Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր չարչարանքին համար ո՞վ պէտք է մեղադրել

Մեր չարչարանքին համար ո՞վ պէտք է մեղադրել

Եթէ մարդիկը չարչարողը Աստուած չէ, լաւ ինչո՞ւ մեծ թիւով մարդիկ սովամահ կ’ըլլան, ծայր աստիճան աղքատ են կամ լուրջ հիւանդութիւններ ունին։ Ինչո՞ւ վայրագ պատերազմներ եւ բնական աղէտներ կ’ըլլան։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, ցոյց կու տայ որ մարդոց չարչարանքին ետին կան 3 գլխաւոր պատճառներ.

  1. 1. Մարդիկ անձնասէր ու ագահ են եւ ատելութեամբ լեցուած են։ «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9)։ Մարդիկ շատ անգամ կը չարչարուին, քանի որ անկատար, անձնասէր կամ անգութ մարդոց զոհը կ’երթան։

  2. 2. Անակնկալ արկածներ կ’ըլլան։ Շատ անգամ մարդիկ կը չարչարուին, քանի որ «ժամանակ ու դիպուած կը պատահին» անոնց (Ժողովող 9։11)։ Այսինքն, մարդիկ պարզապէս սխալ ժամանակին սխալ տեղ կ’ըլլան եւ անակնկալ արկածներ կը պատահին կամ մարդիկ անուշադիր կ’ըլլան կամ ալ սխալ բաներ կ’ընեն։

  3. 3. Աշխարհը չար իշխան ունի։ Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ’ըսէ, թէ ինչն է մարդ արարածին չարչարանքին գլխաւոր պատճառը. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» կամ Չարին իշխանութեան տակ է (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ «Չար»ը Բանսարկու Սատանան է,– զօրաւոր հոգեղէն արարած մը՝ որ սկիզբը Աստուծոյ հրեշտակներէն մէկն էր, բայց ետքը «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ» (Յովհաննէս 8։44)։ Ուրիշ հոգեղէն արարածներ Սատանային միացան եւ Աստուծոյ դէմ ելան, որ իրենց անձնական ցանկութիւնները գոհացնեն։ Այսպիսով, անոնք դեւեր դարձան (Ծննդոց 6։1-5)։ Աստուծոյ դէմ ելլելէ ի վեր, Սատանան եւ իր դեւերը զօրաւոր եւ անգութ կերպով ազդած են աշխարհի վերաբերող հարցերուն,– մա՛նաւանդ մեր օրերուն։ Այսօր, Բանսարկու Սատանան շա՛տ բարկացած է եւ ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’, ինչ որ վայեր պատճառած է երկրին (Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Այո՛, Սատանան վայրագ բռնապետ է։ Ան տարօրինակ գոհունակութիւն կը զգայ, երբ մարդոց չարչարանքը տեսնէ։ Ուրեմն Սատանա՛ն է որ մարդիկը կը չարչարէ եւ ոչ թէ Աստուած։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ։ Միայն անսիրտ եւ չափազանց գէշ չարագործ մը պատճառ պիտի ըլլար, որ անմեղ մարդիկ չարչարուին։ Մինչդեռ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Եւ քանի՛ որ Աստուած սէր է, իր մասին կ’ըսուի. «Քա՜ւ լիցի [«Անկարելի է», ՆԱ] որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (Յոբ 34։10

Բայց բնական է որ հարց տաս. ‘Մինչեւ ե՞րբ Ամենակարող Աստուած պիտի ձգէ որ Սատանան անգութ կերպով իշխէ’։ Ինչպէս տեսանք, Աստուած կ’ատէ՛ չարութիւնը եւ շատ կը ցաւի, երբ տեսնէ որ կը չարչարուինք։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կրնա՛յ չարչարանքին եւ անարդարութեան վերջ դնել, ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը պիտի բացատրէ *։

^ պարբ. 7 Եթէ կ’ուզես աւելի գիտնալ թէ ինչո՛ւ շատ չարչարանք կայ, տե՛ս Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին 26–րդ դասը։ Այս գիրքը հրատարակուած է Եհովայի վկաներուն կողմէ եւ կարելի է ձրիաբար զայն բեռնել www.dan124.com/hyw կայքէն։