Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ
Եթէ դժուարութիւն մը դիմագրաւէիր, մտերիմ բարեկամէդ պիտի ակնկալէիր որ քեզի օգնէր։ Այս պատճառով, ոմանք կը մտածեն թէ Աստուած բարեկամ չէ, քանի որ կը զգան որ բան մը չ’ըներ իրենց օգնելու։ Իրականութեան մէջ, Աստուած ոչ միայն շատ բաներ ըրած է մեր օգտին համար, հապա նաեւ գործի պիտի անցնի, որ մեր ունեցած բոլոր խնդիրները եւ չարչարանքը մէջտեղէն վերցնէ։ Ան ի՞նչ պիտի ընէ։
ԱՄԷՆ ՉԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ
Աստուած ամէն չարութեան վերջ պիտի դնէ, ատոր բուն պատճառը մէջտեղէն վերցնելով։ Աստուածաշունչը չարութեան աղբիւրը կը գիտցնէ, երբ կ’ըսէ. «Ամբողջ աշխարհը Չարին ենթակայ» է (Ա. Յովհաննէս 5։19, ՆԹ)։ Այդ «Չար»ը Բանսարկու Սատանա՛ն է, որ Յիսուս կոչեց «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 12։31)։ Սատանան մարդոց վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի, եւ անոր համար երկրի վրայ ցաւալի վիճակներ կը տիրեն։ Աստուած ի՞նչ պիտի ընէ։
Ան շուտով իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսին միջոցաւ գործի պիտի անցնի ‘Սատանան փճացնելու’ (Եբրայեցիս 2։14. Ա. Յովհաննէս 3։8)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ Սատանան գիտէ որ ‘քիչ ժամանակ ունի’ իր կործանումէն առաջ (Յայտնութիւն 12։12)։ Աստուած նաեւ բոլոր չարագործները պիտի բնաջնջէ (Սաղմոս 37։9. Առակաց 2։22)։
ԵՐԿԻՐԸ ԴՐԱԽՏԻ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾԷ
Երկրի վրայ ամէն չարութիւն վերցնելէ ետք, մեր Ստեղծիչը քայլ պիտի առնէ, որ մարդոց եւ երկրին նկատմամբ իր նպատակը իրագործէ։ Երկրի վրայ ի՞նչ բաներ պիտի վայելենք։
Մնայուն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն։ «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11)։
Առատ եւ սննդարար ուտելիք։ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ՝ լեռներուն գլուխը» (Սաղմոս 72։16)։
Հանգստաւէտ տուներ եւ գոհացուցիչ գործ։ «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ . . .Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն» (Եսայի 65։21, 22)։
Կը փափաքի՞ս այս տեսակ վիճակներու ներքեւ ապրիլ։ Մօտ ատենէն ամէն մարդ ամէն օր այս բոլորը պիտի վայելէ։
ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԴՆԷ
Այսօր ամէն մարդ կը հիւանդանայ եւ ի վերջոյ կը մեռնի, բայց մօտ ատենէն պարագան լիովին պիտի փոխուի։ Յիսուսի զոհին հիման վրայ, Աստուած շուտով պիտի ձգէ որ «ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ. . . յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16)։ Այսինքն ի՞նչ պիտի պատահի։
Հիւանդութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’։ Հոն բնակող ժողովուրդին անօրէնութիւնը պիտի ներուի» (Եսայի 33։24)։
Մահը այլեւս մարդոց պիտի չսպառնայ։ «Մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ ու Տէր Եհովան ամէն աչքէ արցունքը պիտի սրբէ» (Եսայի 25։8)։
Մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին։ «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է] մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռովմայեցիս 6։23)։
Մեռելները յարութիւն պիտի առնեն։ «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։ Անոնք Աստուծոյ պարգեւէն՝ փրկանքէն՝ պիտի օգտուին։
Աստուած այս բոլորը ինչպէ՞ս պիտի իրագործէ։
ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ
Աստուած մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ իր նպատակը պիտի իրագործէ երկնային կառավարութեան մը միջոցաւ, որուն Կառավարիչը Յիսուս Քրիստոսն է (Սաղմոս 110։1, 2)։ Անիկա այն Թագաւորութիւնն է, որուն մասին Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես. . . քու թագաւորութիւնդ գայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ ամէն տառապանք պիտի վերցնէ։ Անիկա ամէնէն լաւ կառավարութիւնն է, որ մարդիկ կրնան ունենալ։ Անոր համար Յիսուս երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին ամէն ջանք թափեց, որ «արքայութեան աւետարանը» քարոզէ, եւ իր աշակերտներուն ըսաւ որ նոյնը ընեն (Մատթէոս 4։23. 24։14)։
Եհովա Աստուած խոստացած է, որ այս բոլոր հիանալի բաները ընէ, քանի որ մարդկութիւնը շատ կը սիրէ։ Ասիկա գիտնալով, չե՞ս ուզեր Աստուած ճանչնալ եւ իրեն մօտենալ։ Եթէ որոշես այդպէս ընել, ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։ Յաջորդ յօդուածը կը պատասխանէ։
ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ։ Աստուած հիւանդութեան եւ մահուան վերջ պիտի դնէ, մարդիկը պիտի միացնէ իր Թագաւորութեան ներքեւ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ