ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ծնողներ, ձեր զաւակներուն Եհովային չափանիշները սորվեցուցէք
Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար (Եսա. 5։20)։ Ցաւօք սրտի, կարգ մը մարդիկ Եհովային ատած բաները կ’ընեն, ինչպէս՝ նոյն սեռի պատկանող անհատներու միջեւ անպատշաճ վարք։ Դպրոցը, մեր սիրելի պատանիները կրնան ճնշումի տակ ըլլալ, որ իրենց դասընկերներուն կամ ուրիշներուն հետեւին։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնաս քու զաւակներդ պատրաստել, որ այսպիսի փորձութիւններու տեղի չտան։
Զաւակներուդ սորվեցուր Եհովային չափանիշները (Ղեւ. 18։3)։ Անոնց տարիքին համեմատ քիչ–քիչ սորվեցուր ինչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ սեռային պատշաճ յարաբերութիւններու մասին (Բ. Օր. 6։7)։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Զաւակներուս սորվեցուցա՞ծ եմ, թէ ինչպէ՛ս կրնան պատշաճ կերպով իրենց սէրն ու գուրգուրանքը արտայայտել ուրիշներու հանդէպ։ Սորվեցուցա՞ծ եմ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ պատշաճ հագուստներ հագնին եւ ինչո՛ւ ուրիշները իրենց սահմանը պէտք չէ անցընեն իրենց հետ։ Զաւակներս գիտե՞ն թէ ինչ պէտք է ընեն, եթէ մէկը փորձէ իրենց պոռնկագրութիւն ցուցնել, կամ ուզէ որ ընեն բան մը, որ Եհովային աչքին սխալ է’։ Սկիզբէն գիտնալը զաւակներուն կ’օգնէ, որ խնդիրներու մէջ չիյնան (Առ. 27։12. Ժող. 7։12)։ Զաւակներուդ այսպիսի բաներ սորվեցնելով կը ցուցնես, թէ կը սիրես այն արժէքաւոր ժառանգութիւնը, որ Եհովան քեզի տուած է (Սաղ. 127։3)։
ԴԻՏԷ ՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄ ՈՒՆԵՑՈՂ ՏՈՒՆ ՄԸ ՇԻՆԵՑԷՔ. ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ‘ՉԱՐԷՆ’ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Կարգ մը ծնողներ ինչո՞ւ կը քաշուին սեռային յարաբերութիւններու մասին սորվեցնելու իրենց զաւակներուն։
-
Ծնողները ինչո՞ւ պէտք է «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» մարզեն իրենց զաւակները (Եփ. 6։4)։
-
Եհովային կազմակերպութիւնը ի՞նչ հայթայթած է, որպէսզի ծնողներուն օգնէ, որ սեռային յարաբերութիւններու մասին սորվեցնեն իրենց զաւակներուն (դ19.05 12, շրջանակ)։
-
Ինչո՞ւ պէտք է միշտ հաղորդակցիս զաւակներուդ հետ, առաջ որ լուրջ խնդիրներ ունենան։