Ծառայութիւնդ ցօղին պէ՞ս է
ՄԵՐ ծառայութիւնը կարեւոր եւ արժէքաւոր է։ Բայց ոչ թէ բոլոր անհատները, որոնց կը քարոզենք, կը գնահատեն ասիկա։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ Աստուածաշունչի պատգամով հետաքրքրուին, կրնայ ըլլալ որ ոմանք պէտքը չզգան որ Աստուծոյ Խօսքը սերտեն մեզի հետ։
Կէվըն այսպէս էր։ Ան սկսաւ ժողովներու գալ, բայց չընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։ Ան կ’ըսէ. «Շատ քիչ գաղափար ունէի Աստուածաշունչէն եւ չէի ուզեր մարդիկ ասիկա գիտնան։ Զգոյշ էի որ չխաբուիմ եւ չէի ուզեր բանի մը կապուիլ»։ Ի՞նչ կ’ըսես. . . Կէվընէն յոյս չկա՞ր։ Կա՛ր։ Նկատի առ թէ Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները ի՛նչ լաւ ազդեցութիւն կրնան ունենալ անձի մը վրայ։ Անցեալին, Եհովան իր ժողովուրդին ըսաւ. «Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ» (Բ. Օր. 31։19, 30. 32։2)։ Ցօղին յատկութիւնները գեղեցիկ կերպով կը ցուցնեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ազդուօրէն օգնել ամէն տեսակ մարդոց (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՅ ՑՕՂԻ ՆՄԱՆԻԼ
Ցօղը մեղմ է։ Ցօղը աստիճանաբար կը կազմուի, մինչ օդին խոնաւութիւնը ջուրի կաթիլներու կը վերածուի։ Եհովային խօսքերը ‘ցօղի պէս կ’իջնէին’, քանի որ ազնուութեամբ, մեղմութեամբ եւ նկատառութեամբ կը խօսէր իր ժողովուրդին հետ։ Երբ ուրիշին կարծիքը յարգենք, Աստուած կ’ընդօրինակենք։ Մարդիկը կը քաջալերենք որ իրենք իրենց տրամաբանեն եւ իրենց անձնական որոշումները առնեն։ Երբ այսպէս նկատառու ըլլանք, աւելի հաւանականութիւն կայ որ մարդիկ ընդունին մեր ըսածը եւ մեր ծառայութիւնը աւելի ազդու ըլլայ։
Ցօղը կը թարմացնէ։ Մեր ծառայութիւնը ուրիշները կը թարմացնէ, երբ մտածենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իրենց հետաքրքրութիւնը զարգացնել։ Քրիս անունով եղբայր մը, որ Կէվընին առաջարկեց Աստուածաշունչը սերտել, չստիպեց որ առաջարկը ընդունի։ Փոխարէն, ան փորձեց տարբեր կերպեր գտնել Կէվընին օգնելու, որ աւելի հանգիստ զգայ Աստուածաշունչին մասին խօսակցելու։ Քրիս Կէվընին բացատրեց որ Աստուածաշունչը բնաբան մը ունի եւ եթէ զայն գիտնայ, ժողովները աւելի լաւ պիտի հասկնայ։ Ետքը, Քրիս նշեց որ մարգարէութիւններն էին որ անձնապէս զինք համոզեցին, որ Աստուածաշունչը ճշմարիտ է։ Այս պատճառաւ, անոնք քանի մը խօսակցութիւններ ունեցան, թէ մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարուած են։ Կէվըն թարմացած զգաց այս խօսակցութիւններէն եւ վերջապէս ընդունեց Աստուածաշունչը սերտել։
Ցօղը ապրելու համար կարեւոր է։ Իսրայէլը ունէր եղանակ մը, որ տաք եւ չոր կ’ըլլար եւ ամիսներով չէր անձրեւեր։ Եթէ ցօղին տուած խոնաւութիւնը չըլլար, բոյսերը կը թոռմէին ու կը մեռնէին։ Ներկայիս, հոգեւոր չորութիւն կայ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան մարգարէացած էր (Ամովս 8։11)։ Ան խոստացաւ որ օծեալ քարոզիչները «ցօղի պէս պիտի ըլլա[ն], որ Տէրոջմէ կու գայ», մինչ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հետ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն (Միք. 5։7. Յովհ. 10։16)։ Եհովան կ’ուզէ որ մեր քարոզած պատգամին միջոցաւ կեանք տայ բոլոր անոնց, որ ճշմարտութեան ծարաւ են։ Կ’արժեւորե՞նք այս պատգամը։
Ցօղը՝ օրհնութիւն մըն է Եհովայէն (Բ. Օր. 33։13)։ Ան որ բարի լուրը կ’ընդունի, մեր ծառայութիւնը իրեն օրհնութիւն մը կ’ըլլայ։ Կէվըն այսպիսի օրհնութիւնը մը ստացաւ։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցաւ ան իր բոլոր հարցումներուն պատասխանները առաւ։ Ան արագօրէն յառաջդիմեց ու մկրտուեցաւ, եւ հիմա իր կնոջ՝ Ճոյսին հետ ուրախութեամբ կը քարոզէ Թագաւորութեան բարի լուրը։
ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԴ ԱՐԺԵՒՈՐԷ
Մեր ծառայութիւնը համեմատելով ցօղին հետ, աւելի կը հասկնանք որ ծառայութեան մէջ մեր իւրաքանչիւրին թափած ջանքերը արժէքաւոր են։ Ինչպէ՞ս։ Ջուրի քանի մը կաթիլը շատ բան չ’ըներ, բայց երբ ցօղի միլիոնաւոր կաթիլներ ըլլան, երկիրը կը թրջուի։ Նմանապէս, թերեւս թուի որ ծառայութեան մէջ մեր իւրաքանչիւրին ըրածը շատ քիչ է։ Բայց Եհովայի բոլոր ծառաներուն միացեալ ջանքերուն շնորհիւ, «բոլոր ազգերուն» վկայութիւն կը տրուի (Մատ. 24։14)։ Մեր ծառայութիւնը Եհովայէն օրհնութիւն մը պիտի ըլլա՞յ ուրիշներուն։ Այո՛, եթէ մեր քարոզած պատգամը ցօղի պէս ըլլայ՝ մեղմ, թարմացուցիչ եւ ապրելու համար կարեւոր։