ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Եհովային ժողովուրդին շահին համար ծանր աշխատող հովիւներ
Շատեր չեն վստահիր հեղինակութիւն ունեցող անհատներու։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ պատմութեան ընթացքին մարդիկ իրենց իշխանութիւնը սխալ կերպով գործածած են եւ իրենց անձնական շահերը փնտռած են (Միք. 7։3)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ ժողովքի երէցները մարզուած են իրենց հեղինակութիւնը գործածելու Եհովային ժողովուրդին օգուտին համար (Եսթ. 10։3. Մատ. 20։25, 26)։
Երէցները չեն նմանիր աշխարհի մէջ հեղինակութիւն ունեցողներուն։ Անոնք Եհովային եւ իր ժողովուրդին հանդէպ սէրէ մղուած կը ծառայեն որպէս տեսուչ (Յովհ. 21։16. Ա. Պետ. 5։1-3)։ Այս հովիւները հրատարակիչներուն կ’օգնեն, որ Եհովային մօտիկ մնան եւ զգան թէ իր ընտանիքին մէկ մասն են։ Անոնք պատրաստ են Եհովային ոչխարները քաջալերելու ինչպէս նաեւ անոնց օգնելու, երբ բժշկական անակնկալ խնդիր մը ծագի կամ երբ աղէտ մը պատահի։ Եթէ օգնութեան պէտք ունիս, ազատ զգայ ժողովքիդ երէցներէն մէկու մը հետ խօսելու (Յակ. 5։14)։
ԴԻՏԷ ՀՕՏԻՆ ՀՈԳ ՏԱՆՈՂ ՀՈՎԻՒՆԵՐ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
-
Մարիանան ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ երէցներէն։
-
Իլիէժը ի՞նչ օգնութիւն ստացաւ երէցներէն։
-
Այս վիտէոն դիտելէ ետք, ի՞նչ աչքով կը նայիս երէցներուն ջանքերուն։