Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 9

Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք

Ընտանեօք Եհովան պաշտեցէք

«Երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր՝ որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը» (Յայտնութիւն 14։7)

Ինչպէս որ այս գրքոյկին մէջ տեսար, Աստուածաշունչին մէջ շա՜տ սկզբունքներ կան, որոնք քեզի եւ ընտանիքիդ պիտի օգնեն։ Եհովան կ’ուզէ որ ուրախ ըլլաս։ Ան կը խոստանայ, որ եթէ իր պաշտամունքը առաջին տեղը դնես, «այդ բոլոր բաներն ալ. . . պիտի տրուին» քեզի (Մատթէոս 6։33)։ Ան իսկապէս կ’ուզէ որ իր բարեկամը ըլլաս։ Ամէն պատեհութիւն գործածէ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնդ մշակելու։ Ասիկա մեծագոյն առանձնաշնորհումն է որ մարդ արարածը կրնայ ունենալ (Մատթէոս 22։37, 38

1 ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԵՏ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԴ ԶՕՐԱՑՈՒՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «‘Ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք’, կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը» (Բ. Կորնթացիս 6։18)։ Աստուած կ’ուզէ որ իր մտերիմ բարեկամը ըլլաս։ Ասիկա իրագործելու կերպերէն մէկն է՝ աղօթքը։ Եհովան կ’ըսէ որ «անդադար աղօթք» ընես (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Ան կը տենչայ ներքին մտածումներդ եւ մտահոգութիւններդ լսել (Փիլիպպեցիս 4։6)։ Երբ ընտանիքիդ հետ կ’աղօթես, անոնք պիտի նկատեն թէ Աստուած որքա՜ն իրական է քեզի համար։

Աստուծոյ աղօթելու կողքին, պէտք է նաեւ իրեն մտիկ ընես։ Ասիկա կրնաս ընել՝ իր Խօսքը եւ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ուսումնասիրելով (Սաղմոս 1։1, 2)։ Սորվածներուդ վրայ խոկա՛ (Սաղմոս 77։11, 12)։ Աստուծոյ մտիկ ընելը նաեւ կը պահանջէ կանոնաւորաբար քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ (Սաղմոս 122։1-4

Եհովայի մասին ուրիշներուն խօսիլը ուրիշ կարեւոր կերպ մըն է իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրացնելու։ Ո՛րքան աւելի իր մասին խօսիս, ա՛յնքան աւելի իրեն մօտիկ պիտի զգաս (Մատթէոս 28։19, 20

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ամէն օր ժամանակ տրամադրէ Աստուածաշունչը կարդալու եւ աղօթելու

  • Ընտանեօք նախապատուութիւն տուէք հոգեւոր գործունէութիւններուն, քան՝ ժամանցին ու հանգստանալուն

2 ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ ՎԱՅԵԼԵՑԷՔ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Աստուծոյ մօտեցէ՛ք ու անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Պէտք է ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր յայտագիր մը ունենաք եւ ատոր հետեւիք (Ծննդոց 18։19)։ Բայց ասիկա բաւարար չէ։ Պէտք է որ Աստուած ձեր առօրեայ կեանքին մաս կազմէ։ Աստուծոյ հետ ձեր փոխյարաբերութիւնը զօրացուցէք, իր մասին խօսելով՝ ‘թէ՛ տան մէջ նստած ատեն, թէ՛ ճամբայ քալած ատեն եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատեն’ (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Նպատակակէտ դրէք նմանելու Յեսուին, որ ըսաւ. «Ես ու իմ տունս Եհովան պիտի պաշտենք» (Յեսու 24։15

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ընտանեկան պաշտամունքի կանոնաւոր յայտագիր մը ունեցէք, նկատի առնելով ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին կարիքները