Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը ինչպէ՛ս գործածել

Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը այնպէս մը պատրաստուած է, որ մարդիկ նկարներո՛վ սորվին Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները, եթէ կարդալու մէջ դժուարութիւն ունին։ Ամէն մէկ դաս, որ երկու էջէ կը բաղկանայ, ունի բծախնդրութեամբ պատրաստուած նկարներ, որոնց միջեւ կան նշաններ՝ որոնք կ’օգնեն գիտնալու թէ ո՛ր շարքաւորումով նկարներուն պիտի նայինք։

Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկին նոյն նկարները ունի, բայց անոր մէջ քիչ մը աւելի գրութիւն կայ։ Այդ գրքոյկը կրնան գործածել այն աշակերտները, որոնք կարդալու որոշ կարողութիւն ունին։ Հրատարակիչները ընդհանրապէս կը նախընտրեն զայն գործածել որպէս ուսուցիչի օրինակ, երբ իրենց աշակերտը կը գործածէ Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը։ Անոր շատ մը էջերը յաւելեալ տեղեկութիւններ բովանդակող շրջանակներ ունին, որոնք կարելի է քննարկել աշակերտին կարողութեան համաձայն։

Այս 2 գրքոյկները կրնաս առաջարկել որեւէ ժամանակ, նոյնիսկ եթէ անոնք այդ ամսուան մէջ ներկայացուելիք հրատարակութիւններուն մէջ չեն։ Երբ ուսումնասիրութիւն կը վարես, նկարները գործածէ որ պատմութիւնը բացատրես։ Հարցումներ հարցուր որ աշակերտը մասնակցի եւ վստահ ըլլալու համար որ իր սորվածը կը հասկնայ։ Կարդա՛ եւ քննարկէ համարները։ Գրքոյկը ամբողջացնելէ ետք, աշակերտին հետ սերտէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը կամ Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքը, իրեն օգնելու համար որ մկրտութեան հասնի։