Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ ՓՏՈՒԹԵՆԷ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ փտութենէ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ փտութենէ

ՎՏԱՆԳԸ։ Սուրբ Գիրքը գրողները եւ զայն ընդօրինակողները գլխաւորաբար պապիրոս եւ մագաղաթ գործածեցին (Բ. Տիմոթէոս 4։13) *։ Այս նիւթերը ինչպէ՞ս վտանգի տակ դրին Սուրբ Գիրքը։

Պապիրոսը դիւրաւ կը պատռուի, գոյնը կը նետէ եւ փխրուն կը դառնայ։ Սթիվըն Քուըրքի եւ Ռիչըրտ Փարքինսըն եգիպտաբանները կ’ըսեն. «Պապիրոսի թերթիկ մը կրնայ ի վերջոյ վերածուիլ բնաթելերու կմախքի մը եւ ափ մը փոշիի։ Ատիկա պահուած վիճակի մէջ կրնայ բորբոս կապել կամ խոնաւութենէն նեխիլ, կրծող անասուններու կամ միջատներու կողմէ ուտուիլ, նամանաւանդ ճերմակ մրջիւններու կողմէ, երբ թաղուած է»։ Կարգ մը պապիրոսներ գտնուելէ ետք, աւելի արագ սկսան փտիլ, քանի որ ենթարկուեցան չափազանց լոյսի կամ խոնաւութեան։

Մագաղաթը պապիրոսէն աւելի տոկուն է, բայց ինքն ալ կը վնասուի եթէ լաւ հոգ չտարուի կամ ենթարկուի ծայրայեղ ջերմաստիճանի, խոնաւութեան կամ լոյսի *։ Մագաղաթը նաեւ միջատներու կեր է։ Հետեւաբար, գիրք մը հին արձանագրութիւններուն համար կ’ըսէ. «Վերապրումը բացառութիւն է եւ ոչ թէ կանոն» (Everyday Writing in the Graeco-Roman East)։ Եթէ Սուրբ Գիրքը այս ձեւով փտէր, իր պատգամը իրեն հետ պիտի կորսուէր։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Հրէական օրէնքը ամէն թագաւորէ կը պահանջէր, որ ‘գրքի մը մէջ գրէ օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը’, այսինքն՝ Սուրբ Գիրքին առաջին հինգ գիրքերը (Բ. Օրինաց 17։18)։ Ասկէ զատ, վարպետ մարդիկ ընդօրինակեցին այնքան շատ ձեռագիրներ, որ Ք.Ե. առաջին դարուն արդէն իսկ Սուրբ Գրութիւնները կային Իսրայէլի չորս կողմը գտնուող եւ նոյնիսկ հեռաւոր Մակեդոնիայի ժողովարաններու մէջ (Ղուկաս 4։16, 17. Գործք 17։11)։ Կարգ մը շատ հին ձեռագիրներ ինչպէ՞ս մինչեւ մեր օրերը վերապրեցան։

Մեռեալ ծովու մագաղաթներ կոչուած ձեռագիրները, դարեր շարունակ վերապրեցան կաւէ կարասներու մէջ, որոնք չոր օդ ունեցող քարայրներու մէջ պահուած էին

Նոր Կտակարանի ուսումնական Ֆիլիփ Ու. Քամֆըրթ կ’ըսէ. «Հրեաները ճանչցուած էին թէ Սուրբ Գրութիւններու մագաղաթները կը դնէին կուժերու կամ կարասներու մէջ, որպէսզի զանոնք պահպանեն»։ Ըստ երեւոյթին, քրիստոնեաներն ալ շարունակեցին այդ սովորութիւնը։ Այս պատճառով, Սուրբ Գիրքի ամենահին ձեռագիրներէն ոմանք գտնուած են կաւէ կարասներու, մութ սենեակներու եւ քարայրներու մէջ, ինչպէս նաեւ շատ չոր տեղեր։

ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Սուրբ Գիրքի ձեռագիրներու հազարաւոր կտորներ կան մինչեւ այսօր,– ատոնցմէ ոմանց վրայ աւելի քան 2000 տարի անցած է։ Չկայ ուրիշ գրութիւն մը որ այսքա՛ն շատ ձեռագիրներ ունի՝ այսքան հին ատենէ։

^ պարբ. 3 Պապիրոսը կը գործածուէր գրութեան համար եւ կը շինուէր նոյն անունը կրող բոյսէ մը։ Իսկ մագաղաթը անասունի մորթէ կը շինուէր։

^ պարբ. 5 Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հռչակագիրին ստորագրուած բնագիրը գրուած է մագաղաթի վրայ։ Հակառակ որ դեռ 250 տարի չէ անցած, ատիկա հիմա այնքա՛ն վնասուած է որ դիւրին–դիւրին չի կարդացուիր։