Աստուած ճանչնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուիս
Մինչեւ հիմա գիտցանք բաներ, որոնք կ’օգնեն պատասխանելու՝ «Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ» հարցումին։ Նախ Աստուածաշունչէն գիտցանք, թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է եւ թէ իր գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է։ Նաեւ նկատի առինք, թէ ի՛նչ ըրած է եւ ի՛նչ պիտի ընէ բոլոր մարդոց օգտին համար։ Ճիշդ է որ դեռ շա՜տ բան ունինք սորվելիք Աստուծոյ մասին, բայց թերեւս հարց տաս թէ Աստուած ճանչնալով ինչպէ՛ս կ’օգտուիս։
Եհովան կը խոստանայ, որ ‘եթէ զինք փնտռես՝ պիտի գտնես’ (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Երեւակայէ որ երբ Աստուած փնտռես եւ զինք ճանչնաս, ի՛նչ պիտի վայելես. մտերիմ «բարեկամութիւն» իրեն հետ (Սաղմոս 25։14)։ Այս բարեկամութիւնը քեզի ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ։
Իսկական ուրախութիւն։ Եհովայի մասին կ’ըսուի որ «երանելի Աստուած» է (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Երբ իրեն մօտենաս եւ իր ճամբաներուն հետեւիս, երջանիկ պիտի ըլլաս, ինչ որ քեզի պիտի օգնէ զգացական, մտային եւ ֆիզիքական գետնի վրայ (Սաղմոս 33։12)։ Նաեւ պիտի կարենաս ուրախ կեանք ունենալ՝ վնասակար ապրելակերպերէ հեռու կենալով, կեանքիդ մէջ առողջապահական սովորութիւններ մտցնելով եւ ուրիշներու հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենալով։ Ժամանակի ընթացքին պիտի համաձայնիս սաղմոսերգուին խօսքին. «Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի» (Սաղմոս 73։28)։
Անձնական հոգատարութիւն եւ հետաքրքրութիւն։ Եհովան իր ծառաներուն խոստացաւ. «Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղմոս 32։8)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Եհովան իր ամէն մէկ ծառայով հետաքրքրուած է եւ իւրաքանչիւրին պէտքին համաձայն կ’օգնէ (Սաղմոս 139։1, 2)։ Երբ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս, պիտի տեսնես որ ան մի՛շտ պատրաստ է քեզի օգնելու։
Հոյակապ ապագայ։ Եհովան ոչ միայն քեզի կ’ըսէ, թէ ներկայիս ինչպէ՛ս կրնաս ուրախ եւ գոհունակ կեանք ունենալ, հապա նաեւ կարելի կը դարձնէ որ հոյակապ ապագայ մը ունենաս (Եսայի 48։17, 18)։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Այս դժուար ժամանակներուն, Եհովային տուած յոյսը կը նմանի խարիսխի, որ մեզ «հաստատ ու անշարժ» կը պահէ (Եբրայեցիս 6։19)։
Ասոնք միայն քանի մը պատճառներ են, որոնք մեզ կը մղեն Աստուած ճանչնալու եւ իրեն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալու։ Աւելի տեղեկութիւններ առնելու համար, հաճիս Եհովայի վկայի մը հետ խօսէ կամ www.dan124.com/hyw կայքը այցելէ։