ՅԻՇԱՏԱԿԱՏՕՆԻ ԱՐՇԱՒ
Յիսուս ոճիրներուն վերջ պիտի դնէ
Յիսուս գիտէ ի՛նչ ըսել է ոճիրի եւ անարդարութեան զոհը երթալ։ Ան սուտ ամբաստանութեան զոհը գնաց, անօրէն կերպով ծեծուեցաւ, անարդար դատարանի առջեւ կայնեցաւ, անիրաւութեամբ դատապարտուեցաւ եւ շատ գէշ կերպով սպաննուեցաւ։ Հակառակ անոր որ անմեղ էր, Յիսուս պատրաստ էր եւ յօժար էր «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 15։13)։ Հիմա, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորն է եւ մօտ օրէն երկրի վրայ արդար պայմաններ պիտի բերէ ու մէկ անգամ ընդմիշտ բոլոր ոճիրներուն վերջ պիտի դնէ (Եսայի 42։3)։
Աստուածաշունչը կը նկարագրէ, որ երկրի վրայ ի՛նչ տեսակ պայմաններ պիտի տիրեն, երբ Յիսուս այս քայլը առնէ.
«Ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։10, 11)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, որ շնորհակա՛լ ենք այն բոլոր բաներուն համար, որոնք Յիսուս ըրած է եւ դե՛ռ պիտի ընէ։ Ղուկաս 22։19–ին մէջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ իր մահը յիշեն։ Անոր համար, ամէն տարի, Յիսուսի մահուան օրը, Եհովայի վկաները ասիկա ընելու համար քով–քովի կը հաւաքուին։ Քեզ կը հրաւիրենք որ դուն ալ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին ներկայ ըլլաս՝ կիրակի, 24 մարտ 2024–ին։