Երգ 74
Եհովայի ուրախութիւնը
1. Ժամանակներու նշանները՝ մեզի
Արքայութիւնը կ’աւետեն։
Դուք գլուխնիդ բարձրացուցէք ու ելէք.
ձեր փրկութիւնը շատ մօտ է։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եահի ուրախութիւնը ամրոց է.
ուրախութեամբ գովերգեցէք։
Յոյսով ցնծացէք, երախտապարտ եղէք.
ամէն մարդ թող Բարձրեալը գովէ։
Եահի ուրախութիւնը ամրոց է։
Անունն իր յայտնենք բոլորին.
նուիրուածութեամբ եւ ուրախ սրտերով
ծառայենք Թագաւորին՝ Եահին։
2. Մեր Աստուծոյն վստահեցէք, զօրացէք։
Մի՛ զարհուրիք. ան հզօր է։
Որոտաձայն, ուժգին բացագանչեցէք,
ուրախութեամբ գովերգեցէք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եահի ուրախութիւնը ամրոց է.
ուրախութեամբ գովերգեցէք։
Յոյսով ցնծացէք, երախտապարտ եղէք.
ամէն մարդ թող Բարձրեալը գովէ։
Եահի ուրախութիւնը ամրոց է։
Անունն իր յայտնենք բոլորին.
նուիրուածութեամբ եւ ուրախ սրտերով
ծառայենք Թագաւորին՝ Եահին։
(Տե՛ս նաեւ Ա. Մն. 16։27. Սաղ. 112։4. Ղուկ. 21։28. Յովհ. 8։32)