցավառ «սուրը» նո՛յնպէս վախ կը ներշնչէր։ Մինչ Աբէլ կը մեծնար, արդեօք տեսա՞ւ թէ այդ քերովբէները ձանձրացան ու իրենց պաշտօնը լքեցին։ Ո՛չ։ Գիշեր–ցերեկ, տարիէ տարի, տասնամեակներ, այդ մտացի եւ հզօր արարածները իրենց տեղէն չշարժեցան։ Այսպիսով, Աբէլ գիտցաւ թէ Եհովա Աստուած արդար եւ անդրդուելի ծառաներ ունէր։ Աբէլ, այդ քերովբէներուն մէջ տեսաւ Եհովայի հանդէպ այնպիսի հաւատարմութիւն ու հնազանդութիւն, որոնք չէր կրնար գտնել իր ընտանիքին մէջ։ Կասկած չկայ թէ այդ հրեշտակներուն օրինակը իր հաւատքը զօրացուց։

Իր կեանքի բոլոր օրերուն, Աբէլ կրնար տեսնել թէ քերովբէները Եհովայի հաւատարիմ եւ հնազանդ ծառաներ էին

18. Ներկայիս ի՞նչ բաւարար հիմեր ունինք մեր հաւատքը կերտելու։

18 Մինչ Աբէլ կը խոկար այն բոլոր բաներուն վրայ, որոնք Եհովան յայտնած էր Իր անձին մասին՝ ստեղծագործութեան, աստուածային խոստումներուն եւ Իր ծառաներուն միջոցով, ան անդրադարձաւ թէ իր հաւատքը հետզհետէ կը զօրանար։ Աբէլի օրինակը մեզի կը խօսի, այդպէս չէ՞։ Այս արձանագրութիւնը յատկապէս պատանիները կը հաւաստիացնէ, թէ կրնա՛ն Եհովա Աստուծոյ հանդէպ անկեղծ հաւատք մշակել, ինչ որ ալ ըլլայ իրենց ընտանիքին կեցուածքը։ Ստեղծագործութեան սքանչելիքները մեր շուրջը ըլլալով, ամբողջ Աստուածաշունչը մեր ձեռքը ունենալով եւ հաւատքի տէր անհատներու բազմաթիւ օրինակներով, բաւարար հիմեր ունինք հաւատք կերտելու։

Աբէլին զոհը ինչո՛ւ գերազանցեց

19. Աբէլ ժամանակի ընթացքին ի՞նչ խորիմաստ ճշմարտութիւն մը ըմբռնեց։

19 Մինչ Եհովայի հանդէպ Աբէլի հաւատքը կ’աճէր, ան ուզեց զայն գործով ցոյց տալու կերպ մը գտնել։ Սակայն մարդ արարածը տիեզերքի Ստեղծիչին ի՞նչ կրնար տալ։ Յստակ է որ Աստուած մարդոցմէ որեւէ նուէր կամ օգնութիւն ստանալու պէտք չունէր։ Ժամանակի ընթացքին, Աբէլ խորիմաստ ճշմարտութիւն մը ըմբռնեց. եթէ ինք, ճիշդ շարժառիթով, պարզապէս իր ունեցուածքին լաւագո՛յնը Եհովային ընծայէր, իր սիրառատ երկնաւոր Հայրը պիտի հաճէր իրեն։

Աբէլ հաւատքո՛վ իր զոհը մատուցանեց. բայց Կայէն՝ ոչ

20, 21. ա) Կայէնն ու Աբէլը, իւրաքանչիւրը ի՞նչ զոհ մատուցանեց Եհովային։ բ) Աստուած ինչպէ՞ս պատասխանեց։

20 Աբէլ իր հօտէն կարգ մը ոչխարներ պատրաստեց ընծայելու։ Ան ոչխարներուն լաւագոյն անդրանիկները եւ անոնց պարարտները ընտրեց։ Մինչ այդ, Կայէնն ալ Աստուծոյ օրհնութիւնն ու հաճութիւնը փնտռեց, իր բերքէն ընծայ պատրաստելով։ Բայց իր շարժառիթը Աբէլինին պէս չէր։ Տարբերութիւնը մէջտեղ ելաւ, երբ եղբայրները իրենց ընծաները ներկայացուցին։

21 Ադամի երկու որդիները, հաւանաբար, զոհասեղաններ ու կրակ գործածեցին, եւ թերեւս իրենց ընծաները ներկայացուցին քերովբէներուն աչքին առջեւ, որոնք Եհովայի միակ ներկայացուցիչներն էին այդ ատեն երկրի վրայ։ Եհովան պատասխանեց։ Կը կարդանք. «Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ» կամ հաւնեցաւ (Ծն. 4։4)։ Թէ Աստուած իր հաճութիւնը ինչպէ՛ս դրսեւորեց, Աստուածաշունչը չի նշեր։

22, 23. Եհովան ինչո՞ւ հաճեցաւ Աբէլի մատուցած զոհին։

22 Եհովան ինչո՞ւ Աբէլին հաճեցաւ։ Արդեօք ընծա՞ն էր պատճառը։ Աբէլ ապրող շնչաւոր արարած մը ընծայեց, անոր թանկարժէք կենսարիւնը թափելով։ Արդեօք Աբէլ անդրադարձա՞ւ թէ իր զոհագործութիւնը որքա՛ն արժէքաւոր պիտի ըլլար ապագային։ Դարե՜ր ետք, Աստուած անարատ գառնուկի մը զոհագործութիւնը գործածեց, որպէսզի Իր կատարեալ Որդւոյն՝ «Աստուծոյ Գառ»ին զոհագործութիւնը պատկերացնէր, որուն անմեղ արիւնը պիտի թափուէր (Յովհ. 1։29. Ել. 12։5-7)։ Բայց այս տեղեկութեան մեծ մասը վստահաբար Աբէլի գիտութենէն կամ հասկացողութենէն գերիվեր էր։

23 Ինչ որ վստահօրէն գիտենք՝ հետեւեալն է. Աբէլ իր ունեցածին լաւագո՛յնը ընծայեց։ Եհովան ոչ միայն զոհին հաճեցաւ, այլ նաեւ՝ մարդուն։ Աբէլ Եհովայի հանդէպ սէրէ՛ մղուած եւ անկե՛ղծ հաւատքով գործեց։

24. ա) Ինչո՞ւ կ’ըսենք թէ Կայէնին ընծան ինքնին սխալ չէր։ բ) Կայէն ի՞նչ կերպով կը նմանի այժմու շատ մը անհատներու։

24 Բայց Կայէնին պարագան տարբեր էր։ Եհովան «Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ» (Ծն. 4։5)։ Արդեօք Կայէնին ընծան ինքնին սխա՞լ էր։ Ո՛չ, որովհետեւ յետագային, Աստուծոյ օրէնքը թոյլ տուաւ որ իր ծառաները երկրի բերքէն ընծայեն (Ղեւ. 6։14, 15)։ Բայց Աստուածաշունչը Կայէնին համար կ’ըսէ թէ «իր գործերը չար էին» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։12Այժմու շատ մը անհատներու նման, Կայէն բացայայտօրէն խորհեցաւ, թէ պարզապէս աստուածավախութիւն ցուցադրելը բաւարար էր։ Եհովայի հանդէպ իսկական հաւատքի կամ սիրոյ պակասը անմիջապէս յայտնի դարձաւ իր արարքներով։

25, 26. Եհովան Կայէնին ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ, բայց Կայէն ի՞նչ ըրաւ։

25 Երբ Կայէն տեսաւ թէ Եհովայի հաճութիւնը չէ շահած, արդեօք ջանա՞ց Աբէլին լաւ օրինակէն սորվիլ։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, ան իր եղբօր դէմ ատելութեամբ լեցուեցաւ։ Եհովան տեսա՛ւ թէ ինչ կը պատահէր Կայէնի սրտին, եւ համբերութեամբ անոր հետ տրամաբանեց։ Աստուած Կայէնը զգուշացուց, որ եթէ իր ընթացքը շարունակէր, ան լուրջ մեղք պիտի գործէր։ Ան նաեւ «ընդունելի» ըլլալու յոյսը տուաւ Կայէնին, եթէ միայն իր ճամբաները փոխէր (Ծն. 4։6, 7

26 Աստուծոյ ազդարարութեան ականջ տալու տեղ, Կայէն իր կրտսեր եղբօր ըսաւ որ դաշտ երթան, եւ հո՛ն, իրեն վստահող Աբէլին վրայ յարձակեցաւ եւ սպաննեց զինք (Ծն. 4։8)։ Առումով մը, Աբէլ դարձաւ կրօնական հալածանքի առաջին զոհը, առաջին նահատակը։ Ան մեռած էր, բայց իր պատմութիւնը տակաւին չէր վերջացած։

27. ա) Ինչո՞ւ կրնանք վստահութեամբ ըսել, թէ Աբէլ յարութիւն պիտի առնէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, որ օրին մէկը զինք պիտի տեսնենք։

27 Այլաբանօրէն խօսելով, Աբէլին արիւնը Եհովա Աստուծոյ բողոքեց վրէժխնդրութեան կամ արդարութեան համար։ Աստուած ալ արդարութիւն գործեց, չար Կայէնը պատժելով իր ոճիրին համար (Ծն. 4։9-12)։ Աւելի կարեւորը, Աբէլին հաւատքին արձանագրութիւնը այսօր մեզի կը խօսի։ Իր կեանքի տեւողութիւնը, թերեւս գրեթէ 100 տարի, շատ կարճ էր այդ ժամանակաշրջանին ապրող մարդոց համար. բայց Աբէլ աստուածահաճոյ կեանք մը վարեց։ Ան մեռաւ, գիտնալով որ իր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի, սէրն ու հաւանութիւնը ունէր (Եբ. 11։4)։ Ուստի կրնանք վստահ ըլլալ, որ Աբէլ Եհովայի անսահման յիշողութեան մէջ է եւ յարութեան կը սպասէ դրախտային երկրի մը վրայ (Յովհ. 5։28, 29)։ Զինք հոն պիտի տեսնե՞ս։ Այո՛, պիտի կարենաս՝ եթէ վճռես լսել Աբէլին, մինչ կը խօսի ե՛ւ ընդօրինակել անոր հոյակապ հաւատքը։

^ պարբ. 5 «Աշխարհի սկիզբ» թարգմանուած յունարէն արտայայտութիւնը կը պարփակէ սերմեր ցրուելու՝ վերարտադրելու գաղափարը, ուստի «աշխարհի սկիզբ»ը մարդկային առաջին սերունդին կ’ակնարկէ։ Սակայն Յիսուս ինչո՞ւ «աշխարհի սկիզբ»ը կապեց Աբէլին եւ ոչ թէ Կայէնին հետ, որ ծնած առաջին մարդն էր։ Կայէնի որոշումներն ու արարքները ցոյց տուին, թէ կամովին ըմբոստացած էր Եհովա Աստուծոյ դէմ։ Ուստի տրամաբանական է եզրակացնել թէ Կայէն, իր ծնողներուն պէս, յարութիւն առնողներուն եւ փրկուողներուն շարքին պիտի չըլլայ։