Երգ 110
Աստուծոյ զարմանալի գործերը
1. Ո՛վ Տէր, գիտես իմ արթննալս,
նաեւ գիտես թէ երբ կը քնանամ։
Կը քննես իմ միտքս ու հակումներս.
գիտես իմ խօսքերս եւ թէ ես ո՛ւր կ’երթամ։
Գաղտուկ տեղը երբ ես շինուեցայ,
ոսկորներս քեզմէ չպահուեցան։
Քու աչքերդ տեսան իմ կազմուածքս,
որուն անդամները գրքիդ մէջ գրուեցան։
Զարմանալի են քու բոլոր գործերդ.
եւ այս բանը անձս աղէկ գիտէ։
Եթէ ըսեմ. «Խաւարը զիս պիտ’ ծածկէ»,
քու սուրբ հոգիդ զիս հոն ալ պիտ’ գտնէ։
Ես ո՞ւր փախչիմ երեսէդ, ո՜վ Եահ,
եւ ո՞ւր երթամ, որ քեզմէ պահուըտիմ։
Տեղ մը չկայ երկնքի բարձունքները
կամ գերեզմանը կամ ծովը որ ծածկուիմ։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 66։3. 94։19. Եր. 17։10)