Փետրուար 20-26
ԵՍԱՅԻ 58-62
Երգ 142 եւ աղօթք
Բացման խօսքեր (3 վրկ. կամ նուազ)
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ
«‘Տէրոջը ընդունելի տարին’ յայտարարել» (10 վրկ.)
Եսա. 61։1, 2։ Յիսուս օծուեցաւ «Տէրոջը ընդունելի տարին» յայտարարելու (ip-2 էջ 322 պարբ. 4)
Եսա. 61։3, 4։ Եհովան «արդարութեան բեւեկնիներ» կը հայթայթէ, որ իր գործին թիկունք կանգնին (ip-2 էջ 326-327 պարբ. 13-15)
Եսա. 61։5, 6։ «Օտարներ»ը «Տէրոջ քահանաներ»ուն հետ կը համագործակցին քարոզչութեան ամէնէն մեծ արշաւին մէջ (դ12 12/1 էջ 28 պարբ. 5-6)
Հոգեւոր գոհարներ փնտռել (8 վրկ.)
Եսա. 60։17։ Ի՞նչ կարգ մը կերպերով Եհովան իր խոստումը պահած է վերջին օրերուն ընթացքին (դ15 7/15 էջ 9-10 պարբ. 14-17)։
Եսա. 61։8, 9։ Ի՞նչ է «յաւիտենական ուխտ»ը եւ որո՞նք են «սերունդը» (դ07 2/1 էջ 17 պարբ. 5)։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը ինծի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ո՞ր կէտերը կրնամ գործածել դաշտի ծառայութեան մէջ։
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն։ Եսայի 62։1-12 (4 վրկ. կամ նուազ)
ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ
Առաջին հանդիպում (2 վրկ. կամ նուազ)։ Գոհացուցիչ կեանք։
Վերայցելութիւն (4 վրկ. կամ նուազ)։ Գոհացուցիչ կեանք էջ 9, պարբ. 14։
Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն (6 վրկ. կամ նուազ)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ էջ 16 պարբ. 19։ Եթէ կարելի է, մայր մը թող ուսումնասիրէ իր պզտիկ աղջկան հետ։
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ծառայութեան մէջ տեսաերիզներ գործածէ (6 վրկ.)։ Դասախօսութիւն։ Դիտել տուր Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տեսաերիզը։ Բոլորը քաջալերէ որ զայն մարտին եւ ապրիլին ներկայացուելիք հրատարակութեան հետ գործածեն առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան։
«Մեր հրատարակութիւնները իմաստութեամբ գործածէ» (9 վրկ.)։ Քննարկութիւն։ Դիտել տուր Աստուածաշունչի հրատարակութիւններ բաշխել Քոնկոյի մէջ տեսաերիզը։
Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն (30 վրկ.)։ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ գլ. 8 պարբ. 14-18, եւ «Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը արագացնել» ու «Թագաւորութիւնը որքա՞ն իրական է քեզի համար» շրջանակները։
Վերաքաղ եւ յաջորդ շաբթուան յայտագրին վրայ ակնարկ (3 վրկ.)
Երգ 114 եւ աղօթք