Կը յիշե՞ս
Դիտարան–ի վերջին թիւերը ուշի–ուշով կարդացա՞ծ ես։ Փորձէ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանել.
Մատթէոս 18։15-17–ին մէջ Յիսուս ի՞նչ տեսակ մեղքի շուրջ խրատ կու տար։
Ան կը խօսէր այնպիսի հարցերու շուրջ որ երկու անհատներու միջեւ կրնան լուծուիլ, բայց վտարումի հասցնելու չափ լուրջ են, եթէ չլուծուին։ Օրինակ՝ մեղքը կրնայ ըլլալ զրպարտութիւն կամ խարդախութիւն (դ16.05, էջ 7)։
Ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն աւելի օգտուիս։
Կրնաս հետեւեալները ընել. բաց միտքով կարդա՛, տեսնելով թէ ինչ դասեր կրնաս կիրարկել։ Դուն քեզի այսպիսի հարցումներ հարցուր. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ կարդացածս գործածել ուրիշներուն օգնելու համար’։ Ինչպէս նաեւ մատչելի եղող գործիքները գործածելով պրպտումներ ըրէ կարդացածիդ վրայ (դ16.05, էջ 24-26)։
Քրիստոնեային համար սխա՞լ է սուգ ընելը, հակառակ որ յարութեան կը հաւատայ։
Յարութեան յոյսը քրիստոնեային խոր ցաւը չի տանիր։ Աբրահամ սգաց Սառային վրայ (Ծն. 23։2)։ Ժամանակի ընթացքին, ցաւը պիտի թեթեւնայ (դհ16.3, էջ 4)։
Եզեկիէլ 9–րդ գլուխին մէջ գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը եւ քանդող գործիք ունեցող վեց մարդիկը որո՞նք կը ներկայացնեն։
Անոնք կը ներկայացնեն երկնային ուժեր, որոնք մասնակցեցան Երուսաղէմի կործանման, եւ որոնք Արմագեդոնին կործանում պիտի բերեն։ Արդի կատարումին մէջ, գրագիրի կաղամար ունեցող մարդը կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսը, որ նշան պիտի դնէ անոնց վրայ որ պիտի փրկուին (դ16.06, էջ 16-17)։
Սուրբ Գիրքը ի՞նչ բաներէ վերապրեցաւ։
Ատիկա վերապրեցաւ 1) փտութենէ՝ գրուած ըլլալով պապիրոսի եւ մագաղաթի պէս նիւթերու վրայ, 2) հակառակութենէ՝ քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէ, որոնք փորձեցին զայն կործանել, 3) իր պատգամը փոխելու փորձերէ (դհ16.4, էջ 4-7)։
Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կրնայ իր կեանքը պարզացնել։
Իսկական պէտքերուդ ցանկ մը պատրաստէ եւ աւելորդ ծախսեր մի՛ ըներ։ Տրամաբանական պիւտճէ մը պատրաստէ։ Չգործածած ապրանքներդ ծախէ, մէկու մը տուր կամ թափէ, եւ պարտքերդ գոցէ։ Գործիդ ժամերը քիչցուր եւ ծրագրէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ծառայութիւնդ աւելցնել (դ16.07, էջ 10)։
Սուրբ Գիրքը ինչի՞ն համար կ’ըսէ թէ ոսկիէն կամ արծաթէն աւելի արժէքաւոր է։
Յոբ 28։12, 15–ը կը ցուցնէ թէ աստուածային իմաստութիւնը ոսկիէն կամ արծաթէն աւելի լաւ է։ Մինչ ատոր ետեւէն կ’ըլլաս, ջանա՛ խոնարհ եւ հաւատքով զօրաւոր մնալ (դ16.08, էջ 18-19)։
Յարմա՞ր է որ եղբայրները մօրուք ունենան։
Կարգ մը մշակոյթներու մէջ, կոկիկ մօրուքը ընդունելի է, եւ ատիկա բնա՛ւ արգելք չ’ըլլար որ մարդիկ մտիկ ընեն բարի լուրը։ Հակառակ ասոր, թերեւս կարգ մը եղբայրներ որոշեն մօրուք չձգել (Ա. Կոր. 8։9)։ Իսկ ուրիշ մշակոյթներու կամ շրջաններու մէջ, ընդունելի չէ որ Եհովայի վկաները մօրուք ունենան (դ16.09, էջ 21)։
Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած Դաւիթին ու Գողիաթին պատմութիւնը ճիշդ է։
Գողիաթ միայն շուրջ 20 սանթիմեթր աւելի երկար է, քան մեր օրերուն արձանագրուած ամէնէն երկար մարդը։ Դաւիթ իրական անձ մըն էր։ Ասոր ճիշդ ըլլալը կը փաստուի Յիսուսին ըսածով եւ հին արձանագրութեամբ մը, որ կը նշէ «Դաւիթի տունը» արտայայտութիւնը։ Նշուած աշխարհագրական մանրամասնութիւնները համապատասխան են իրողութիւններուն հետ (դհ16.5, էջ 13)։
Գիտութիւնը, հասկացողութիւնը եւ իմաստութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերին իրարմէ։
Գիտութիւն ունեցողը՝ տեղեկութիւններ կամ իրողութիւններ կը հաւաքէ։ Ան որ հասկացողութիւն ունի, կրնայ տեսնել թէ մէկ իրողութիւնը ինչպէ՛ս կապուած է միւսին։ Բայց ան որ իմաստութիւն ունի, կրնայ գիտութիւնը եւ հասկացողութիւնը միացնել եւ զանոնք գործնական կերպով գործադրել (դ16.10 էջ 18)։