Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս բաժին բերել մեր քրիստոնէական միութիւնը զօրացնելու մէջ. բայց ինչպէ՞ս

Կրնա՛ս բաժին բերել մեր քրիստոնէական միութիւնը զօրացնելու մէջ. բայց ինչպէ՞ս

«Որմէ բոլոր մարմինը մէկտեղ կազմուած [է] եւ բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած [են]» (ԵՓ. 4։16

ԵՐԳԵՐ. 53, 107

1. Սկիզբէն ի վեր, ի՞նչ բան աչքառու եղած է Աստուծոյ գործերուն մէջ։

ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ սկիզբէն իսկ, Եհովան եւ Յիսուս միութեան մէջ եղած են։ Առաջին ստեղծագործութիւնը՝ Յիսուս, Եհովային հետ աշխատեցաւ որպէս «ճարտարապետ» եւ «ամէն օր անոր զուարճութիւնն [էր]» (Առ. 8։30)։ Հայր ու Որդի իրարու հետ համագործակցելով, մնացեալ բոլոր բաները մէջտեղ բերին։ Եհովայի ծառաներն ալ իրարու հետ համագործակցեցան։ Օրինակ, Նոյի ընտանիքի անդամները միասի՛ն շինեցին տապանը։ Իսրայէլացիները միասի՛ն աշխատեցան խորանը շինելու, քակելու եւ տեղափոխելու ատեն։ Տաճարին մէջ, անոնք գեղեցիկ երաժշտութեամբ Եհովան կը գովաբանէին, իրարու հետ ներդաշնակօրէն երգելով ու նուագելով։ Եհովայի ծառաները կրցան այս բոլոր բաները ընել համագործակցութեան շնորհիւ (Ծն. 6։14-16, 22. Թուոց 4։4-32. Ա. Մն. 25։1-8

2. ա) Ի՞նչ բան աչքառու էր առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ բ) Ի՞նչ հարցումներ պիտի քննարկենք։

2 Առաջին դարու քրիստոնեաներն ալ իրարու հետ համագործակցեցան։ Պօղոս առաքեալ բացատրեց, որ անոնք թէեւ տարբեր կարողութիւններ եւ նշանակումներ ունէին, սակայն միութեան մէջ էին։ Բոլորն ալ իրենց Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսին հետեւեցան։ Պօղոս զանոնք նմանցուց մարդկային մարմինին, որուն բոլոր անդամներն ալ իրարու հետ կը համագործակցին (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 12։4-6, 12)։ Ի՞նչ ըսենք մեր օրերուն մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրարու հետ համագործակցիլ քարոզչութեան մէջ, ժողովքին մէջ եւ ընտանիքին մէջ։

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԷ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

3. Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ տեսիլք ստացաւ։

3 Ք.Ե. առաջին դարու վերջաւորութեան, Յովհաննէս առաքեալ տեսիլքի մը մէջ տեսաւ եօթը հրեշտակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը փող մը կը հնչեցնէր։ Երբ հինգերորդ հրեշտակը իր փողը հնչեցուց, Յովհաննէս տեսաւ որ «երկինքէն աստղ մը ինկաւ երկրի վրայ»։ «Աստղ»ը բանալիով մը անդունդին գուբը բացաւ, ուրկէ մեծ ծուխ մը ելաւ, որուն յաջորդեց մարախներու պատուհաս մը։ Բայց այս այլաբանական մարախները խոտի տեղ, սկսան վնասել «ա՛յն մարդոց, որոնք իրենց ճակատներուն վրայ Աստուծոյ կնիքը չունին» (Յայտ. 9։1-4)։ Յովհաննէս վստահաբար գիտէր թէ մարախներու պատուհաս մը որքան աղէտալի կրնար ըլլալ։ Չէ՞ որ Մովսէսի օրերուն Եգիպտոսը մարախներու պատուհասի ենթարկուեցաւ (Ել. 10։12-15)։ Յովհաննէսին տեսած այլաբանական մարախները կը ներկայացնեն օծեալ քրիստոնեաները, որոնք կծու պատգամ մը կը հռչակեն սուտ կրօնքին դէմ։ Այժմ օծեալներուն կ’ընկերակցին միլիոնաւորներ, որոնք երկրային յոյսը ունին։ Անոնց միաբան քարոզչութեան շնորհիւ, շատեր կրցած են սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն ելլել եւ ազատ ըլլալ Սատանայի տիրապետութենէն։

4. Աստուծոյ ծառաները ընելիք ի՞նչ գործ ունին, եւ ասիկա կատարելու միակ կերպը ի՞նչ է։

4 Եհովայի ծառաները հսկայածաւալ գործ մը ունին,– «աւետարանը» համայն աշխարհի մէջ քարոզել առաջ որ վերջը գայ (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Ասիկա կը պարփակէ հրաւիրել «ծարաւ» մարդիկը, որ գան ու «կենաց ջուրը. . . ձրի» խմեն (Յայտ. 22։17)։ Քրիստոնէական ժողովքին անդամները ըլլալով, ինչպէ՞ս կրնանք այս մէկը իրագործել։ Միմիայն «մէկտեղ կազմուած» ըլլալով եւ ժողովքին մէջ իրարու հետ համագործակցելով (Եփ. 4։16

5, 6. Ի՞նչ առումով միութեան մէջ ենք, մինչ բարի լուրը կը քարոզենք։

5 Որպէսզի կարենանք բարի լուրը կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնել, հարկ է որ կազմակերպուա՛ծ կերպով քարոզենք։ Ժողովքներուն մէջ մեր ստացած ուղղութիւնները կ’օգնեն այս մէկը կատարելու։ Դաշտի ծառայութեան ժողովէն ետք, կ’երթանք Թագաւորութեան պատգամը տարածելու, թէ՛ մեր շրթներով եւ թէ սուրբգրային միլիոնաւոր հրատարակութիւններու միջոցով։ Կը ջանա՞ս մասնաւոր քարոզարշաւներուն մասնակցիլ։ Եթէ այո, ուրեմն կը համագործակցիս միլիոնաւոր հաւատակիցներու հետ, միաբանութեամբ հռչակելով այն հրեշտակին պատգամը, որ «կը թռչէր երկնքի մէջ» (Յայտ. 14։6

6 Որքա՜ն կ’ուրախանանք, երբ Տարեգիրք–ին մէջ կը կարդանք մեր աշխարհածաւալ քարոզչութեան արդիւնքները։ Ասկէ զատ, մտածէ թէ ինչպէ՛ս միաբան կ’ըլլանք, երբ մարզային, մասնաւոր եւ միջազգային համաժողովներու հրաւիրագիրները կը բաշխենք։ Այդ համաժողովներուն ընթացքին, կը հետեւինք սուրբգրային դասախօսութիւններու, թատերախաղերու եւ ցուցադրութիւններու։ Ասոնք մեզ կը մղեն որ մեր լաւագոյնը տանք Եհովա Աստուծոյ։ Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնն ալ մեզ իրարու կը միացնէ։ Ամէն տարի, արար աշխարհի մէջ նիսան 14–ին, արեւամուտէն ետք, մէկտեղ կը հաւաքուինք այս դէպքը յիշելու, որպէսզի ցոյց տանք թէ կը գնահատենք Եհովային ըրածը եւ կը հնազանդինք Յիսուսի պատուէրին (Ա. Կոր. 11։23-26)։ Պայման չէ որ Յիշատակատօնին ներկայ եղողները միայն մկրտուած Վկաներ ըլլան։ Թուականէն շաբաթներ առաջ կը ջանանք ժողովքի թաղամասին մեծ մասը ծածկել, մարդիկը հրաւիրելով որ այս կարեւոր առիթին ներկայ ըլլան մեզի հետ։

7. Երբ միասին կ’աշխատինք, ի՞նչ բան կարելի կը դառնայ։

7 Մարախ մը առանձին չի կրնար մեծ ազդեցութիւն ունենալ։ Համանման կերպով, մեր անհատական ջանքերը թերեւս աննշան թուին։ Բայց երբ միասին կ’աշխատինք, կարելի կ’ըլլայ որ միլիոնաւոր մարդոց խօսինք Եհովա Աստուծոյ մասին, որ արժանի է փառք ու պատիւ ստանալու։ Բայց քարոզչութիւնը միակ կերպը չէ, որով թիկունք կը կանգնինք Աստուծոյ ժողովուրդի միութեան։

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԷ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ

8, 9. ա) Պօղոս ի՞նչ օրինակ բերաւ, որպէսզի քրիստոնեաներուն միութիւն սորվեցնէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովքին մէջ համագործակցիլ։

8 Պօղոս եփեսացիներուն բացատրեց թէ ժողովքը ինչպէ՛ս կազմակերպուած կ’ըլլայ եւ ըսաւ որ ժողովքի բոլոր անդամները պէտք է ‘ամէն բանի մէջ աճին’ (կարդա՛ Եփեսացիս 4։15, 16)։ Ան մարմինի օրինակը բերաւ, որպէսզի բացատրէ թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կրնայ ժողովքին միութեան նպաստել եւ ժողովքի Գլուխին՝ Յիսուսին հետեւիլ։ Ան ըսաւ որ մարմնին բոլոր մասերը իրարու հետ կը համագործակցին՝ «բոլոր յօդուածները իրարու հաղորդուելով կցուած»։ Ամէն մէկս, ըլլանք պատանի կամ տարեց, զօրաւոր կամ տկար, ինչպէ՞ս կրնանք օգնել որ ժողովքը միացած ըլլայ եւ հոգեւորապէս աճի։

9 Յիսուս երէցներ նշանակած է, որ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն. եւ ան կ’ուզէ որ զանոնք յարգենք եւ անոնց ուղղութիւններուն հետեւինք (Եբ. 13։7, 17)։ Ասիկա ընելը թերեւս միշտ դիւրին չըլլայ։ Բայց երբ աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն կը խնդրենք, ան մեզի սուրբ հոգին պիտի տայ որ կարենանք երէցներու բոլոր ուղղութիւններուն հետեւիլ։ Նաեւ մտածէ թէ մեր ժողովքին որքա՜ն օգտած կ’ըլլանք, եթէ խոնարհութեամբ համագործակցինք երէցներուն հետ։ Մեր ժողովքը միութեան մէջ պիտի ըլլայ եւ իրարու հանդէպ մեր սէրը պիտի աճի։

10. Օգնական ծառաները ինչպէ՞ս ժողովքի միութեան կը նպաստեն (տե՛ս բացման պատկերը)։

10 Օգնական ծառաները շատ գնահատելի դեր մը կը խաղան ժողովքին միութեան մէջ։ Այս եղբայրները, ի՛նչ տարիքի ալ պատկանին, անձնուրացօրէն կը ծառայեն եւ օգուտներ կը բերեն բոլորին։ Օրինակի համար, անոնք կը հսկեն որ բոլորս ալ բաւական հրատարակութիւն ունենանք ծառայութեան համար։ Ասկէ զատ, անոնք յաճախ հոգ կը տանին Թագաւորութեան սրահի մաքրութեան ու նորոգութեան, ինչպէս նաեւ՝ բարի գալուստ կը մաղթեն անոնց որոնք մեր ժողովներուն կու գան։ Երբ այս եղբայրներուն հետ կը համագործակցինք, իրարու միացած կ’ըլլանք եւ կազմակերպուած կերպով Եհովային կը ծառայենք (համեմատէ՛ Գործք 6։3-6

11. Աւելի երիտասարդ եղբայրները ի՞նչ կրնան ընել, որ ժողովքին միութեան նպաստեն։

11 Շատ մը հասուն եղբայրներ տարիներ շարունակ կրած են ժողովքին պատասխանատուութիւնները։ Բայց յառաջացած տարիքի պատճառով, թերեւս ա՛լ չեն կրնար առաջուան պէս ծառայել. ուստի կարգ մը փոփոխութիւններ ընելը անհրաժեշտ է։ Երիտասարդ եղբայրները մեծ օգնութիւն կրնան ըլլալ այս մարզին մէջ։ Թէեւ տակաւին փորձառութիւն չունին, սակայն երբ մարզում ստանան, պիտի կարենան յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնել։ Ի՜նչ լաւ բան է, երբ օգնական ծառաներ կը ձգտին որակեալ դառնալ երէց ըլլալու (Ա. Տիմ. 3։1, 10)։ Կարգ մը երիտասարդ երէցներ յառաջդիմելով որակեալ եղած են որպէս շրջանային տեսուչ, շատ մը ժողովքներու եղբայրներուն ու քոյրերուն ծառայելով։ Որքա՜ն երախտապարտ կ’ըլլանք, երբ երիտասարդ եղբայրներ սիրայօժար կերպով մեզի կը ծառայեն (կարդա՛ Սաղմոս 110։3. Ժողովող 12։1

ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԷ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՄԷՋ

12, 13. Ի՞նչ բան կրնայ ընտանիքի բոլոր անդամներուն օգնել, որ իրարու հետ համագործակցին։

12 Ինչպէ՞ս կրնանք համագործակցիլ մեր ընտանիքին մէջ։ Ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունք ընելը կ’օգնէ։ Երբ ծնողներ եւ զաւակներ իրարու հետ ժամանակ կ’անցընեն Եհովայի մասին սորվելով, իրենց միջեւ եղած սէրը կ’աճի ու կը զօրանայ։ Այս հաճելի նիստերուն ընթացքին, հոգեւոր բաներու վրայ կը կեդրոնանանք, ինչ որ ընտանիքը կը միացնէ։ Կարելի է դաշտի ծառայութեան համար փորձեր ընել, որպէսզի ընտանիքը աւելի պատրաստուած ըլլայ ազդուօրէն քարոզելու։ Եւ երբ ընտանիքի անդամները իրարու հետ ճշմարտութեան մասին խօսին եւ տեսնեն թէ ամէնքը Եհովան կը սիրեն ու կ’ուզեն իր կամքը կատարել, իրարու ա՛լ աւելի մօտիկ կը զգան։

Ընտանեկան պաշտամունքը կ’ամրացնէ մեծերուն եւ պզտիկներուն միջեւ եղած կապը (տե՛ս պարբերութիւն 12, 15)

13 Ամուսնացած զոյգերը ի՞նչ կրնան ընել, որպէսզի համագործակցին եւ Եհովային փառք բերեն։ Եթէ երկու կողակիցներն ալ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներ են, ասիկա իրենց ուրախութեան եւ միութեան կը նպաստէ։ Անոնք պէտք է սէր դրսեւորեն իրարու հանդէպ, ինչպէս որ Աբրահամն ու Սառան, Իսահակն ու Ռեբեկան, եւ Եղկանան ու Աննան ըրին (Ծն. 26։8. Ա. Թագ. 1։5, 8. Ա. Պետ. 3։5, 6)։ Այս կերպով անոնք իրարու միացած պիտի ըլլան եւ աւելի պիտի մօտենան իրենց երկնաւոր Հօրը (կարդա՛ Ժողովող 4։12

14. Եթէ ամուսինդ կամ կինդ Եհովային չի ծառայեր, ի՞նչ կրնաս ընել որպէսզի ամուսնութիւնդ ամուր պահես։

14 Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ որ պէտք չէ ամուսնանանք անձի մը հետ, որ Եհովային չի ծառայեր (Բ. Կոր. 6։14)։ Բայց կան եղբայրներ ու քոյրեր, որոնց կողակիցը Եհովայի վկայ չէ։ Ոմանք ճշմարտութեան գալէն առաջ ամուսնացած էին եւ հետեւաբար ունին կողակից մը որ Վկայ չէ։ Կան ուրիշներ, որոնք Եհովային ծառայող անձի մը հետ ամուսնացած են, բայց ետքը իրենց կողակիցը ժողովքէն հեռացած է։ Այս պարագաներուն, քրիստոնեաները իրենց ամէն կարելին կ’ընեն իրենց ամուսնութիւնը ամուր պահելու՝ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետեւելով։ Անոնք կարելի եղածին չափ կը համագործակցին իրենց կողակիցին հետ՝ առանց զիջումներ ընելու սկզբունքի մը մէջ։ Ասիկա կրնայ դիւրին չըլլալ, բայց մտածէ թէ ի՛նչ լաւ արդիւնք կրնան քաղել ասկէ։ Օրինակ, Մէրի եւ իր ամուսինը՝ Տէյվիտ, միասնաբար Եհովային կը ծառայէին։ Ետքը, շուրջ 25 տարի առաջ, Տէյվիտ կեցաւ ժողովներուն երթալէ։ Բայց Մէրին տակաւին ջանաց լաւ կին մը ըլլալ եւ հոգեւոր յատկութիւններ դրսեւորել։ Ան նաեւ իր վեց զաւակներուն սորվեցուց Եհովայի մասին ու շարունակեց ժողովներու եւ համաժողովներու երթալ։ Երբ զաւակները մեծցան եւ ուրիշ տուներ փոխադրուեցան, Մէրի շարունակեց Եհովային ծառայել, թէեւ ինքզինք մինակ կը զգար։ Բայց ետքը, Տէյվիտ սկսաւ կարդալ Մէրիի՝ իրեն ձգած պարբերաթերթերը, ու ժամանակի ընթացքին սկսաւ կարգ մը ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Իր 6 տարեկան թոռնիկը իրեն համար միշտ աթոռ մը կը պահէր, իսկ եթէ Տէյվիտ չգար, ետքը անոր կ’ըսէր. «Մեծ–պապա՛, կարօտցայ քեզի այսօր ժողովին մէջ»։ Տէյվիտ վերադարձաւ Եհովային եւ ինքն ու իր կինը ուրախ են որ անգամ մը եւս կրնան միասնաբար Եհովային ծառայել։

15. Տարեց զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան երիտասարդ զոյգերուն օգնել։

15 Ներկայիս, Սատանան ընտանիքներուն վրայ կը յարձակի։ Ուստի Եհովային ծառայող զոյգ մը միշտ պէտք ունի համագործակցութեան։ Քանի՛ տարի ալ ամուսնացած ըլլաս, մտածէ թէ անձնապէս ի՛նչ կրնաս ըսել կամ ընել, որ ամուսնութիւնդ ամրացնես։ Եթէ տարեց զոյգ մըն էք, կրնաք լաւ օրինակ մը ըլլալ երիտասարդ զոյգերուն։ Թերեւս կարենաք երիտասարդ զոյգ մը հրաւիրել որ ձեր ընտանեկան պաշտամունքին մասնակցի։ Այսպէս, անոնք պիտի տեսնեն որ մէկը քանի՛ տարի ալ ամուսնացած ըլլայ, պէտք է իր կողակիցին սէր ցուցնէ եւ հետը միաբանի (Տիտ. 2։3-7

«ԵԿԷ՛Ք, ԵՀՈՎԱՅԻՆ ԼԵՌԸ. . . ԵԼԼԵՆՔ»

16, 17. Աստուծոյ միաբան ծառաները ի՞նչ բանի անհամբեր կը սպասեն։

16 Երբ իսրայէլացիները տօներու համար Երուսաղէմ կ’երթային, իրարու հետ կը համագործակցէին, ճամբորդութեան համար պէտք եղած բոլոր նախապատրաստութիւնները ընելով, միասնաբար ճամբորդելով եւ իրարու օգնելով։ Տաճարին մէջ, անոնք բոլորն ալ միաբանութեամբ կը փառաբանէին ու կը պաշտէին Եհովան (Ղուկ. 2։41-44)։ Ներկայիս, մինչ կը պատրաստուինք նոր աշխարհին մէջ ապրելու, անհրաժեշտ է որ միութեան մէջ ըլլանք եւ կարելի եղածին չափ իրարու հետ համագործակցինք։ Արդեօք կա՞ն բաներ, որոնց մէջ կրնաս աւելի համագործակցիլ։

17 Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի։ Մենք արդէն մեր ետին ձգած ենք այս աշխարհին անմիաբան եւ տակնուվրայ վիճակը։ Այժմ ականատես կ’ըլլանք դէպքի մը, որ թէ՛ Եսային եւ թէ Միքիան մարգարէացան,– Աստուծոյ ծառաները միաբանութեամբ «Եհովային լեռը» կ’ելլեն (Եսա. 4։2-4. կարդա՛ Միքիա 4։2-4)։ Արդարեւ, մեր պաշտամունքը շատ «բարձր» է այս «վերջին օրեր»ուն մէջ։ Եւ որքան աւելի ուրախ պիտի ըլլանք ապրելով ժամանակի մը մէջ, երբ ամբո՛ղջ մարդկութիւնը «մէկտեղ կազմուած» պիտի ըլլայ եւ պիտի համագործակցի։