ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Դպրոցներու մէջ կրակոցներ. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
24 Մայիս 2022–ին, շատ ցաւալի դէպք մը պատահեցաւ Յուվալտի անունով պզտիկ քաղաքին մէջ, Թեքսաս (ԱՄՆ)։ Ըստ օրաթերթի մը, «զինեալ մը սպաննեց 19 պզտիկներ եւ երկու ուսուցչուհիներ... Ռապ նախակրթարանին մէջ» (The New York Times)։
Ցաւալին այն է որ այս տեսակ գէշ դէպքեր շա՜տ սովորական դարձած են։ Օրաթերթի մը մէջ անցած էր, որ միայն Միացեալ Նահանգներուն մէջ, «անցեալ տարի, 249 կրակոց տեղի ունեցած էր դպրոցներու մէջ,– ինչ որ շա՜տ աւելի է, քան՝ որեւէ տարի, առնուազն 1970–էն ի վեր» (USA Today)։
Ինչո՞ւ այս գէշ դէպքերը տեղի կ’ունենան։ Ինչպէ՞ս կրնանք այս ցաւալի դէպքերուն հետ գլուխ ելլել։ Յոյս մը կա՞յ, որ օր մը օրանց վայրագութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ Աստուածաշունչը պատասխանները կու տայ։
Ինչո՞ւ աշխարհը երթալով աւելի՛ վայրագ կը դառնայ
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ մեր ժամանակը որպէս «վերջին օրեր», որուն ընթացքին շատեր պիտի ըլլային «անգութ»,– այսինքն՝ անսիրտ կամ անխիղճ,– եւ «դաժանաբարոյ», այսինքն՝ վայրենի, որոնք վայրագ ու գազանային բաներ պիտի ընէին։ Այս տեսակ յատկութիւններ ունեցող մարդիկ ‘չարութեան մէջ պիտի յառաջանային’ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5, 13)։ Այս նիւթին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ «Աստուածաշունչը մարգարէացա՞ծ էր որ մեր օրերուն մարդիկ ինչպիսի՛ անհատներ պիտի ըլլային» յօդուածը (արաբ.)։
Շատեր հարց կու տան. ‘Աստուած ինչո՞ւ բան մը չ’ըներ որ այս գէշ դէպքերը, օրինակի համար դպրոցներու մէջ կրակոցները, չձգէ պատահին’։ Աստուածաշունչին պատասխանը գտնելու համար, կարդա՛ «Ինչո՞ւ բարի մարդոց գէշ բաներ կը պատահին» յօդուածը։
Ինչպէ՞ս կրնանք այս ցաւալի դէպքերուն հետ գլուխ ելլել
«Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ... գրքերուն մխիթարութիւնով մենք յոյս ունենանք» (Հռովմայեցիս 15։4)։
Աստուածաշունչին սորվեցուցածները կրնան քեզի օգնել, որ այս վայրագ աշխարհին հետ գլուխ ելլես։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, կարդա՛ Դիտարան–ի «Վախը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ» յօդուածը։
Ծնողնե՛ր, կրնաք կարդալ «Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակդ պաշտպանել նեղացուցիչ լուրերէ» յօդուածը (արաբ.), որ նկատի առնէք կարգ մը առաջարկներ ձեր զաւակներուն օգնելու, որ վախնալիք լուրերու հետ գլուխ ելլեն։
Օր մը օրանց վայրագութիւնը վերջ պիտի գտնէ՞
«Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (Սաղմոս 72։14)։
«Անոնք իրենց սուրերը՝ խոփեր, իրենց նիզակները յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Միքիա 4։3)։
Աստուած պիտի ընէ ա՛յն ինչ որ մարդիկ կարող չեն ընել։ Երկինքի մէջ գտնուող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ կառավարութիւն մըն է, բոլոր զէնքերը պիտի քանդէ եւ ամէն տեսակ վայրագութեան վերջ դնէ։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ, կարդա՛ «Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ‘շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’» յօդուածը։