ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Յիշատակատօնին համար կը պատրաստուի՞ս
Յիսուսին վերջին Պասեքը շատ կարեւոր առիթ մըն էր։ Որովհետեւ իր մահը մօտ էր, Յիսուս ծրագրեց որ Պասեքը իր առաքեալներուն հետ ուտէ եւ տարեկան նոր տօնակատարութիւն մը հաստատէ՝ Տէրունական ընթրիքը։ Ասոր համար, Յիսուս ղրկեց Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, որ սենեակը պատրաստեն (Ղուկ. 22։7-13. տե՛ս կողքին նկարը)։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ որ պէտք է պատրաստուինք մարտ 27–ին տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին համար։ Ժողովքները շատ հաւանաբար արդէն իսկ կարգադրութիւններ ըրած են դասախօսին համար, խորհրդանիշներուն համար եւ այլն։ Բայց անհատապէս ի՞նչ կրնանք ընել, որ Յիշատակատօնին համար պատրաստուինք։
Սիրտդ պատրաստէ։ Յիշատակատօնին համար Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը կարդա՛ եւ ատոր վրայ խոկա՛։ Յայտագիրը կրնաս գտնել Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ։ Աւելի մանրամասն յայտագիր մը կրնաս գտնել Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին Մաս 16–ին մէջ (տե՛ս նաեւ «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին ապրիլ 2020 թիւը)։ Ընտանիքները կրնան իրենց ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին նկատի առնել փրկանքին կարեւորութեան մասին տեղեկութիւններ, որոնք կրնան ձեռք ձգուիլ Փնտռտուքի ուղեցոյց Եհովայի վկաներուն համար–էն կամ Դիտարանի հրատարակութիւններուն նիւթերու ցանկ–էն։
Ուրիշները հրաւիրէ Յիշատակատօնին։ Լման մասնակցէ հրաւիրագիր բաժնելու արշաւին։ Մտածէ թէ որոնք կրնաս հրաւիրել, ինչպէս՝ վերայցելութիւններ, Աստուածաշունչի նախկին աշակերտներ, ծանօթներ եւ ազգականներ։ Երէցները պէտք է ամէն ջանք թափեն որ անգործունեաները հրաւիրեն։ Յիշէ որ եթէ անհատ մը քու շրջանիդ մէջ չ’ապրիր, կրնաս իր ապրած շրջանին մէջ տեղի ունենալիք Յիշատակատօնին ժամն ու վայրը գիտնալ՝ այցելելով www.dan124.com/hyw կայքը եւ ետքը երթալով ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ բաժինը եւ ընտրելով «Յիշատակատօն» մասը։
Ուրիշ ի՞նչ կրնանք ընել որ պատրաստուինք։