Ապագային մասին ճշմարտութիւնը
Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ ապագան ի՛նչ վերապահած է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, որ շատ մօտ ատենէն կարեւոր դէպքեր պիտի պատահին, որոնք ամբողջ մարդկութեան պիտի ազդեն։
Յիսուս բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պիտի գիտնայինք, որ «Աստուծոյ թագաւորութիւնը մօտ է» (Ղուկաս 21։31)։ Ան մարգարէացաւ որ, ուրիշ բաներու կողքին, պիտի ըլլային մեծ պատերազմներ, մեծ երկրաշարժներ, սովեր եւ մահտարաժամներ,– ինչ որ ներկայիս կը տեսնենք (Ղուկաս 21։10-17)։
Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ, որ մարդկային իշխանութեան «վերջին օրեր»ուն, մարդիկ գէշ վարք պիտի ունենային։ Կրնաս կարդալ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի նկարագրութիւնը։ Երբ մարդոց կեցուածքներն ու արարքները կը տեսնես, անկասկած կը համաձայնիս, որ Աստուածաշունչի այս մարգարէութիւնը կը նկարագրէ ի՛նչ որ ներկայիս կը պատահի։
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Շատ մօտ է այն ժամանակը, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեծ փոփոխութիւններ պիտի մտցնէ, որոնք երկրի վրայ կեանքը մեծապէս պիտի բարելաւեն (Ղուկաս 21։36)։ Աստուածաշունչին մէջ, Աստուած կը խոստանայ որ լաւ բաներ պիտի ընէ երկրին եւ մարդոց համար։ Ահա կարգ մը օրինակներ։
ԼԱՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ
«Անոր [Յիսուսին] իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է, որ պիտի չանցնի ու թագաւորութիւնը պիտի չաւրուի» (ԴԱՆԻԷԼ 7։14)։
Ի՞նչ կը նշանակէ. Կրնաս կեանքը վայելել Աստուծոյ հաստատած համաշխարհային կառավարութեան ներքեւ, որուն Թագաւորը իր Որդին է։
ԼԱՒ ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ
«Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» (ԵՍԱՅԻ 33։24)։
Ի՞նչ կը նշանակէ. Բնա՛ւ պիտի չհիւանդանաս կամ անկարող պիտի չդառնաս։ Պիտի կարենաս ապրիլ ու բնա՛ւ մահը չհամտեսել։
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
«Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը» (ՍԱՂՄՈՍ 46։9)։
Ի՞նչ կը նշանակէ. Պատերազմը եւ ատոր պատճառած տառապանքը բոլորովին գոյութենէ պիտի դադրին։
ԵՐԿԻՐԸ ԼԱՒ ՄԱՐԴՈՑՄՈՎ ՊԻՏԻ ԼԵՑՈՒԻ
«Ամբարիշտը պիտի չքանայ. . . Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը» (ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11)։
Ի՞նչ կը նշանակէ. Այլեւս չար մարդիկ գոյութիւն պիտի չունենան. բոլոր անհատները սրտանց պիտի ուզեն Աստուծոյ հնազանդիլ։
ԱՄԲՈՂՋ ԵՐԿԻՐԸ ԴՐԱԽՏ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
«Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն» (ԵՍԱՅԻ 65։21, 22)։
Ի՞նչ կը նշանակէ. Ամբողջ երկիրը պիտի գեղեցկանայ։ Աստուած «երկրի վրայ» իր կամքը կատարուելու մեր աղօթքին պիտի պատասխանէ (Մատթէոս 6։10)։