Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ | ԵՍԱՅԻ 58-62

«Տէրոջը ընդունելի տարին» յայտարարել

«Տէրոջը ընդունելի տարին» յայտարարել

«Տէրոջը ընդունելի տարին» բառացի տարի մը չէ

61։1, 2

  • Անիկա ժամանակաշրջան մըն է, որուն ընթացքին Եհովան հեզերուն առիթ կու տայ որ ազատումի իր ծանուցման ընդառաջեն

  • Առաջին դարուն, ընդունելի տարին սկսաւ երբ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսաւ Ք.Ե. 29–ին եւ վերջ գտաւ Եհովային «վրէժխնդրութեան օրը», երբ Երուսաղէմը կործանուեցաւ Ք.Ե. 70–ին

  • Մեր օրերուն, ընդունելի տարին սկսաւ երբ Յիսուս 1914–ին երկինքին մէջ Թագաւոր եղաւ եւ վերջ պիտի գտնէ մեծ նեղութիւնով

Եհովան իր ժողովուրդը կ’օրհնէ «արդարութեան բեւեկնիներ»ով

61։3, 4

  • Աշխարհի ամէնէն երկար ծառերը ընդհանրապէս միասին կ’աճին անտառներուն մէջ, ուր ամէն մէկ ծառ միւսին օգնական կ’ըլլայ

  • Մեծ արմատներ իրարու կը փաթթուին եւ այսպէս ծառերը կը հաստատեն եւ կ’օգնեն որ անոնք փոթորիկներու տոկան

  • Երկար ծառերը պաշտպանողական շուք կու տան նոր տնկուած ծառերուն, եւ ծառերէն թափած տերեւները հողը կը պարարտացնեն

Համաշխարհային քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները կ’օգտուին այն օգնութենէն եւ պաշտպանութենէն, որ «արդարութեան բեւեկնիներ»ը՝ օծեալ մնացորդը, կ’ապահովեն