Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աշխարհին վերջը մօ՞տ է։ Ի՞նչ է Աբոքալիբսը

Աշխարհին վերջը մօ՞տ է։ Ի՞նչ է Աբոքալիբսը

 Երբ «Աբոքալիբս» բառը լսես, միտքդ ի՞նչ կու գայ։ Թերեւս մտածես համաշխարհային աղէտի մը մասին, որ Երկրի վրայ ամէն տեսակ կեանքի վերջ պիտի դնէ։ Կարգ մը մարդիկ կը հաւատան, որ աշխարհը այս ուղղութեամբ կ’երթայ,– մա՛նաւանդ երբ այսպիսի լուրեր կարդան.

  •   «Շատ հաւանական է որ հիւլէական պատերազմ ըլլայ։ Ատիկա կրնայ սկսիլ դիտմամբ, պատահմամբ կամ սխալ հասկացողութեան մը պատճառով» (Bulletin of the Atomic Scientists

  •   «Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, աշխարհի չորս կողմը տեղի կ’ունենան բնականէն աւելի փոթորիկներ, անտառային հրդեհներ, երաշտներ, բուստերու ճերմկուց (coral bleaching), տաքի ալիքներ եւ հեղեղներ» (National Geographic

  •   «Ափրիկէի մէջ, որեւէ ժամանակէ աւելի, մարախներու երամներու մեծ եւ քանդիչ յարձակում կը տեսնենք» (The Associated Press

 Աշխարհը համաշխարհային Աբոքալիբսո՞վ պիտի կործանի։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։

Երկիր մոլորակը պիտի կործանուի՞

 Ո՛չ։ Աստուծոյ Խօսքը, Աստուածաշունչը, մեզի կը վստահեցնէ որ Երկիր մոլորակը յաւիտեա՛ն գոյութիւն պիտի ունենայ (Ժողովող 1։4)։ Իր ստեղծած Երկիրը կործանելու տեղ, Աստուած ‘կորուստի պիտի մատնէ անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն’ (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ

Աշխարհը վերջ պիտի գտնէ՞

 Երբ Աստուածաշունչը կը խօսի «աշխարհի» վերջին մասին, անիկա ըսել կ’ուզէ վերջը այն մարդոց, որոնք Աստուծոյ ուղղութիւնը կ’անտեսեն եւ անձնասէր փափաքներուն ետեւէ են։ Ինչպէս Նոյին օրերուն, նոյնպէս այս անգամ, Աստուած «ամբարիշտներուն աշխարհին» վերջ պիտի դնէ (Բ. Պետրոս 2։5. 3։7

 Ա. Յովհաննէս 2։17–ն կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ Այս համարը ցոյց կու տայ, որ Աստուած պիտի կործանէ ո՛չ թէ Երկիր մոլորակը, հապա անոնք՝ որոնք կը շարունակեն սխալ բաներ ընել։

Վերջը ե՞րբ պիտի գայ

 Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ վերջը ճիշդ ե՛րբ պիտի գայ (Մատթէոս 24։36)։ Բայց կ’ըսէ որ անիկա շատ մօտ է։ Աստուածաշունչը կը մարգարէանայ, որ

 Շատեր կը համաձայնին, թէ 1914–էն ի վեր աշխարհի վրայ տիրող պայմանները կը համապատասխանեն Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն եւ թէ վերջը մօտ է։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ 1914 թուականին մասին» յօդուածը (արաբ.) եւ «‘Վերջին օրեր’ուն կամ ‘վերջի ժամանակին’ նշանը ի՞նչ է» յօդուածը։

Աստուածաշունչին մէջ, ի՞նչ կը նշանակէ «Աբոքալիբս» բառը

 «Աբոքալիբս» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «բացայայտել» կամ «յայտնաբերել»։ Շատ անգամ, ատիկա կը գործածուի գաղտնի տեղեկութիւն բացայայտելու իմաստով։ Աստուածաշունչը կը խօսի նաեւ ‘Տէր Յիսուսին յայտնուելուն [կամ Աբոքալիբսին]’ մասին, որ տեղի կ’ունենայ երբ Յիսուս իր զօրութեամբ կը յայտնուի, չարութիւնը երկրէն վերցնելու եւ աստուածապաշտ մարդիկը վարձատրելու համար (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6, 7. Ա. Պետրոս 1։7, 13

 Աստուածաշունչին վերջին գիրքը կը կոչուի Ա·բո·քալի·բսիս կամ Յայտնութիւն, քանի որ ատիկա կը յայտնէ ապագայ դէպքեր (Յայտնութիւն 1։1)։ Այդ գիրքին մէջ կայ յոյսով լեցուն բարի լուր (Յայտնութիւն 1։3)։ Ատիկա ցոյց կու տայ, որ Աստուած ամէն տեսակ անարդարութիւններուն վերջ պիտի դնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ։ Այդ ատեն, այլեւս ո՛չ ցաւ, ո՛չ չարչարանք, ոչ ալ մահ պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 21։3, 4

 Աստուածաշունչի այս հիանալի խոստումներուն մասին աւելին կ’ուզե՞ս գիտնալ։ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչի ձրի սերտողութիւն կ’առաջարկեն մարդոց եւ դուն կրնաս անկէ օգտուիլ։ Ի՞նչ կ’ըսես, եթէ առաջին առիթով անոնց հետ կապ պահես։