Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ է

Ինծի համար ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ է

Յակոբ հրեշտակի մը հետ գօտեմարտեցաւ շատ կարեւոր բանի մը համար. Եհովային օրհնութեան համար (Ծն. 32։24-31. Ով. 12։4, 5)։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մե՛ր մասին։ Պատրա՞ստ ենք շատ ջանք թափելու, որ Եհովային հնազանդինք եւ իր օրհնութիւնը վայելենք։ Օրինակ, ի՞նչ որոշում կ’առնենք եթէ մեր առջեւ կայ երկու ընտրութիւն. ժողովի երթալ կամ քանի մը յաւելեալ ժամեր աշխատիլ գործին տեղը։ Երբ Եհովային մեր լաւագոյնը տանք՝ ըլլա՛յ մեր ժամանակէն, ուժէն կամ ունեցուածքէն, ան մեր վրայ օրհնութիւն պիտի թափէ «այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ» (Մաղ. 3։10)։ Ան մեզ պիտի առաջնորդէ ու պաշտպանէ եւ մեր պէտքերը պիտի հոգայ (Մատ. 6։33. Եբ. 13։5

ԴԻՏԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ՄՆԱ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Քրոջ սիրած մէկ բանը ինչպէ՞ս իրեն փորձութիւն եղաւ։

  • Մեր գործը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի փորձութիւն ըլլալ։

  • Տիմոթէոս ինչո՞ւ պէտք էր շարունակէր նպատակակէտեր դնել, նոյնիսկ երբ հոգեւորապէս հասուն մէկը դարձած էր (Ա. Տիմ. 4։16

  • Կեանքիդ մէջ ամէնէն կարեւոր բանը ի՞նչ է

    Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք որ մեզի համար ամէնէն կարեւոր գործը ի՛նչ է։