Ինչպէ՞ս կրնաս չափէ աւելի չմտահոգուիլ
Չափէ աւելի մտահոգուիլը կրնայ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ զգացական առողջութեանդ վնաս հասցնել։ Ատիկա կրնայ նոյնիսկ քեզ մտահոգող խնդիրէն աւելի մեծ խնդիրներու դուռ բանալ։
Մտահոգութիւններդ թեթեւցնելու համար առաջարկներ
Գէշ լուրեր շատ մտիկ մի՛ ըներ։ Պէտք չունիս ցաւալի դէպքի մը մասին մանրամասն տեղեկութիւններ առնելու։ Որքա՛ն շատ դիտես, մտիկ ընես կամ կարդաս գէշ լուրեր, ա՛յնքան աւելի պիտի վախնաս եւ յուսահատիս։
Աստուածաշունչի սկզբունք. «Կոտրած սիրտը ոսկորները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22)։
«Շատ դիւրաւ կրնաս ինթըրնէթի վրայ տեսնել վերջին եւ ցնցիչ դէպքերու մասին լուրեր։ Կրնաս ասոր մոլին դառնալ, ինչ որ գէշ սովորութիւն է։ Մտահոգութիւններս շատ կը թեթեւնան, երբ սկսիմ աւելի քիչ հետեւիլ լուրերուն» (Ճոն)։
Մտածէ՛. Պէտք ունի՞ս միշտ վերջին լուրերը առնելու։
Ռութին մը ունեցիր։ Փորձէ ամէն օր միշտ նո՛յն ժամուն արթննալ, ուտել, առօրեայ գործերդ ընել եւ քնանալ։ Յայտագիր ունենալը քեզի կ’օգնէ, որ կեանքդ բնական կերպով շարունակուի եւ մտահոգութիւններդ թեթեւնան։
Աստուածաշունչի սկզբունք. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն» (Առակաց 21։5)։
«Երբ ՔՈՎԻՏ–19 համավարակը սկսաւ, ռութինէս դուրս ելայ եւ սկսայ երկար ժամեր տրամադրել ժամանցի։ Բայց կ’ուզէի՛ ժամանակս աւելի լաւ կերպով օգտագործել. անոր համար յայտագիր դրի, որ կարենամ ամէն օր ընելիքներս ընել» (Ճազըֆ)։
Մտածէ՛. Ունի՞ս ռութին մը, որ օրուան վերջաւորութեան քեզի կը զգացնէ, որ կրցա՛ր կարգ մը բաներ իրագործել։
Դրական բաներու վրայ կեդրոնացիր։ Եթէ շարունակես մտածել թէ անցեալին ի՛նչ բաներ կրնայիր տարբեր կերպով ընել կամ թէ ապագային ի՛նչ գէշ բաներ կրնայ ըլլալ որ պատահին, դուն քեզ աւելի՛ պիտի մտահոգես։ Ատոր փոխարէն, փորձէ մտածել երկու–երեք բաներու մասին, որոնց համար երախտապարտ ես։
Աստուածաշունչի սկզբունք. «Շնորհակա՛լ եղէք» (Կողոսացիս 3։15, ԱԾ)։
«Աստուածաշունչը կարդալը ինծի կ’օգնէ, որ դրական բաներու վրայ կեդրոնանամ եւ ոչ թէ՝ գէշ լուրերու վրայ։ Ասիկա թերեւս պարզ բան երեւի, բայց շատ կ’օգնէ» (Լիզա)։
Մտածէ՛. Սովորութիւն ունի՞ս կեդրոնանալու ժխտական բաներու վրայ եւ մոռնալու կեանքիդ մէջ տեղի ունեցող լաւ բաները։
Ուրիշներուն մասին մտածէ։ Երբ չափազանց մտահոգուած ըլլաս, դիւրաւ կրնաս մեկուսանալ։ Բայց մեկուսանալու տեղ, փորձէ մտածել թէ ինչպէ՛ս կրնաս օգնել անոնց՝ որոնք դժուարութիւններէ կ’անցնին։
Աստուածաշունչի սկզբունք. «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փիլիպպեցիս 2։4)։
«Ուրիշներուն համար բաներ ընելով կ’ուրախանամ։ Ասանկով, անոնք աւելի լաւ կը զգան եւ նոյն ատեն իմ մտահոգութիւններս կը թեթեւնան։ Ա՛յնքան զբաղած կ’ըլլամ ուրիշներուն օգնելով, որ մտահոգուելու ժամանակ չեմ ունենար» (Մարիա)։
Մտածէ՛. Ճանչուորներէդ ո՞վ ուրիշներէն աւելի օգնութեան պէտք ունի եւ ինչպէ՞ս կրնաս անոր օգնել։
Առողջութեանդ հոգ տար։ Բաւարար մարզանք եւ հանգիստ ըրէ։ Առողջապահական ուտելիքներ կեր։ Առողջութեանդ հոգ տանիլը կ’օգնէ որ լաւատես ըլլաս եւ մտահոգութիւններդ թեթեւնան։
Աստուածաշունչի սկզբունք. ‘Մարմինի մարզանքները օգտակար են’ (Ա. Տիմոթէոս 4։8, ՆԹ)։
«Ես եւ տղաս չենք կրնար շատ դուրսը մարզանքներ ընել. անոր համար, սովորութիւն դարձուցած ենք տունէն ներս մարզանք ընել։ Ասիկա մեզի օգնած է, որ աւելի ուրախ զգանք եւ իրարու հետ ալ աւելի ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ վարուինք» (Քաթրին)։
Մտածէ՛. Արդեօք պէ՞տք է ուտելիքներուդ եւ մարզանքի յայտագրիդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես, որ առողջութիւնդ բարելաւուի։
Այս առաջարկներէն զատ, շատեր օգտակար գտած են իրենց մտահոգութիւնը թեթեւցնել՝ սերտելով աւելի լաւ ապագայի մը մասին Աստուածաշունչի վստահելի խոստումները։ Տե՛ս «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ» յօդուածը։