ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Երկիր մոլորակին կլիման տակնուվրայ վիճակի մէջ է. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
«Մօտ օրէն, մեր կլիման նեղ եւ շատ դժուար կացութեան առջեւ պիտի ըլլայ։ Գլխաւոր քաղաքներ ջուրերու տակ պիտի մնան։ Ծայր աստիճան տաքի ալիքներ պիտի ըլլան։ Վախնալիք փոթորիկներ պիտի տեսնենք։ Շատ մը վայրերու մէջ ջուրի պակաս պիտի ըլլայ։ Մէկ միլիոն բոյսերու եւ անասուններու տեսակներ պիտի անհետանան։ Ասիկա երեւակայական պատմութիւն չէ, ոչ ալ չափազանցութիւն է։ Գիտութի՛ւնը մեզի կը տեղեկացնէ որ այս բոլորը պիտի պատահին, եթէ այսօր կառավարութիւնները չփոխեն ուժանիւթ գործածելու իրենց քաղաքականութիւնները» (ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի խօսքը՝ Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով միջկառավարական յանձնախումբին տուած 4 ապրիլ 2022–ի տեղեկագրութեան նկատմամբ)։
«Գիտնականները կը զգուշացնեն, թէ եկող տարիներուն վտանգ կայ որ կլիմայի փոփոխութիւնը վնաս հասցնէ գրեթէ բոլոր 423 ազգային զբօսայգիներուն [Միացեալ Նահանգներու մէջ], մանաւանդ քանի որ չափազանց տաք օդը կրնայ ատոնց վրայ գէշ ազդեցութիւն ունենալ։ Գէշ բաները որոնք կրնան պատահիլ, կարելի է նմանցնել այն աղէտներուն, որոնց մասին կը կարդանք Աստուածաշունչին մէջ. կրակ եւ ջրհեղեղ, սառոյցներու հալում, ծովի մակարդակի բարձրացում եւ տաքի ալիքներ» («Flooding Chaos in Yellowstone, a Sign of Crises to Come,» The New York Times, 15 յունիս 2022)։
Արդեօք կենսոլորտային խնդիրները կրնա՞ն լուծուիլ։ Եթէ այո՛, ո՞վ պիտի լուծէ այդ խնդիրները։ Տես թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ասոր մասին։
Աստուածաշունչը մարգարէացած էր կենսոլորտային խնդիրներու մասին
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած ‘կորուստի պիտի մատնէ անոնք՝ որոնք երկիրը կ’ապականեն’ (Յայտնութիւն 11։18, ՆԹ)։ Աստուածաշունչի այս համարը 3 բաներ կը սորվեցնէ.
1. Մարդոց ըրածները շա՛տ վնաս պիտի հասցնեն Երկիր մոլորակին։
2. Երկիր մոլորակը ապականելը կամ ատոր վնաս հասցնելը վերջ պիտի գտնէ։
3. Աստուած,– եւ ոչ թէ մարդիկ,– Երկիր մոլորակին կենսոլորտային խնդիրները պիտի լուծէ։
Մեր մոլորակին ապագան ապահով է
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «երկիրը միշտ կը կենայ» (Ժողովող 1։4)։ Այսինքն, ատոր վրայ միշտ մարդիկ պիտի ապրին։
«Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։
Մեր մոլորակը լման մաքուր եւ առողջ կլիմայ պիտի ունենայ։
«Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1)։