ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԷՔ
Կռիւները ե՞րբ պիտի վերջանան. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
«Հիմա՛ է ժամանակը որ այս վիճակը հանդարտեցնենք եւ նուազ վտանգաւոր դարձնենք։ Հիմա՛ է ժամանակը որ ինքնազսպում ցուցնենք», ըսաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար՝ Անթոնիօ Կութիերեսը, Իսրայէլի վրայ Իրանի յարձակումին նկատմամբ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 ապրիլ 2024–ին։
Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող կռիւը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող կռիւներէն միայն մէկն է։
«Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր, ասիկա առաջին անգամն է որ աշխարհի մէջ ա՛յսքան շատ վայրագ կռիւներ տեղի կ’ունենան։ Այս կռիւները 2 միլիառ մարդոց կ’ազդեն, այսինքն՝ աշխարհի բնակչութեան քառորդին» (ՄԱԿ–ի Ապահովութեան խորհուրդ, 26 յունուար 2023)։
Ասոնք այն շրջաններէն ոմանք են, ուր վայրագ կռիւներ տեղի կ’ունենան. Լիբանան, Գազա, Սուրիա, Ազրպէյճան, Ուքրանիա, Սուտան, Եթովպիա, Նիկէր, Միանմար եւ Հայիթի a։
Կռիւները ե՞րբ պիտի վերջանան։ Աշխարհի ղեկավարները կրնա՞ն խաղաղութիւն բերել։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։
Պատերազմի մէջ ընկղմած աշխարհ մը
Ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող այս կռիւները ցոյց կու տան, որ շուտով բոլոր պատերազմները վերջ պիտի գտնեն։ Այս պատերազմները մեր օրերուն մասին գրուած Աստուածաշունչի մարգարէութիւն մը կը կատարեն։ Աստուածաշունչը մեր ապրած ժամանակը կը կոչէ «աշխարհիս վերջ»ը (Մատթէոս 24։3)։
«Պիտի լսէք պատերազմներ ու պատերազմներու լուրեր։ ...Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։6, 7)։
Կարդա՛ «‘Վերջին օրեր’ուն կամ ‘վերջի ժամանակին’ նշանը ի՞նչ է» յօդուածը, տեսնելու համար թէ ներկայ պատերազմները ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կը կատարեն։
Պատերազմ մը՝ որ բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ
Աստուածաշունչը կը մարգարէանայ որ մարդկային բոլոր կռիւները վերջ պիտի գտնեն։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։ Ո՛չ թէ մարդկային ջանքերով, հապա՝ Արմագեդոնին միջոցաւ, որ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ն է (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այս պատերազմէն ետք, Աստուած պիտի կատարէ մարդոց տուած իր խոստումը. այսինքն երկրի վրայ մնայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ (Սաղմոս 37։10, 11, 29)։
Աւելի գիտնալու համար Աստուծոյ այն պատերազմին մասին, որ բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ, կարդա՛ «Արմագեդոն պատերազմը ի՞նչ է» յօդուածը։
a ACLED Conflict Index, “Ranking violent conflict levels across the world,” January 2024