Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’

Ինչո՞ւ պէտք է ‘արթուն կենանք’

«Չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ» (ՄԱՏ. 24։42

ԵՐԳԵՐ. 136, 129

1. Օրինակով մը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ ժամէն լուր ունենանք եւ գիտնանք մեր շուրջը ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ՀԻՆԳ, չորս, երեք, երկու, մէ՛կ։ Երբ կը տեսնենք թէ պաստառին վրայի ժամացոյցը վերջին երկվայրկեանները կը ցուցնէ, կը գիտնանք որ համաժողովը սկսելու վրայ է, եւ թէ պէտք է նստինք ու ներկայացուած գեղեցիկ երաժշտութիւնը մտիկ ընենք։ Ժամանակն է որ մեր սիրտն ու միտքը պատրաստենք գալիք դասախօսութիւններուն։ Բայց թերեւս կարգ մը անհատներ զբաղած են, հոս–հոն կը պտըտին եւ իրենց բարեկամներուն հետ կը խօսին։ Յայտնի է որ անոնք ժամէն լուր չունին եւ չեն գիտեր իրենց շուրջը ի՛նչ կ’անցնի կը դառնայ. ատենապետը բեմն է, երաժշտութիւնը սկսած է եւ ներկաները նստած են։ Այս օրինակը մեզի աղուոր դաս մըն է, քանի որ շուտով շատ աւելի մեծ բան մը պիտի պատահի, եւ մենք պէտք է ատոր պատրաստուած ըլլանք։ Ո՞ր դէպքին մասին կը խօսինք։

2. Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն ըսաւ որ արթուն մնան։

2 Երբ Յիսուս Քրիստոս «աշխարհիս վերջ»ին մասին կը խօսէր, իր աշակերտներուն պատուիրեց. «Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք. . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է»։ Ետքը, ան քանի մը անգամ զգուշացուց. «Արթո՛ւն կեցէք» (Մատ. 24։3. կարդա՛ Մարկոս 13։32-37)։ Մատթէոսի Աւետարանը նոյն այս խօսակցութիւնը կը նշէ, եւ հոն ալ յայտնի է որ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց որ արթուն մնան։ Ան ըսաւ. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ . . .Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ Ան անգամ մը եւս ըսաւ. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի ո՛չ օրը գիտէք եւ ո՛չ ժամը» (Մատ. 24։42-44. 25։13

3. Յիսուսի զգուշացումը ինչո՞ւ լուրջի կ’առնենք։

3 Եհովայի վկաները Յիսուսի զգուշացումը լուրջի կ’առնեն։ Գիտենք թէ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք եւ ուր է–ուր չէ «մեծ նեղութիւն»ը պիտի սկսի (Դան. 12։4. Մատ. 24։21)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ, Եհովայի ժողովուրդը բարի լուրը կը քարոզէ աշխարհի չորս կողմը։ Նոյն ատեն, կը տեսնենք պատերազմներ, անբարոյութիւն, հիւանդութիւններ, երկրաշարժներ, անօթութիւն եւ կրօնական շփոթութիւն։ Եւ բնա՛ւ չէ եղած այսքա՛ն ոճիր ու վայրագութիւն (Մատ. 24։7, 11, 12, 14. Ղուկ. 21։11)։ Իսկապէս, չորս աչքով կը սպասենք որ Յիսուս գայ եւ իր Հօր նպատակը իրագործէ (Մար. 13։26, 27

ՕՐԸ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՎՐԱՅ Է

4. ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ Յիսուս այլեւս գիտէ թէ Արմագեդոնը ե՛րբ է։ բ) Հակառակ որ չենք գիտեր թէ մեծ նեղութիւնը ե՛րբ պիտի սկսի, ի՞նչ բանէ վստահ ենք։

4 Երբ համաժողովի երթանք, գիտենք թէ ամէն մէկ նիստ ճիշդ ո՛ր ժամուն պիտի սկսի։ Անդին, նոյնիսկ եթէ գլուխնիս պատէ պատ զարնենք, չենք կրնար գիտնալ թէ մեծ նեղութիւնը ճիշդ ո՛ր տարին պիտի սկսի. ուր մնաց օրն ու ժամը գիտնանք։ Յիսուս ըսաւ. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս» (Մատ. 24։36)։ Անշուշտ, Յիսուս հիմա այլեւս գիտէ թէ Արմագեդոնը ե՛րբ է, քանի որ ի՛նքն է որ այս պատերազմը պիտի առաջնորդէ (Յայտ. 19։11-16)։ Բայց մենք դեռ չենք գիտեր. ասոր համար, շատ կարեւոր է որ արթուն մնանք։ Եհովան որոշած է թէ մեծ նեղութիւնը ճիշդ ե՛րբ պիտի սկսի, եւ այժմ օրերը կը հաշուէ։ Այդ օրը «ետ պիտի չմնայ», այսինքն՝ պիտի չուշանայ (կարդա՛ Ամբակում 2։1-3)։ Ինչո՞ւ կրնանք այս վստահութիւնը ունենալ։

5. Օրինակ մը տուր, թէ Եհովային մարգարէութիւնները ինչպէս ճի՛շդ ժամանակին կը կատարուին։

5 Եհովային տուած մարգարէութիւնները միշտ ճի՛շդ ժամանակին կատարուած են։ Օրինակ՝ նկատի առ այն օրը որ իր ժողովուրդը ազատագրեց Եգիպտոսէն։ Ատիկա Ք.Ա. 1513–ի նիսան 14–ին էր։ Մովսէս յետագային այդ օրուան համար ըսաւ. «Չորս հարիւր երեսուն տարիներու վախճանին, այդ նոյն օրը Տէրոջ բոլոր զօրքերը Եգիպտոսի երկրէն դուրս ելան» (Ել. 12։40-42, ԱԾ)։ Այդ 430 տարիները սկսան Ք.Ա. 1943–ին, երբ Աբրահամին հետ Եհովայի ըրած ուխտը ի զօրու դարձաւ (Գաղ. 3։17, 18)։ Ատկէ ժամանակ մը ետք, Եհովան Աբրահամին ըսաւ. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին» (Ծն. 15։13. Գործք 7։6)։ Չարչարանքի այդ 400 տարիները սկսան Ք.Ա. 1913–ին, երբ Իսմայէլ սկսաւ գէշ կերպով վարուիլ Իսահակին հետ, եւ վերջացան Ք.Ա. 1513–ին, երբ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելան (Ծն. 21։8-10. Գաղ. 4։22-29)։ Յստակ է որ Եհովան իր ժողովուրդը ազատագրելէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ որոշած էր ճիշդ օրը։

6. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան իր ժողովուրդը պիտի ազատէ։

6 Յեսուն Եգիպտոսէն ազատագրուած իսրայէլացիներէն մէկն էր։ Տարիներ ետք, ան ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր բոլոր սրտովն ու բոլոր հոգիովը գիտէք թէ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի համար որչափ բարիք որ խոստացաւ, անոնցմէ բան մը չպակսեցաւ. անոնց ամէնքն ալ կատարուեցան։ Անոնցմէ բնաւ խօսք մը գետին չինկաւ» (Յես. 23։2, 14)։ Եհովան նաեւ իր ժողովուրդը պիտի ազատէ մեծ նեղութեան ընթացքին եւ անոնց յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ, ճի՛շդ ինչպէս որ խոստացած է։ Ուրեմն, եթէ կ’ուզենք նոր աշխարհին մէջ ըլլալ, պէտք է արթուն մնանք։

ԱՐԹՈ՛ՒՆ ԿԵՑԻՐ ՈՐ ՓՐԿՈՒԻՍ

7, 8. ա) Անցեալին պահապանը ի՞նչ պէտք էր ընէր եւ ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ բ) Օրինակ մը տուր թէ երբ պահապանները քունի անցնէին, ի՛նչ կրնար պատահիլ։

7 Կրնանք դաս մը սորվիլ այն պահապաններէն, որոնք անցեալին քաղաքներուն պահակութիւն կ’ընէին։ Շատ մը քաղաքներ, ինչպէս՝ Երուսաղէմը, բարձր պարիսպներ կ’ունենային, որպէսզի թշնամին չկարենայ ներս մտնել։ Պահապանները պարիսպներուն վրայ կը կենային, ուրկէ կրնային հեռուները տեսնել։ Քաղաքին մուտքերուն ալ պահապաններ կ’ըլլային։ Անոնք պէտք էր գիշեր–ցերեկ հսկէին, եւ երբ թշնամիին գալը տեսնէին, պէտք էր քաղաքին մէջի մարդիկը զգուշացնէին (Եսա. 62։6)։ Կարեւոր էր որ անոնք արթուն մնային եւ աչքերնին տասը բանային, քանի որ մարդոց կեանքը իրենց ձեռքն էր (Եզեկ. 33։6

8 Հրեաներուն պատմութիւնը գրող Յովսեպոս բացատրեց, թէ հռոմայեցիները Ք.Ե. 70–ին ինչպէ՛ս կրցան Երուսաղէմ մտնել։ Քաղաքին մէկ մասը հսկող պահապանները քունի անցած էին, եւ հռոմայեցի զինուորները ասիկա օգտագործելով քաղաք մտան, տաճարը կրակի տուին եւ ամբողջ Երուսաղէմը կործանեցին։ Ասիկա հրեայ ազգին տեսած ամէնէն մեծ նեղութեան վերջին մասն էր։

9. Մարդոց մեծամասնութիւնը ի՞նչ բանէ լուր չունի։

9 Ներկայիս գրեթէ բոլոր երկիրները իրենց սահմանները հսկելու համար զինուորներ կը դնեն եւ ամենանոր արուեստագիտութիւնը կը գործածեն։ Այս պահապանները զգոյշ կ’ըլլան որ մէկը կամ բան մը իրենց երկրին ապահովութիւնը վտանգի տակ չդնէ։ Բայց այս երկիրները միայն մարդոցմէ եկող վտանգները կրնան տեսնել։ Անոնք լուր չունին թէ աւելի մեծ կառավարութիւն մը կայ երկնքին մէջ, եւ Կառավարիչը Քրիստոսն է, ոչ ալ գիտեն թէ մօտ ատենէն այս կառավարութիւնը բոլոր կառավարութիւններուն դէմ պիտի պատերազմի (Եսա. 9։6, 7. 56։10. Դան. 2։44)։ Բայց անդին, մենք այդ օրուան համար պատրաստ կրնանք ըլլալ, եթէ մարգարէութիւններուն ականջ տանք եւ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք (Սաղ. 130։6

ՈՒՇԱԴԻՐ ԵՂԻՐ ՈՐ ՔՈՒՆԻ ՉԱՆՑՆԻՍ

10, 11. ա) Ի՞նչ բանէ զգոյշ պէտք է ըլլանք, եւ ինչո՞ւ։ բ) Ի՞նչը կը համոզէ քեզ թէ Սատանան չի ձգեր որ մարդիկ ականջ տան Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն։

10 Երեւակայէ պահապան մը, որ ամբողջ գիշերը արթուն մնացած է։ Երբ իր հսկողութիւնը վերջանալու վրայ ըլլայ, շատ յոգնած կ’ըլլայ եւ վտանգ կայ որ քունի անցնի։ Նմանապէս, որքա՛ն մօտենանք այս աշխարհի վերջին, այնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ արթուն մնալը։ Մեր վիճակը ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ, եթէ արթուն չմնանք։ Ուստի նկատի առնենք երեք բաներ, որոնք կրնան մեր արթուն վիճակը խանգարել։

11 Սատանան մարդիկը կը խաբէ։ Առաջ որ Յիսուս մեռնի, երեք անգամ իր աշակերտներուն յիշեցուց որ Սատանան «այս աշխարհին իշխան»ն է (Յովհ. 12։31. 14։30. 16։11)։ Ան սուտ կրօնքը գործածած է որպէսզի մարդիկը խաբէ։ Ասոր համար, ներկայիս շատեր ականջ չեն կախեր Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն, որոնք յստակօրէն կը ցուցնեն թէ աշխարհի վերջը շատ մօտ է (Սոփ. 1։14)։ Յայտնի է որ Սատանան ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցուցած է’ (Բ. Կոր. 4։3-6)։ Այս պատճառով, երբ մարդոց ըսենք թէ այս աշխարհին վերջը մօտ է եւ թէ Քրիստոս հիմա կ’իշխէ, շատեր չեն ուզեր մտիկ ընել։ Անոնք ընդհանրապէս կ’ըսեն. «Հետաքրքրուած չեմ»։

12. Ինչո՞ւ պէտք չէ ձգենք որ Սատանան մեզ խաբէ։

12 Հակառակ որ շատեր չեն հետաքրքրուած Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններով, պէտք չէ ձգենք որ անոնց կեցուածքը մեր վրայ ազդէ։ Գիտենք թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ արթուն մնանք։ Պօղոս առաքեալ եղբայրներուն գրեց. «Դուք աղէկ գիտէք թէ Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի» (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-6)։ Յիսուս այս զգուշացումը տուաւ մեզի. «Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր» (Ղուկ. 12։39, 40)։ Մօտ ատենէն, Սատանան մարդիկը պիտի խաբէ, որ կարծեն թէ աշխարհին մէջ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն» կայ եւ թէ ամէն բան շատ լաւ է։ Բայց Եհովային օրը մէկէն պիտի սկսի եւ անոնք անակնկալի պիտի գան։ Լաւ, մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Եթէ կ’ուզենք պատրաստ ըլլալ այդ օրուան համար եւ միւսներուն պէս չխաբուիլ, պէտք է հի՛մա «արթուն ու զգաստ ըլլանք»։ Ճիշդ ասոր համար պէտք է ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ խոկանք Եհովայի ըսածներուն վրայ։

13. Աշխարհի հոգին ինչպէ՞ս կ’ազդէ մարդոց, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այս վտանգէն հեռու մնալ։

13 Ներկայիս, աշխարհի հոգին մարդոց մտածելակերպին վրայ կ’ազդէ։ Շատեր այնքա՛ն զբաղած են աշխարհային բաներով, որ կը կարծեն թէ պէտք չունին հոգեւոր բաներու (Մատ. 5։3)։ Անոնք գրեթէ իրենց ամբողջ ժամանակը եւ ուժը կը գործածեն, որ աշխարհին հրամցուցած բաները ունենան (Ա. Յովհ. 2։16)։ Նաեւ, ներկայիս բազմաթիւ ժամանցներ կան, եւ երթալէն աւելի կը շատնան։ Ատոնք կը ձգեն որ մարդոց միտքը դառնայ միա՛յն հաճոյք առնելու եւ քէֆ ընելու շուրջ (Բ. Տիմ. 3։4)։ Ասոր համար, Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն յիշեցուց որ պէտք է ‘քունէն արթննան’ եւ իրենց ցանկութիւնները գոհացնելու ետեւէ չըլլան (Հռով. 13։11-14

14. Ղուկաս 21։34, 35–ի մէջ ի՞նչ զգուշացում տրուած է։

14 Կ’ուզենք որ Աստուծո՛յ հոգին մեր մտածելակերպին ազդէ, եւ ոչ թէ՝ աշխարհի հոգին։ Եհովան իր հոգիին միջոցաւ մեզի օգնած է որ յստակօրէն հասկնանք թէ ի՛նչ պիտի պատահի մօտ ապագային (Ա. Կոր. 2։12) [1]։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, քանի որ նոյնիսկ սովորական բաները կրնան արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայենք (կարդա՛ Ղուկաս 21։34, 35)։ Ուրիշներ թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ կը հաւատանք որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Պետ. 3։3-7)։ Բայց պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ փաստ ունինք որ վերջը մօտ ատենէն պիտի գայ։ Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ հոգին մեզի ազդէ, պէտք է կանոնաւորաբար ժողովներուն երթանք։

Ամէն կարելիդ կ’ընե՞ս, որպէսզի հոգեւորապէս արթուն մնաս (տե՛ս պարբերութիւն 11-16)

15. ա) Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին ի՞նչ պատահեցաւ։ բ) Նոյն բանը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի պատահիլ։

15 Մեր տկարութիւններուն պատճառով դժուար կ’ըլլայ որ արթուն մնանք։ Յիսուս գիտէր որ մարդ արարածը անկատար է եւ տկարութիւններ ունի։ Նկատի առ ի՛նչ պատահեցաւ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը։ Ան գիտէր որ իր Հօրմէն օգնութիւն պէտք էր խնդրէր, որպէսզի հաւատարիմ մնար։ Ան Պետրոսէն, Յակոբոսէն եւ Յովհաննէսէն խնդրեց որ ‘արթուն մնան’ մինչ ինք կ’աղօթէ։ Բայց անոնք չանդրադարձան որ որքա՜ն կարեւոր էր որ արթուն մնային։ Անոնք քնացան, քանի որ յոգնած էին։ Յիսուս ալ յոգնած էր, բայց արթուն մնաց եւ իր Հօր աղօթեց։ Նմանապէս առաքեալները այդ ժամանակ պէտք էր աղօթէին (Մար. 14։32-41

16. Ըստ Ղուկաս 21։36–ին, ինչպէ՞ս կրնանք ‘արթուն մնալ’։

16 Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ‘արթուն մնանք’ եւ Եհովայի օրուան համար պատրաստ ըլլանք։ Պէտք է զօրաւոր փափաք ունենանք որ մի՛շտ ճիշդը ընենք։ Բայց ասիկա չի բաւեր։ Յիսուս իր մահուընէ քանի մը օր առաջ այս նոյն աշակերտներուն ըսաւ, որ ամէն ատեն աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեն (կարդա՛ Ղուկաս 21։36)։ Ուրեմն, որպէսզի հոգեւորապէս արթուն մնանք, մենք ալ պէտք է յարատեւաբար Եհովային աղօթենք (Ա. Պետ. 4։7

ՈՐԵՒԷ ԺԱՄԱՆԱԿԷ ԱՒԵԼԻ ԱՐԹՈ՛ՒՆ ՄՆԱՑԷՔ

17. Ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստ ըլլալ՝ մօտ ատենէն ըլլալիք բաներուն։

17 Յիսուս ըսաւ որ վերջը պիտի գայ «այնպիսի ժամու մը որ [մենք չենք] կարծեր» (Մատ. 24։44)։ Ուրեմն հիմա ժամանակը չէ որ հոգեւորապէս քնանանք կամ փորձենք ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որուն մասին Սատանայի աշխարհը կ’ըսէ թէ երջանկութիւն կը բերէ. ատիկա միայն երազ է։ Եհովան եւ Յիսուս Սուրբ Գիրքին մէջ կ’ըսեն որ մօտ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք արթուն մնալ։ Պէտք է Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւններուն ուշադրութիւն տանք եւ տեսնենք թէ ատոնք ինչպէ՛ս կը կատարուին։ Նաեւ պէտք է ա՛լ աւելի մօտենանք Եհովային, եւ իր Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ Եթէ ասոնք ընենք, պատրաստ պիտի ըլլանք երբ վերջը գայ (Յայտ. 22։20)։ Մեր կեա՛նքը ասկէ կախեալ է։

^ [1] (պարբերութիւն 14) Տե՛ս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքին 21–րդ գլուխը։