Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ

Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, որ աղօթեն Թագաւորութեան գալուն համար։ Ան գիտէր թէ աշխարհի մէջ տիրող ցաւալի վիճակները Աստուծոյ կամքովը չեն, եւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը միակ կառավարութիւնն է, որ կրնայ զանոնք շտկել։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՆՉԵՒ ՀԻՄԱ Ի՞ՆՉ ԸՐԱԾ Է

Նախորդ յօդուածին մէջ, նկատի առինք Յիսուսի տուած նշանը։ Այդ նշանը տեսանելի ապացոյց է, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքի մէջ հաստատուած է, Յիսուս Քրիստոս անոր Թագաւորը ըլլալով։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ երբ Յիսուս սկսէր իշխել, Սատանան ու անոր դեւերը երկինքէն պիտի վռնտէր։ Այժմ անոնք կրնան միայն երկրին ազդել, ինչ որ պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ վիճակները 1914–էն ի վեր ա՛յսքան վատթարացած են (Յայտնութիւն 12։7, 9

Հակառակ աշխարհի վատթարացող վիճակներուն, Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը՝ Յիսուս, աշխարհի տարածքին մարդոց օգնելու համար քայլեր առած է։ Համաշխարհային աստուածաշնչական կրթական գործունէութեան շնորհիւ, բազմաթիւ մարդիկ սուրբգրային սկզբունքներ կը սորվին ու կը գործադրեն իրենց կեանքին մէջ (Եսայի 2։2-4)։ Միլիոնաւորներ սորված են աշխատանքի վերաբերեալ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենալ, իրենց ընտանեկան կեանքը բարելաւել եւ նիւթական բաները վայելել՝ առանց անոնց ծառան դառնալու։ Անոնք հիմա օգուտներ կը քաղեն եւ կ’ըլլան այնպիսի անհատներ, որոնք Աստուծոյ կողմէ ընդունելի են որպէս իր Թագաւորութեան հպատակներ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԵՌ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԻՐԱԳՈՐԾԷ

Թէեւ Յիսուս արդէն երկինքէն կ’իշխէ, բայց երկրի վրայ մարդկային կառավարութիւնները տակաւին կ’իշխեն։ Սակայն Աստուած Յիսուսին ըսած է. «Քու թշնամիներուդ մէջտեղը դո՛ւն տիրէ» (Սաղմոս 110։2)։ Մօտ ատենէն Յիսուս բոլոր հակառակորդները պիտի բնաջնջէ եւ պիտի հանգստացնէ անոնք, որոնք յօժար են Աստուծոյ հնազանդելու։

Այդ ժամանակ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի, որպէսզի՝

  • Սուտ կրօնքը կործանէ։ Այն կրօնքները, որոնք Աստուծոյ մասին սուտեր սորվեցուցած են եւ մարդոց կեանքը դժուարացուցած են, վերջ պիտի գտնեն։ Աստուածաշունչը սուտ կրօնքը կը պատկերացնէ որպէս պոռնիկ։ Անոր կործանումը շատերը պիտի զարմացնէ (Յայտնութիւն 17։15, 16

  • Մարդկային իշխանութեան վերջ դնէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի, որպէսզի մարդկային ամէն իշխանութիւն մէջտեղէն վերցնէ (Յայտ. 19։15, 17, 18

  • Չար մարդիկը բնաջնջէ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել անոնց մասին, որոնք կը վճռեն չարութիւն ընել եւ կը մերժեն Աստուծոյ հնազանդիլ։ «Ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին» (Առակաց 2։22

  • Սատանան եւ դեւերը բնաջնջէ։ Սատանան եւ դեւերը այլեւս կարող պիտի չըլլան ‘ազգերը մոլորեցնել’ (Յայտնութիւն 20։3, 9, 10

Այս բոլորը ի՞նչ պիտի նշանակեն անոնց, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’ընդունին։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Երկինքի մէջ թագաւորելով, Յիսուս շա՜տ աւելի բաներ պիտի իրագործէ, քան ոեւէ մարդկային կառավարիչ։ Անոր պիտի օգնեն 144,000 իշխանակիցներ, որոնք մարդկութեան մէջէն ընտրուած են (Յայտնութիւն 5։9, 10. 14։1, 3)։ Ան վստահ պիտի ըլլայ որ հոս՝ երկրի վրայ, Աստուծոյ կամքը կը կատարուի։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրի բնակիչներուն համար ի՞նչ պիտի ընէ։

  • Հիւանդութիւնը ու մահը պիտի չքացնէ։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’», եւ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Եսայի 33։24. Յայտնութիւն 21։4

  • Իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։ «Քու որդիներուդ խաղաղութիւնը շատ պիտի մեծնայ», եւ «ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Եսայի 54։13. Միքիա 4։4

  • Իմաստալից գործ պիտի ապահովէ։ «Իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին» (Եսայի 65։22, 23

  • Կենսոլորտային խնդիրները պիտի լուծէ։ «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի» (Եսայի 35։1

  • Մարդոց պիտի սորվեցնէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն յաւիտեան ապրելու համար։ «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3

Աստուած կ’ուզէ՛ որ այդ օրհնութիւնները վայելես (Եսայի 48։18)։ Յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ, թէ հիմա ի՛նչ կրնաս ընել, որպէսզի կարենաս այդ հոյակապ ապագան վայելել։