Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 136

Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

(Յայտնութիւն 11։15. 12։10)

  1. Եհովա, դուն միշտ եղած ես,

    Եւ միշտ պիտի ըլլաս։

    Դուն գահը տուիր Որդիիդ.

    Այդպէս կը կամենաս։

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ,

    Շուտով երկրին պիտի տիրէ։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Եկաւ ժամանակը

    Տէրոջ փրկութեան, զօրութեան։

    «Թագաւորութիւնը

    Թող գա՛յ», կ’աղօթենք, «Թող որ գայ»։

  2. Ինկաւ այդ առաջուան օձը,

    Որ շատ անգամ ստեց։

    Ցնծա՛, ով երկինք, ու երգէ՛.

    Քրիստոս իրեն յաղթեց։

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ,

    Շուտով երկրին պիտի տիրէ։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Եկաւ ժամանակը

    Տէրոջ փրկութեան, զօրութեան։

    «Թագաւորութիւնը

    Թող գա՛յ», կ’աղօթենք, «Թող որ գայ»։

  3. Շատ կարճ ժամանակ մը ունի

    Բանսարկու Սատանան։

    Ուստի չերեւցած բաներուն

    Նայինք եւ զօրանանք։

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ,

    Շուտով երկրին պիտի տիրէ։

    (ԿՐԿՆԵՐԳ)

    Եկաւ ժամանակը

    Տէրոջ փրկութեան, զօրութեան։

    «Թագաւորութիւնը

    Թող գա՛յ», կ’աղօթենք, «Թող որ գայ»։