Եսթեր Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանեց
Եսթեր բացառիկ հաւատք եւ քաջութիւն ցոյց տուաւ երբ Աստուծոյ ժողովուրդը կը պաշտպանէր
-
Առանց կանչուելու թագաւորին առջեւ յայտնուիլը մահ կը նշանակէր։ 30 օրէ ի վեր թագաւորը Եսթերը իր քով չէր կանչած։
-
Ասուերոս թագաւորը, որուն մասին կ’ըսուի թէ Քսերքսես Ա.–ն էր, վայրագ բնաւորութիւն ունէր։ Անգամ մը ան հրամայեց որ տղու մը մարմինը կէսի բաժնուի եւ մարմինը ցուցադրուի իբրեւ նախազգուշացում։ Ան նաեւ Վաշթի թագուհին գահընկէց ըրաւ երբ իրեն անհնազանդ գտնուեցաւ։
-
Եսթեր պէտք էր յայտնէր թէ հրեայ էր եւ թագաւորը համոզէր թէ անոր վստահելի խրատատուն զինք խաբած էր։