Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Halfpoint Images/Moment via Getty Images

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ

Առողջապահական հարցերով զբաղող բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կը զգուշացնէ որ ընկերային ցանցերը պզտիկներուն վրայ գէշ ազդեցութիւն կ’ունենան. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Առողջապահական հարցերով զբաղող բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը կը զգուշացնէ որ ընկերային ցանցերը պզտիկներուն վրայ գէշ ազդեցութիւն կ’ունենան. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

 23 մայիս 2023–ին, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, առողջապահական հարցերով զբաղող բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը զգուշացուց, որ ընկերային ցանցերը (social media) շատ մը պզտիկներու վրայ գէշ ազդեցութիւն կ’ունենան։

  •   «Ճիշդ է որ ընկերային ցանցերը կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ պզտիկներուն եւ թէ մեծերուն, բայց բաւարար փաստեր կան որ անոնք նաեւ կրնան վնաս տալ թէ՛ պզտիկներու եւ թէ մեծերու մտային եւ ընդհանուր առողջութեան» (Social Media and Youth Mental Health: The U.S. Surgeon General’s Advisory, 2023)։

 Այս տեղեկութեան աղբիւրը կը մէջբերէ ուսումնասիրութիւններէ, որոնք կը բացատրեն թէ ի՛նչ պատճառներ ունինք մտահոգուելու։

  •   12-15 տարեկան եղողները, «որոնք օրական աւելի քան 3 ժամ անցուցին ընկերային ցանցերուն վրայ, շատ աւելի հաւանական է որ մտային խնդիրներ ունենան, ինչպէս՝ ընկճուածութիւն եւ մտահոգութիւն»։

  •   Երբ 14 տարեկան պատանիներ «ընկերային ցանցերը աւելի գործածեցին, անոնք շատ անգամ քունի խնդիրներ ունեցան, ինթըրնէթի վրայ անոնց նեղութիւն տուողներ եղան, իրենց տեսքին նկատմամբ գէշ զգացին, ինչպէս նաեւ զգացին որ անարժէք եւ ընկճուած են։ Եւ ասիկա աւելի կը պատահի աղջիկներուն, քան՝ տղոց»։

 Ծնողները ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել այս վտանգներէն։ Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ։

Ծնողները ի՞նչ կրնան ընել

 Հետաքրքրուէ։ Որպէս ծնող, ընկերային ցանցերու վտանգները գիտցիր եւ որոշէ եթէ կ’ուզես զաւակդ ատոնք գործածէ կամ ոչ։

 Եթէ կ’արտօնես որ զաւակդ ընկերային ցանցերը գործածէ, արթուն եղիր թէ ատոր վտանգները ի՛նչ են եւ տես թէ զաւակդ ինթըրնէթի վրայ ի՛նչ բաներով կը զբաղի։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

 Զաւակդ պաշտպանէ վտանգաւոր տեղեկութիւններէ։ Մարզէ զաւակդ որ վտանգաւոր տեղեկութիւնները զանազանէ եւ ատոնցմէ հեռու կենայ։

 Օրէնքներ դիր։ Օրինակ, օրէնքներ դիր թէ զաւակդ ե՛րբ եւ որքա՛ն ժամանակ կրնայ ընկերային ցանցերը գործածել։

  •   Աստուածաշունչի սկզբունք. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք... իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք» (Եփեսացիս 5։15, 16

  •   Գործածէ Ընկերային ցանցերը իմաստութեամբ գործածէ գծագրութիւններով վիտէօն՝ զաւակիդ օգնելու որ հասկնայ, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է ընկերային ցանցերը գործածելու շուրջ օրէնքներ դնել։