Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 133

Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

Աստուա՛ծ փնտռեցէք, որպէսզի փրկուիք

(Սոփոնիա 2։3)

1. Ազգերը Տէրոջ դէմ

եւ Օծեալին դէմ կ’ելլեն։

Սակայն օրերնին կ’աւարտին.

այլեւս պիտի չիշխեն։

Ժամանակն եկած է

որ Տէր Եհովան գործէ։

Քրիստոս զանոնք պիտի կործանէ

եւ անյապաղ վերացնէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Աստուա՛ծ փնտռենք, որ փրկուինք.

իրե՛ն դիմենք ու վստահինք։

Մնանք ուղղամիտ

եւ հաւատարիմ.

իր արդարութիւնը փնտռենք։

Գերիշխանն է մեր Փրկիչը.

հաստատ դիրք բռնենք։

2. Այժմ կը քարոզենք,

բարի լուրը կը յայտնենք։

Մարդիկ իրե՛նք պիտի ընտրեն՝

լսել կամ արհամարհել։

Խիստ փորձութեան ատեն

պիտի չվախնանք ահէն։

Եհովան, մեր հոգատար Հայրը,

պիտի օգնէ, պաշտպանէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Աստուա՛ծ փնտռենք, որ փրկուինք.

իրե՛ն դիմենք ու վստահինք։

Մնանք ուղղամիտ

եւ հաւատարիմ.

իր արդարութիւնը փնտռենք։

Գերիշխանն է մեր Փրկիչը.

հաստատ դիրք բռնենք։