ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Կառավարութիւնները պիտի միանա՞ն որ Երկիր մոլորակը ազատեն կլիմայական լուրջ աղէտէ. Աստուածաշունչ ի՞նչ կ’ըսէ
Կիրակի, 20 նոյեմբեր 2022–ին, ՄԱԿ–ի կլիմայի փոփոխութեան խորհրդաժողովը (COP27) վերջ գտաւ։ Այս խորհրդաժողովին ներկայ գտնուող կառավարիչներ եւ մասնագէտներ համաձայնեցան դրամ տալ աղքատ երկիրներու, որ անոնց օգնեն որ կլիմայի փոփոխութեան պատճառած խնդիրներուն հետ գլուխ ելլեն։ Բայց շատեր կը գիտակցին որ ասիկա կլիմայի փոփոխութեան խնդիրը պիտի չլուծէ։
«Ես ուրախ եմ, որ որոշեցինք դրամական գետնի վրայ օգնել անոնց՝ որոնք կլիմայի փոփոխութենէն գէշ կերպով կ’ազդուին», ըսաւ ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղարը՝ Անթոնիօ Կութիերես՝ 19 նոյեմբեր 2022–ին։ «Բայց մենք գիտենք որ ասիկա բաւարար պիտի չըլլայ։ ...Մեր մոլորակը դեռ լուրջ եւ վտանգաւոր վիճակ ունի»։
«Աշխարհը կլիմայական աղէտի մը առջեւ կը գտնուի, որ շատ գէշ կերպով պիտի ազդէ բոլորին» (Մերի Ռոպինսըն, Իրլանտայի նախկին նախագահ եւ ՄԱԿ–ի մարդու իրաւունքներու հարցերով նախկին գերագոյն յանձնակատար, 20 նոյեմբեր 2022)։
Մասնաւորաբար երիտասարդները մտահոգ են մեր մոլորակին ապագայով։ Բայց արդեօք կառավարութիւնները կրնա՞ն միասնաբար աշխատիլ եւ կլիմայի փոփոխութեան խնդրին նկատմամբ իրենց խոստումը պահել։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Արդեօք ազգերը պիտի միանա՞ն եւ լուծում մը գտնեն
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները ձեւով մը կարենան կլիմայի փոփոխութեան խնդրին լուծում մը գտնել, անոնք պիտի չկրնան այդ խնդիրը արմատէն լուծել։ Նկատի առ երկու պատճառներ.
«Այն որ ծուռ է, չի կրնար շտկուիլ» (Ժողովող 1։15)։
Իմաստ։ Կառավարութիւնները սահմանափակ կարողութիւն ունին, քանի որ մարդ արարածը չէ ստեղծուած որ ինքն իրեն կառավարէ (Երեմիա 10։23)։ Նոյնիսկ եթէ ազգերը միանան եւ շա՛տ ջանքեր թափեն, չեն կրնար աշխարհի խնդիրները լուծել։
«Մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, … անհաշտ» (Բ. Տիմոթէոս 3։2, 3)։
Իմաստ։ Աստուածաշունչը ըսած էր, որ մեր օրերուն մարդիկ անձնասէր պիտի ըլլան եւ պիտի չուզեն միասնաբար աշխատիլ՝ ուրիշներուն օգտին համար։
Յոյս ունենալու պատճառ մը ունինք
Մեր մոլորակին ապագան կախեալ չէ մարդկային կառավարութիւններուն տուած խոստումներէն։ Աստուած նշանակած է աշխարհի կառավարիչ մը, որ իշխելու որակումներ ունի. Յիսուս Քրիստոս։ Աստուածաշունչը անոր մասին կ’ըսէ.
«Իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան» (Եսայի 9։6)։
Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան կամ երկնային կառավարութեան Թագաւորն է (Մատթէոս 6։10)։ Եւ ան զօրութիւն, իմաստութիւն եւ փափաք ունի՝ հոգ տանելու մեր մոլորակին եւ անոր բնակիչներուն (Սաղմոս 72։12, 16)։ Յիսուսի առաջնորդութեամբ, այս երկնային կառավարութիւնը ‘երկիրը ապականողներուն’ վերջ պիտի դնէ եւ մեր մոլորակին կլիման պիտի նորոգէ (Յայտնութիւն 11։18. Եսայի 35։1, 7)։
Կլիմայի փոփոխութեան խնդրին վերջնական լուծումին մասին աւելին գիտնալու համար, կարդա՛ «Կլիմայի փոփոխութիւնը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր ապագային. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ» յօդուածը։