Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած ի՞նչ ըրած է

Աստուած ի՞նչ ըրած է

Եթէ կ’ուզես մէկը լաւ ճանչնալ, լաւ կ’ըլլայ որ գիտնաս թէ անցեալին ի՛նչ բաներ իրագործած է եւ ի՛նչ խնդիրներու հետ գլուխ ելած է։ Նմանապէս, եթէ կ’ուզես Աստուած լաւ ճանչնալ, պէտք է որ գիտնաս թէ ի՛նչ ըրած է։ Եթէ գիտնաս, թերեւս զարմանաս որ իր ըրածներուն մեծ մասէն մենք այսօր կ’օգտուինք եւ ապագային ալ պիտի օգտուինք։

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՄԷՆ ԲԱՆ ՄԵՐ ՕԳՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ՍՏԵՂԾԵՑ

Եհովա Աստուած Մեծ Ստեղծիչն է եւ իր աներեւոյթ յատկութիւնները «աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին» (Հռովմայեցիս 1։20)։ «Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց» (Երեմիա 10։12)։ Ստեղծագործութեան հրաշալիքներն ալ կը յայտնեն, որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած է։

Նկատի առ թէ մարդ արարածը «իր պատկերով» ստեղծելով, Եհովան մեր կեանքը որքա՜ն ճոխացուց (Ծննդոց 1։27)։ Ան կարելի դարձուց որ որոշ չափով իր անբաղդատելի յատկութիւնները դրսեւորենք։ Մեզի տուաւ կարողութիւն, որ ըմբռնենք հոգեւոր բաները, այսինքն՝ իր տեսակէտները եւ արժանիքները։ Երբ ատոնց համաձայն ապրինք, աւելի ուրախ կ’ըլլանք եւ մեր կեանքը աւելի իմաստ կ’ունենայ։ Եւ Եհովան դեռ ասկէ աւելին ըրաւ. մեզի առիթ տուաւ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք։

Երկիրը կը վկայ, թէ Աստուած մեզ շա՜տ կը սիրէ։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ, որ Աստուած «ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով» (Գործք 14։16)։ Աստուած ոչ միայն գոյատեւելու համար անհրաժեշտ բաները տուաւ մեզի, հապա՝ ատկէ աւելին։ Ան առատապէս մեզի տուաւ տեսակաւո՜ր բաներ, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնենք։ Բայց դեռ շա՜տ բաներ կան, որոնք Աստուած մեզի համար ի մտի ունէր։

Եհովան երկիրը ստեղծեց, որպէսզի մարդիկ յաւիտեան անոր վրայ ապրին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ» եւ «զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Սաղմոս 115։16. Եսայի 45։18)։ Որո՞նք պիտի բնակէին երկիրը եւ որքա՞ն ժամանակ։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29

Որովհետեւ Եհովան այս նպատակը ունէր, ան առաջին մարդն ու կինը՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց եւ դրաւ երկրային դրախտի մէջ, որպէսզի ‘զանիկա մշակեն ու պահեն’ (Ծննդոց 2։8, 15)։ Աստուած իրենց տուաւ նշանակում մը. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28)։ Ուրեմն, Ադամն ու Եւան երկրի վրայ անվերջ կեանք մը ապրելու յոյսը ունէին։ Ցաւօք սրտի, անոնք որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ եւ այդ պատճառով չեղան այն «արդարներ»էն, որոնք «պիտի ժառանգեն երկիրը»։ Սակայն, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, իրենց ըրածները պատճառ չդարձան, որ Եհովան մեզի կամ երկրին նկատմամբ իր նպատակը փոխէ։ Բայց նա՛խ նկատի առնենք, որ Աստուած ուրիշ ի՛նչ ըրաւ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՄԵԶԻ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ԳՐԱՒՈՐ ԽՕՍՔԸ

Աստուածաշունչը կամ Սուրբ Գիրքը նաեւ ճանչցուած է որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Եհովան Սուրբ Գիրքը մեզի տուաւ, գլխաւորաբար որ իր մասին սորվինք (Առակաց 2։1-5)։ Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ մասին մեր ունեցած ամէն մէկ հարցումին չի պատասխաներ,– իրականութեան մէջ, ո՛չ մէկ գիրք կրնայ (Ժողովող 3։11)։ Բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ որ Սուրբ Գիրքը կը բովանդակէ, մեզի կ’օգնէ որ Աստուած ճանչնանք։ Կ’ըմբռնենք թէ ինչպիսի Անձ մըն է, տեսնելով մարդոց հետ իր վարուելու կերպը։ Կը նկատենք թէ ի՛նչ տեսակ մարդիկ կը սիրէ եւ ի՛նչ տեսակ մարդիկ չի սիրեր (Սաղմոս 15։1-5)։ Կը գիտնանք թէ պաշտամունքի, բարոյականութեան եւ նիւթական բաներու մասին իր տեսակէտը ի՛նչ է։ Եւ Սուրբ Գիրքը Եհովային անձնաւորութիւնը վառ կերպով կը նկարագրէ, իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին խօսքերուն ու գործերուն միջոցաւ (Յովհաննէս 14։9

Եհովան Սուրբ Գիրքը նաեւ տուաւ, որ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր կեանքին մէջ ուրախ ըլլալ եւ նպատակ ունենալ։ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ ան մեզի կ’ըսէ թէ մեր ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ ուրախ ըլլալ, ինչպէ՛ս կրնանք մեր ունեցածով գոհանալ եւ ինչպէ՛ս կրնանք մեր հոգերուն հետ գլուխ ելլել։ Եւ ինչպէս որ ետքը պիտի բացատրենք, Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ կեանքի ամէնէն կարեւոր հարցումներուն. օրինակ՝ մարդիկ ինչո՞ւ այսքան կը չարչարուին, ապագան մեզի ի՞նչ վերապահած է։ Անիկա նաեւ կը նշէ թէ Աստուած ի՛նչ ըրած է, որպէսզի իր սկզբնական նպատակը անպայման կատարուի։

Ուրիշ կերպերով ալ յայտնի կ’ըլլայ, որ Աստուածաշունչը իրապէս յատուկ գիրք մըն է, որուն Հեղինակը Աստուա՛ծ է։ Հակառակ անոր որ մօտ 40 տղամարդիկ գրեցին Աստուածաշունչը աւելի քան 1600 տարիներու ընթացքին, անիկա մէկ գլխաւոր նիւթի շուրջ կը դառնայ, քանի որ Աստուա՛ծ է անոր բուն Հեղինակը (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Եւ հակառակ ուրիշ հին գրութիւններու, Աստուածաշունչի բովանդակութիւնը դարերու ընթացքին պահպանուած է, ինչպէս որ Աստուածաշունչի հազարաւոր հին ձեռագիրներ ցոյց կու տան։ Ասկէ զատ, մարդիկ շատ ջանք թափած են որ անիկա չթարգմանուի, չբաշխուի եւ չկարդացուի, բայց իրենց նպատակին չեն հասած։ Աստուածաշունչը մինչեւ օրս ամէնէն շատ բաշխուած եւ թարգմանուած գիրքն է։ Անոր գոյութիւնը կը փաստէ, որ «մեր Աստուծոյ խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Եսայի 40։8

ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՑ

Աստուած ուրիշ հիանալի բան մըն ալ ըրաւ. ան յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ, որպէսզի մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին կատարումը երաշխաւորէ։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Աստուծոյ նպատակը այն էր, որ մարդիկ յաւիտեան ապրին երկրի վրայ։ Սակայն, երբ Ադամ որոշեց Աստուծոյ չհնազանդիլ, յաւիտեան ապրելու առիթը կորսնցուց՝ իրեն եւ իր ապագայ սերունդին համար։ «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռովմայեցիս 5։12)։ Որովհետեւ Աստուծոյ չհնազանդելով Ադամ մեղանչեց, այնպէս մը երեւցաւ որ Աստուծոյ նպատակը պիտի չիրագործուի։ Աստուած ի՞նչ ըրաւ։

Եհովան իր յատկութիւններուն համաձայն գործի անցաւ։ Ան արդարութեամբ վարուելով, Ադամէն ու Եւայէն հաշիւ պահանջեց իրենց ըրածներուն համար, բայց սէրէ մղուած՝ կարգադրութիւններ ըրաւ, որ անոնց ապագայ սերունդը ազատի։ Իր իմաստութեամբ, Եհովան որոշեց կացութեան հետ ինչպէ՛ս վարուիլ եւ իր լուծումը անմիջապէս գիտցուց (Ծննդոց 3։15)։ Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի՛ն միջոցաւ կարելի պիտի դառնար, որ մարդիկ մեղքէն ու մահէն փրկուէին։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի ըլլար։

Եհովան մարդիկը մեղքէն ու մահէն փրկելու համար,– որոնք ժառանգեցին Ադամի ըմբոստութեան հետեւանքով,– Յիսուսը երկիր ղրկեց, որպէսզի կեանքի տանող ճամբան մարդոց սորվեցնէ եւ «իր կեանքը շատերու համար փրկանք տայ» (Մատթէոս 20։28. Յովհաննէս 14։6) a։ Յիսուս կրնա՛ր փրկանքը տալ, քանի որ Ադամին պէս կատարեալ մարդ էր։ Եւ Ադամին հակառակը, ան մինչեւ մահ Եհովային հնազանդ մնաց։ Որովհետեւ ան մահուան արժանի բան մը չըրաւ, Եհովան զինք յարուցանեց որպէս հոգեղէն արարած։ Այլեւս Յիսուս կրնայ ընել այն ինչ որ Ադամ չկրցաւ ընել. հնազանդ մարդոց տալ յաւիտեան ապրելու յոյսը։ «Ինչպէս մէկ մարդու անհնազանդութիւնովը շատեր մեղաւոր եղան, այնպէս մէկուն հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան» (Հռովմայեցիս 5։19)։ Յիսուսի զոհին միջոցաւ, Աստուած իր նպատակը պիտի կատարէ. մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։

Շա՛տ բան կը սորվինք Եհովային մասին, երբ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս լուծեց Ադամին ըմբոստութեան պատճառած խնդիրները։ Յստակ է որ բա՛ն մը չի կրնար արգելք ըլլալ, որ Եհովան իր նպատակը իրագործէ. ինչ որ կ’ըսէ, «յաջողութեամբ» պիտի կատարուի (Եսայի 55։11)։ Ասկէ զատ, կ’արժեւորենք Եհովայի մե՜ծ սէրը մեզի հանդէպ։ «Այս բանին մէջ Աստուծոյ սէրը մեր վրայ յայտնի եղաւ, որ Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք։ Այս բանին մէջ է սէրը, որ ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա որ անիկա մեզ սիրեց ու իր Որդին ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհաննէս 4։9, 10

Աստուած «իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա», ուստի վստահ ենք որ ան ազնուօրէն մեզի պիտի պարգեւէ իր խոստացած միւս «բոլոր բաները» (Հռովմայեցիս 8։32)։ Ան մեզի ի՞նչ խոստացած է։ Տե՛ս յաջորդ յօդուածը։

ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԸՐԱԾ Է։ Եհովան մարդիկը ստեղծեց, որպէսզի յաւիտեան ապրին երկրի վրայ։ Ան Սուրբ Գիրքը տուաւ, որպէսզի իր մասին սորվինք։ Իսկ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ փրկանքի կարգադրութիւնը ըրաւ, եւ այսպէս մեզ վստահեցուց որ իր նպատակը պիտի կատարուի

a Փրկանքին մասին աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 27–րդ դասը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։ Նաեւ մատչելի է մեր կայքին վրայ՝ www.dan124.com/hyw։