Մաս 1
Ուրախ ամուսնութեան համար՝ Աստուծոյ դիմէ
«Ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք» (Մատթէոս 19։4)
Առաջին ամուսնութիւնը Եհովա a Աստուած կատարեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան առաջին կինը ստեղծեց եւ «զանիկա Ադամին բերաւ»։ Ադամ այնքա՛ն ուրախացաւ, որ ըսաւ. «Ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է» (Ծննդոց 2։22, 23)։ Եհովան տակաւին կ’ուզէ որ ամուսնացած զոյգերը ուրախ ըլլան։
Երբ ամուսնանաս, թերեւս խորհիս թէ ամէն բան կատարեալ պիտի ըլլայ։ Բայց իրականութեան մէջ, նոյնիսկ մէկզմէկ շա՛տ սիրող զոյգեր կարգ մը խնդիրներու առջեւ պիտի գտնուին (Ա. Կորնթացիս 7։28)։ Այս գրքոյկին մէջ պիտի գտնես սուրբ գրային սկզբունքներ, որոնք եթէ կիրարկուին, ուրախ ամուսնութիւն եւ ընտանեկան կեանք կրնաս վայելել (Սաղմոս 19։8-11)։
1 ԸՆԴՈՒՆԷ ԱՅՆ ԴԵՐԸ ՈՐ ԵՀՈՎԱՆ ՔԵԶԻ ՏՈՒԱՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Ամուսինը ընտանիքին գլուխն է (Եփեսացիս 5։23)։
Եթէ ամուսին մըն ես, Եհովան քեզմէ կ’ակնկալէ որ կնոջդ հոգ տանիս քնքշութեամբ (Ա. Պետրոս 3։7)։ Ան զինք քու լրացուցիչդ ըրաւ եւ կ’ուզէ որ անոր հետ յարգանքով եւ սիրով վարուիս (Ծննդոց 2։18)։ Պէտք է որ կինդ ա՛յն աստիճան սիրես, որ պատրաստ ըլլաս իր նախասիրութիւնները քուկիններէդ առա՛ջ դասելու (Եփեսացիս 5։25-29)։
Եթէ կին մըն ես, Եհովան քեզմէ կ’ակնկալէ որ ամուսինդ մեծապէս յարգես եւ իրեն օգնես, որ իր դերը կատարէ (Ա. Կորնթացիս 11։3. Եփեսացիս 5։33)։ Անոր առած որոշումներուն թիկունք կանգնէ եւ ամբողջ սրտով անոր հետ գործակցէ (Կողոսացիս 3։18)։ Այսպէս ընելով, թէ՛ ամուսինիդ եւ թէ Եհովային աչքին պիտի գեղեցկանաս (Ա. Պետրոս 3։1-6)։
ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.
-
Կողակիցիդ հարցուր, թէ ինչպէ՛ս կրնաս աւելի լաւ ամուսին կամ կին մը ըլլալ։ Ուշի–ուշով մտիկ ըրէ, եւ ամէն կարելիդ ըրէ բարելաւուելու
-
Համբերատար եղիր։ Երկուքիդ հետ ժամանակ պիտի առնէ մինչեւ որ սորվիք ինչպէ՛ս զիրար երջանկացնել
2 ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ ԻՍԿԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԷ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Պէտք է կողակիցիդ շահը փնտռես (Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։ Կողակիցդ գա՛նձ նկատէ, յիշելով որ Եհովան իր ծառաներէն կը պահանջէ որ «հեզահոգի ըլլա[ն] ամենուն» (Բ. Տիմոթէոս 2։24)։ «Անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է» (Առակաց 12։18)։ Ուստի բառերդ զգուշութեամբ ընտրէ։ Եհովայի հոգին քեզի պիտի օգնէ, որ քաղցրութեամբ եւ սիրով խօսիս (Գաղատացիս 5։22, 23. Կողոսացիս 4։6)։
ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.
-
Կողակիցիդ հետ լուրջ հարցեր քննարկելէ առաջ, աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ, որ հանդարտ մնաս եւ լայնախոհ ըլլաս
-
Լաւ մտածէ թէ ի՛նչ պիտի ըսես եւ ինչպէ՛ս պիտի արտայայտուիս
3 ՀԱՄԱԽՈՀ ԵՂԷՔ
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. Երբ ամուսնանաս, դուն եւ կողակիցդ «մէկ մարմին» կ’ըլլաք (Մատթէոս 19։5)։ Բայց տակաւին երկու անհատներ էք, եւ ձեր կարծիքները կրնան իրարմէ տարբեր ըլլալ։ Ուստի պէտք է սորվիք ձեր մտածումները եւ զգացումները միակերպել (Փիլիպպեցիս 2։2)։ Միաբան ըլլալը կարեւոր է երբ որոշումներ կը կայացնէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ծրագիրը խորհուրդով կը հաստատուի» (Առակաց 20։18, ԱԾ)։ Թող որ Աստուածաշունչի սկզբունքները ձեզ առաջնորդեն, մինչ միասնաբար կարեւոր որոշումներ կ’առնէք (Առակաց 8։32, 33)։
ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.
-
Կողակիցիդ ոչ միայն տեղեկութիւններ կամ կարծիքներ փոխանցէ, այլեւ զգացումներդ յայտնէ
-
Ուրիշներուն խոստումներ տալէ առաջ, կողակիցիդ հետ խորհրդակցէ
a Աստուածաշունչին մէջ, Աստուծոյ անձնական անունը Եհովա է։