Կրնա՞նք Աստուած ճանչնալ
Շատեր կ’ըսեն որ Աստուծոյ կը հաւատան։ Բայց եթէ հարցնես թէ ո՛վ է Աստուած, տարբեր պատասխաններ կ’առնես։ Կարգ մը մարդոց համար, Աստուած խիստ դատաւոր մըն է, որ միայն կ’ուզէ մարդիկը պատժել իրենց սխալ գործերուն համար։ Ուրիշներու կարծիքով, ան մարդիկը միշտ կը սիրէ եւ կը ներէ, ինչ որ ալ ընեն։ Իսկ ոմանք կը հաւատան, որ Աստուած մեզմէ շա՜տ հեռու է եւ մեզմով չէ հետաքրքրուած։ Այսպիսի տարբեր–տարբեր գաղափարներու առջեւ գտնուելով, շատեր կը զգան որ անկարելի է Աստուած ճանչնալ։
Կարեւո՞ր է որ Աստուած ճանչնաս։ Այո՛, քանի որ եթէ Աստուած մօտէն ճանչնաս, կեանքդ կրնայ աւելի իմաստ եւ նպատակ ունենալ (Գործք 17։26-28)։ Որքա՛ն աւելի Աստուծոյ մօտենաս, այնքա՛ն աւելի քեզ պիտի սիրէ եւ օգնէ (Յակոբոս 4։8)։ Եւ ի վերջոյ, Աստուծոյ մասին գիտութիւն առնելով կրնաս անվերջ կեանք ունենալ (Յովհաննէս 17։3)։
Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուած ճանչնալ։ Մտածէ մտերիմ բարեկամի մը մասին,– այսինքն մէկը որ լաւ կը ճանչնաս։ Ինչպէ՞ս բարեկամներ դարձաք։ Հաւանաբար գիտցար անոր անունը, բնաւորութիւնը, ի՛նչ կը սիրէ–ի՛նչ չի սիրեր, կեանքին մէջ ի՛նչ բաներ ըրած է, ի՛նչ կը ծրագրէ ընել ապագային եւ այլն։ Մէկ խօսքով, իր մասին տեղեկութիւններ առիր։
Նմանապէս, կրնանք Աստուած ճանչնալ, երբ նկատի առնենք այս հարցումները.
Այս պարբերաթերթը այս հարցումներուն պատասխանը Աստուածաշունչէն կու տայ։ Յաջորդ յօդուածները քեզի պիտի օգնեն, որ թէ՛ Աստուծոյ մասին սորվիս եւ թէ գիտնաս որ ինչպէ՛ս պիտի օգտուիս, երբ իրեն հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենաս։