Մարտ 7-13
ԵՍԹԵՐ 6-10
Երգ 131 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ.կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«Եսթեր անձնուրացօրէն գործեց Եհովային եւ Անոր ժողովուրդին համար» (10 վրկ.)
Եսթ. 8։3, 4։ Ապահով ըլլալով հանդերձ, Եսթեր իր կեանքը վտանգեց ուրիշներու համար (Ընդօրինակենք էջ 142-143 պարբ. 24-25)
Եսթ. 8։5։ Եսթեր թագաւորին հետ նրբանկատօրէն վարուեցաւ (դ06 3/1 էջ 31 պարբ. 8)
Եսթ. 8։17։ Բազմաթիւ մարդիկ հրեայ նորադարձներ եղան (դ06 3/1 էջ 31 պարբ. 3)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Եսթ. 8։1, 2։ Յակոբ մահուան անկողինին մէջ մարգարէացած էր թէ Բենիամինը ‘գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ’։ Այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ (Ընդօրինակենք էջ 142–ի շրջանակը)։
Եսթ. 9։10, 15, 16։ Թէեւ հրովարտակը հրեաներուն արտօնութիւն տուաւ որ աւար առնեն, սակայն անոնք ինչո՞ւ աւարին ձեռք չերկարեցին (դ06 3/1 էջ 31 պարբ. 4)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Եսթ. 8։1-9 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Այս ամսուան ներկայացումները պատրաստէ (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Դիտել տուր բոլոր ներկայացումի նմոյշներուն տեսաերիզները, եւ ապա ուշագրաւ մասերը քննարկէ։ Անկէ ետք, քննարկէ «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Պարբերաթերթի անձնական ներկայացում պատրաստել» յօդուածը։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
«Մեր հիւրերուն բարի գալուստ մաղթենք» (15 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Հրատարակիչները թող պատմեն թէ ի՛նչ փորձառութիւններ ունեցան, երբ անցեալին նախաքայլը առին բարի գալուստ մաղթելու Յիշատակատօնին ներկայ գտնուող հիւրերուն։ Խաղարկէ աչքառու փորձառութիւն մը։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Ընդօրինակենք գլ. 10 պարբ. 12-21 եւ գլուխի վերաքաղի հարցումները։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 147 եւ աղօթք