Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

«Գործը որո՛նց վստահուած է»

«Գործը որո՛նց վստահուած է»

ՕՐԵՐՈՎ հով փոթորիկ եւ անձրեւ ըլլալէ ետք, երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 1919–ին պայծառ օր մը սկսաւ։ Կէսօրէ ետք, 1000–ի չհասնող պատուիրակներ հաւաքուեցան 2500 հոգինոց հանդիսասրահին մէջ, որպէսզի Սիտըր Փոյնթի համաժողովին բացման նիստին ներկայ ըլլան (Օհայօ, ԱՄՆ)։ Ուրիշներ ալ սկսան հասնիլ նաւով, ինքնաշարժով ու մասնաւոր շոգեկառքերով, եւ իրիկունը եկողներուն թիւը հասաւ 2000–ի։ Երեքշաբթի, ներկաները այնքա՛ն շատցան, որ համաժողովի մնացեալ յայտագիրը ստիպուած շարունակուեցաւ դուրսը, մեծ ծառերու տակ։

Տերեւներու մէջէն անցնելով, արեւուն ճառագայթները գիծեր կը գծէին տղամարդոց վերարկուներուն վրայ։ Իրի լիճէն զեփիւռը կը փչէր եւ կիներուն փետրազարդ գլխարկները կը շոյէր։ Եղբայր մը ըսաւ. «Իսկապէս դրախտ էր. հին աշխարհի աղմուկէն հեռու եւ շուրջդ հոյակապ պարտէզ մը»։

Շրջակայքին գեղեցկութիւնը շատ տժգոյն կ’երեւէր ներկայ եղողներուն պայծառ երեսներուն հետ բաղդատած։ Տեղական լրագիր մը նշեց. «Բոլորը շատ նուիրուած, բայց միեւնոյն ատեն վերջին ծայր ուրախ եւ զուարթ կ’երեւին»։ Մասնաւորաբար եղբայրներուն հետ ըլլալը մեղրի պէս քաղցր էր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն համար։ Անոնք անցեալ քանի մը տարիներուն համտեսած էին լեղի փորձութիւններ. պատերազմի ժամանակ հակառակութիւն, ժողովքներուն մէջ անհամաձայնութիւններ, Պրուքլինի Բեթէլին գոցուիլը, Թագաւորութեան շահին համար շատերու բանտարկուիլը, մէջը ըլլալով՝ առաջնորդութիւն առնող ութ եղբայրներ, որոնք դատավճիռ ստացած էին որ բանտարկուին, ոմանք մինչեւ 20 տարի *։

Այդ դժուար տարիներուն ընթացքին, կարգ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ յուսահատ եւ շուարած ըլլալով՝ դադրած էին վկայութիւն տալէ։ Սակայն մեծամասնութիւնը իր լաւագոյնը ըրած էր, որ շարունակէ քարոզել պետական հակառակութեան դիմաց։ Անգամ մը, հարցաքննիչ մը տեղեկագրած էր որ այն Աստուածաշունչի Աշակերտները, որոնց հետ հարցուփորձ ըրաւ, պնդեցին որ «մինչեւ վերջը պիտի շարունակեն Աստուծոյ խօսքը քարոզել», հակառակ որ խիստ ազդարարութիւններ ստացած էին։

Ամբողջ այս փորձութեան ժամանակաշրջանին, հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտներ «Տէրոջ առաջնորդութեան ուշադրութիւն կ’ընծայէին. . . միշտ աղօթքով Հօր ուղղութիւնը խնդրելով»։ Ահա հիմա անոնք Սիտըր Փոյնթի մէջ ուրախութեամբ անգամ մը եւս միացած էին։ Քոյր մը շատերու պէս կը մտածէր, թէ ինչպէ՛ս նորէն պիտի «սկսէին դարձնել գործօն ծառայութեան անիւը»։ Անոնք ամէն բանէ աւելի կ’ուզէին գործի անցնիլ։

«GA»՝ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔ ՄԸ

Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, պատուիրակները շուարած էին, թէ համաժողովի յայտագրին վրայ, բարի գալուստի քարտերուն վրայ եւ համաժողովի վայրին մէջ եղող ցուցատախտակներուն վրայ տպուած «GA» գիրերը ի՛նչ կը նշանակեն։ Ուրբաթ օրը, որուն բնաբանն էր՝ «Համագործակիցներու օր», Ժոզեֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ վերջապէս 6000 ներկաներուն յայտնեց հանելուկին պատասխանը։ «GA» կը ներկայացնէր Ոսկեդար (The Golden Age), որ ծառայութեան մէջ գործածուելիք նոր պարբերաթերթ մըն էր *։

Եղբայր Ռատըրֆորտը օծեալ քրիստոնեաներուն համար ըսաւ. «Անոնք հաւատքի աչքով՝ դժուարին ժամանակներէն անդին կը նային ու կը տեսնեն Մեսիային փառաւոր իշխանութեան Ոսկեդարը։ . . .Անոնք կը սեպեն որ իրենց գլխաւոր պարտականութիւնը եւ առանձնաշնորհումն է, որ աշխարհին ծանուցանեն Ոսկեդարին գալուստը։ Ատիկա իրենց աստուածատուր յանձնարարութեան մէկ մասն է»։

Ոսկեդար–ը, որ «Իրականութեան, յոյսի, եւ համոզումի պարբերաթերթ» մըն էր, պիտի գործածուէր ճշմարտութիւնը տարածելու նոր մեթոտ մը հաստատելու համար. դռնէ դուռ բաժանորդագրութիւն ձեռք ձգելու արշաւ։ Երբ ներկաներուն հարցուեցաւ որ քանի՛ հոգի կ’ուզէր այդ գործին մէջ բաժին բերել, բոլո՛րը ոտքի ցատկեցին։ Ետքը՝ «նախանձախնդրութեամբ մը եւ ախորժակով մը, որ միա՛յն Յիսուսի քայլերուն հետեւողները կ’ունենան», անոնք երգեցին. «Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, ո՛վ Տէր»։ Ճ. Մ. Նոռիս ըսաւ. «Բնա՛ւ պիտի չմոռնամ ինչպէ՛ս ծառերը ցնցուեցան»։

Նիստէն ետք, պատուիրակները ժամերով կարգի կեցան, որպէսզի առաջին բաժանորդներէն ըլլան։ Շատեր Մէյպըլ Ֆիլպրիքի պէս զգացին, որ ըսաւ. «Որքա՜ն անհաւատալի էր որ նորէն ընելիք գործ պիտի ունենայինք»։

«ԳՈՐԾԸ ՈՐՈ՛ՆՑ ՎՍՏԱՀՈՒԱԾ Է»

Շուրջ 7000 Աստուածաշունչի Աշակերտներ պատրաստուեցան գործին։ Կազմակերպչական մեթոտ ծանուցատետրը եւ Գործը որո՛նց վստահուած է գրքոյկը բացատրեցին մանրամասնութիւնները. կեդրոնատեղիին մէջ նոր Ծառայութեան բաժանմունք մը պիտի ուղղէր գործը։ Ժողովքին մէջ Ծառայութեան յանձնախումբ մը պիտի կազմուէր եւ նշանակուած ղեկավար մը ցուցմունքներ պիտի հաղորդէր։ Թաղամասերը պիտի բաժնուէին այնպէս մը որ իւրաքանչիւր մաս 150–էն 200 տուն ընդգրկէր։ Հինգշաբթի իրիկունները Ծառայութեան ժողով մը պիտի գումարուէր, որպէսզի եղբայրները իրենց փորձառութիւնները պատմէին եւ ծառայութեան տեղեկագիրներ տային։

«Հազիւ որ տուն վերադարձանք, բոլորս բաժանորդագրութեան արշաւով սկսանք զբաղիլ», ըսաւ Հերման Ֆիլպրիք։ Անոնք ամէն տեղ գտան լսող ականջներ։ «Այնպէս մը կ’երեւէր, որ պատերազմէն եւ շատ ցաւերէ ետք՝ նոյնիսկ ոսկեդարի գաղափա՛րը բոլորին ականջին հաճելի եկաւ», ըսաւ Պիուլա Գովի։ Իսկ Արթըր Գլաուս գրեց. «Ամբողջ ժողովքը շատ անակնկալի եկաւ, քանի որ մեծ թիւով բաժանորդագրութիւն ստացաւ»։ Ոսկեդար–ին լոյս տեսնելուն վրայ երկու ամիս չանցած, արդէն գրեթէ կէս միլիոն օրինակներ բաժնուած էին, եւ պարբերաթերթը 50,000 բաժանորդ ունէր։

Ա. Հ. Մէգմիլըն նշեց թէ Դիտարան–ի 1 յուլիս 1920 թիւին «Թագաւորութեան աւետարանը» յօդուածը, «առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս խօսեցաւ համաշխարհային քարոզչութեան մասին, ինչպէս որ հիմա իրապէս կը կատարուի»։ Այս յօդուածը բոլոր օծեալ քրիստոնեաները քաջալերեց, որ «աշխարհին վկայեն թէ երկնքի թագաւորութիւնը մօտ է»։ Գործը Քրիստոսի եղբայրներուն վստահուած է, եւ ներկայիս անոնց կը միանան միլիոնաւորներ, որոնք նախանձախնդրօրէն խօսքը կը քարոզեն, մինչ մեսիական ոսկեդարին կը սպասեն։

^ պարբ. 9 Ոսկեդար–ը 1937–ին կոչուեցաւ Մխիթարութիւն, իսկ 1946–ին՝ Զարթի՛ր։