Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան գնահատէ որպէս մեր Բրուտը

Եհովան գնահատէ որպէս մեր Բրուտը

«Ո՛վ Տէր. . . դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք» (ԵՍԱ. 64։8

ԵՐԳԵՐ. 89, 26

1. Եհովան ինչո՞ւ մեծագոյն Բրուտն է։

ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2010–ին, Անգլիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ, գրեթէ 70 միլիոն տոլարի ծախուեցաւ չինական կաւէ ծաղկաման մը, որ 18–րդ դարուն կը պատկանի։ Հիանալի է որ բրուտ մը ինչպէ՛ս կրնայ կաւի պէս ամէն տեղ գտնուող եւ աժան եղող բանէ մը ձեւաւորել գեղեցիկ եւ սուղ ծաղկաման մը։ Բայց ո՛չ մէկը կրնայ բաղդատուիլ Եհովային հետ։ Ստեղծագործութեան վեցերորդ օրուան վերջաւորութեան, Աստուած «գետնին հողէն [կաւէն]» շինեց կատարեալ մարդ մը, եւ անոր տուաւ Իր յատկութիւնները ընդօրինակելու կարողութիւնը (Ծն. 2։7)։ Այդ կատարեալ մարդը՝ Ադամ, «Աստուծոյ որդի» էր (Ղուկ. 3։38, ԱԾ

2, 3. Ինչպէ՞ս կրնանք զղջացող իսրայէլացիներուն կեցուածքը ունենալ։

2 Երբ Ադամ իր Ստեղծողին դէմ ըմբոստացաւ, դադրեցաւ Աստուծոյ որդի ըլլալէ։ Բայց անոր սերունդէն շատեր ընդունեցին, որ Եհովան իրենց վրայ իշխէ (Եբ. 12։1)։ Անոնք խոնարհութեամբ իրենց Ստեղծողին հնազանդելով ցոյց տուին, թէ կ’ուզէին որ ի՛նք ըլլայ իրենց Հայրը եւ Բրուտը, եւ ոչ թէ Սատանան (Յովհ. 8։44)։ Իրենց հաւատարմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ զղջացող իսրայէլացիներուն ըսածը. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես. մենք կաւ ենք, եւ դուն մեր Բրուտն ես. բոլորս քու ձեռքիդ գործն ենք» (Եսա. 64։8

3 Ներկայիս Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուներն ալ մեծ ջանք կը թափեն, որ խոնարհ ու հնազանդ ըլլան։ Իրենց համար պատիւ է Եհովան կոչել իրենց Հայրը, եւ կ’ուզեն որ ան իրենց Բրուտը ըլլայ։ Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ փափուկ կաւ ըլլալ, եւ ան քեզ ձեւաւորէ ու վերածէ արժէքաւոր անօթի մը կամ ամանի մը։ Նմանապէս, բոլոր եղբայրներդ եւ քոյրերդ կը տեսնե՞ս որպէս անօթներ, որոնք տակաւի՛ն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը ձեւաւորուին։ Ճիշդ կեցուածքը ունենալու համար պիտի քննարկենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կ’ընտրէ այն անհատները որ պիտի ձեւաւորէ, ինչո՛ւ կը ձեւաւորէ եւ ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ։

ԵՀՈՎԱՆ Կ’ԸՆՏՐԷ ԱՅՆ ԱՆՀԱՏՆԵՐԸ ՈՐ ՊԻՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐԷ

4. Եհովան ինչպէ՞ս կ’ընտրէ այն անհատները, որ կ’ուզէ իրեն քաշել. օրինակներ տուր։

4 Երբ Եհովան մարդոց կը նայի, իրենց դուրսի երեւոյթին վրայ չի կեդրոնանար։ Փոխարէն, ան սիրտը կը քննէ եւ ներքին անձը կը տեսնէ (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 16։7բ)։ Ասիկա շատ յայտնի էր երբ Աստուած քրիստոնէական ժողովքը կազմեց։ Ան իրեն եւ իր Որդիին քաշեց շատ մը անհատներ, որոնք թերեւս մարդկային աչքով անարժէք կը սեպուին (Յովհ. 6։44)։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Սօղոս անունով փարիսեցի մը, որ ‘հայհոյիչ, հալածող եւ թշնամանող’ էր (Ա. Տիմ. 1։13)։ Բայց «սիրտերը քննողը» Սօղոսին չնայեցաւ որպէս անօգուտ կաւ մը (Առ. 17։3, ԱԾ)։ Փոխարէն, Աստուած տեսաւ թէ Սօղոսը կրնար ձեւաւորուիլ եւ վերածուիլ «ընտիր աման»ի մը, որպէսզի քարոզէ «հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն» (Գործք 9։15)։ Եհովան նաեւ ընտրեց ուրիշներ, որոնք կրնային վերածուիլ ‘պատիւի համար’ եղող անօթներու, մէջը ըլլալով՝ նախապէս գինով, անբարոյ եւ գող եղողներ (Հռով. 9։21. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը սերտելով՝ իրենց հաւատքը զօրացուցին եւ թոյլ տուին որ Եհովան զիրենք ձեւաւորէ։

5, 6. Որպէս Բրուտ Եհովային վստահիլը ինչպէ՞ս կ’ազդէ մեր կեցուածքին՝ ա) թաղամասի մարդոց հանդէպ, բ) եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ։

5 Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել։ Որովհետեւ կը հաւատանք որ Եհովան կրնա՛յ սրտերը կարդալ եւ իրեն քաշել այն անհատները որ ինք կը զատէ, պէտք չէ ուրիշները դատենք, թէ՛ թաղամասին մէջ եւ թէ ժողովքին մէջ։ Նկատի առ Մայքլ անունով մարդու մը օրինակը։ Ան կ’ըսէ. «Երբ Եհովայի վկաները դուռս կը զարնէին, երեսս դարձնելով կ’անտեսէի զիրենք, կարծես թէ գոյութիւն չունէին։ Բառին բուն իմաստով անքաղաքավար էի։ Յետագային, մօտէն ծանօթացայ ընտանիքի մը, որ շատ կը հաւնէի քանի որ լաւ վարք ունէին։ Բայց օր մը, օդէն ինկայ երբ գիտցայ թէ Եհովայի վկայ են։ Իրենց վարքին պատճառով սկսայ քննել թէ ինչո՛ւ նախապաշարուած էի։ Շատ չանցած, անդրադարձայ որ պատճառը տգիտութիւնս եւ տարաձայնութիւններն էին, եւ կեցուածքս իրողութիւններու վրայ չէր հիմնուած»։ Մայքլ ընդունեց որ Սուրբ Գիրքը սերտէ, որպէսզի իրողութիւնները գիտնայ։ Յետագային, ան ճշմարտութեան եկաւ եւ լիաժամ ծառայութեան մասնակցեցաւ։

6 Երբ ընդունինք որ Եհովան մեր Բրուտն է, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ մեր կեցուածքը պիտի փոխուի։ Աստուծոյ աչքով կը նայի՞ս իրենց, եւ կը տեսնե՞ս թէ տակաւի՛ն կը ձեւաւորուին իր ձեռքերուն մէջ։ Աստուած կրնայ տեսնել մէկու մը ներքին անձը, եւ թէ ինչպիսի՛ անձ մը կրնայ դառնալ Իր կարող ձեռքերուն մէջ։ Ուրեմն, Եհովան մարդոց դրական կերպով կը նայի եւ չի կեդրոնանար ժամանակաւոր անկատարութիւններու վրայ (Սաղ. 130։3)։ Մենք ալ կրնանք իրեն պէս դրական աչքով նայիլ իր ծառաներուն։ Նոյնիսկ կրնանք մեր Բրուտին հետ աշխատիլ, որպէսզի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնենք որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն (Ա. Թես. 5։14, 15)։ Երէցները, որ «պարգեւներ» են, պէտք է լաւ օրինակ ըլլան ասոր մէջ (Եփ. 4։8, 11-13

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵԶ ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ

7. Եհովային կրթութիւնը ինչո՞ւ կ’արժեւորես։

7 Կրնայ ըլլալ որ լսած ես մէկը կ’ըսէ. «Ծնողքէս առած կրթութեանս արժէքը չգիտցայ, մինչեւ որ պզտիկ ունեցայ»։ Թերեւս երբ աւելի փորձառութիւն կ’ունենանք, կը սկսինք կրթութիւնը արժեւորել եւ Եհովային աչքով նայիլ ատոր, այսինքն՝ որպէս սիրոյ արտայայտութիւն մը (կարդա՛ Եբրայեցիս 12։5, 6, 11)։ Իսկապէս, քանի որ Եհովան մեզ կը սիրէ, մեզ համբերութեամբ կը ձեւաւորէ։ Ան կ’ուզէ որ իմաստուն եւ ուրախ ըլլանք, ու մեր կարգին զինք սիրենք (Առ. 23։15)։ Ան հաճոյք չ’առներ երբ չարչարուինք, ոչ ալ կ’ուզէ որ մեռնինք որպէս չզղջացող մեղաւորներ (Եփ. 2։2, 3

8, 9. Ներկայիս Եհովան ինչպէ՞ս կը կրթէ մեզ, եւ այս կրթութիւնը ինչպէ՞ս պիտի շարունակուի ապագային։

8 Թերեւս Եհովան ճանչնալէ առաջ շատ մը գէշ յատկութիւններ ունէինք, նոյնիսկ գազաններուն ունեցած յատկութիւններէն։ Բայց քանի որ Եհովան մեզ ձեւաւորեց, սկսանք աւելի նմանիլ ոչխարներու (Եսա. 11։6-8. Կող. 3։9, 10)։ Մենք հոգեւոր դրախտի մը մէջ կ’ապրինք։ Ասիկա ներկայիս Եհովային ստեղծած մթնոլորտն է, ուր մեզ կը ձեւաւորէ։ Հոն մենք ապահով կը զգանք, հակառակ որ չար աշխարհի մը մէջ ենք։ Ասկէ զատ, անոնք որոնք անսիրալիր ու խանգարուած ընտանիքի մէջ մեծցած են, վերջապէս կրնան իսկական սէրը համտեսել (Յովհ. 13։35)։ Նաեւ սորված ենք որ ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրը ցուցնենք։ Բայց ամէնէն կարեւորը, Եհովան ճանչցած ենք եւ իր հայրական սէրը կը զգանք (Յակ. 4։8

9 Նոր աշխարհին մէջ, հոգեւոր դրախտին օրհնութիւններէն լիովին պիտի օգտուինք։ Նաեւ պիտի վայելենք բառացի դրախտը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ Այդ ժամանակամիջոցին, Եհովան պիտի շարունակէ մեզ ձեւաւորել եւ կրթել այն աստիճան, որ հիմա դժուար է երեւակայել (Եսա. 11։9)։ Ասկէ զատ, ան մեր միտքն ու մարմինը կատարեալ պիտի ընէ, որպէսզի կարենանք աւելի դիւրութեամբ հասկնալ իր ցուցմունքները եւ ամբողջովին կատարել իր կամքը։ Ուրեմն, շարունակենք Եհովային թոյլ տալ որ մեզ ձեւաւորէ, եւ ցուցնենք որ գիտենք թէ մեզ կը ձեւաւորէ քանի որ մեզ կը սիրէ (Առ. 3։11, 12

ԵՀՈՎԱՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՁԵՒԱՒՈՐԷ ՄԵԶ

10. Յիսուս ինչպէ՞ս ցուցուց Մեծ Բրուտին համբերութիւնը եւ վարպետութիւնը։

10 Եհովան վարպետ բրուտի մը պէս գիտէ իր ձեռքերուն մէջ եղող «կաւ»ին տեսակն ու որակը, եւ զայն կը ձեւաւորէ ատոր համաձայն (կարդա՛ Սաղմոս 103։10-14)։ Ան անհատ առ անհատ կը վարուի մեզի հետ եւ նկատի կ’առնէ մեր տկարութիւնները, սահմանափակումները եւ թէ հոգեւորապէս որքա՛ն աճած ենք։ Յիսուս ցուցուց թէ Եհովան ի՛նչ կեցուածք ունի Իր անկատար ծառաներուն հանդէպ։ Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս հակազդեց առաքեալներուն անկատարութիւններուն, մանաւանդ երբ կը վիճէին թէ ո՛վ է մեծը։ Եթէ հոն ըլլայիր եւ տեսնէիր անոնց վիճիլը, պիտի մտածէի՞ր որ անոնք հեզ ու դիւրաթեք են։ Բայց Յիսուս գէշ կարծիք չկազմեց իրենց մասին։ Ան գիտէր որ եթէ անոնք ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ խրատ ստանան եւ իր հեզ օրինակին հետեւին, կրնա՛ն ձեւաւորուիլ (Մար. 9։32-36. 10։37, 41-45. Ղուկ. 22։24-27)։ Յիսուսի յարութենէն եւ սուրբ հոգիին թափուելէն ետք, առաքեալները այլեւս չկեդրոնացան դիրքի վրայ, հապա՝ Յիսուսին իրենց տուած գործին վրայ (Գործք 5։42

11. Դաւիթ ինչպէ՞ս փաստեց թէ փափուկ կաւ էր, եւ ինչպէ՞ս կրնանք իրեն նմանիլ։

11 Ներկայիս Եհովան իր ծառաները կը ձեւաւորէ գլխաւորաբար իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ ժողովքին միջոցաւ։ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեզ ձեւաւորել, երբ զայն կարդանք, ատոր վրայ խոկանք եւ Եհովայէն խնդրենք որ մեզի օգնէ զայն կիրարկելու։ Դաւիթ գրեց. «Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ, գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ» (Սաղ. 63։6)։ Ան նաեւ գրեց. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս [կամ՝ խորին մտածումներս] գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն» (Սաղ. 16։7)։ Դաւիթ Եհովայի խրատին վրայ խոկաց եւ թոյլ տուաւ որ իր խորին մտածումներն ու զգացումները ձեւաւորէ, նոյնիսկ երբ խրատը խիստ էր (Բ. Թագ. 12։1-13)։ Ան խոնարհութեան եւ հնազանդութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ձգեց մեզի։ Դուն ալ կը խոկա՞ս Աստուծոյ Խօսքին վրայ եւ թոյլ կու տա՞ս որ խորին մտածումներուդ ու զգացումներուդ դպնայ։ Կրնա՞ս այս կէտին մէջ աւելի ջանք թափել (Սաղ. 1։2, 3

12, 13. Եհովան ինչպէ՞ս կը ձեւաւորէ մեզ սուրբ հոգիին եւ ժողովքին միջոցաւ։

12 Սուրբ հոգին ալ շատ մը կերպերով կրնայ մեզ ձեւաւորել։ Օրինակ՝ ատիկա կրնայ մեզի օգնել որ Յիսուսի անձնաւորութիւնը ընդօրինակենք, որուն մէջ կայ Աստուծոյ հոգիին պտուղը (Գաղ. 5։22, 23)։ Սէրը այդ պտուղին մէկ երեսակն է։ Մենք Աստուած կը սիրենք եւ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ ու իր ձեռքերուն մէջ ձեւաւորուիլ, քանի որ իր պատուիրանները ծանր չեն։ Սուրբ հոգին նաեւ կրնայ մեզի զօրութիւն տալ, որպէսզի թոյլ չտանք որ այս աշխարհը մեզ ձեւաւորէ (Եփ. 2։2)։ Երբ Պօղոս առաքեալ երիտասարդ էր, հպարտ հրեայ կրօնական առաջնորդներէն ազդուած էր։ Բայց ան սուրբ հոգիին օգնութեամբ փոխուեցաւ։ Յետագային ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13)։ Ուրեմն մենք ալ Պօղոսին պէս շարունակենք սուրբ հոգին խնդրել, գիտնալով որ Եհովան մեր անկեղծ աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Սաղ. 10։17

Եհովան երէցները կը գործածէ որպէսզի մեզ ձեւաւորէ, բայց մենք ալ ընելիք ունինք (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

13 Եհովան նաեւ ժողովքը եւ երէցները կը գործածէ, որպէսզի ամէն մէկս ձեւաւորէ։ Օրինակ՝ եթէ երէցները նկատեն թէ հոգեւոր խնդիրներ ունինք, կը փորձեն մեզի օգնել, առանց իրենց իմաստութեան վստահելու (Գաղ. 6։1)։ Անոնք խոնարհութեամբ Աստուծմէ խորատեսութիւն եւ իմաստութիւն կը խնդրեն։ Ետքը, մեր պարագան իրենց մտքին մէջ պահելով պրպտում կ’ընեն Աստուծոյ Խօսքին եւ հրատարակութիւններուն մէջ։ Այսպիսով, անոնք կրնան մեր կարիքներուն համաձայն օգնութիւն տալ մեզի։ Եթէ օր մը երէցները քեզի մօտենալով՝ ազնուութեամբ եւ սիրալիր կերպով խրատ տան, օրինակ՝ հագուելաձեւիդ մասին, անոնց խրատը պիտի առնե՞ս որպէս Աստուծոյ սիրոյ մէկ արտայայտութիւնը։ Եթէ այո՛, պիտի ցուցնես որ Եհովային ձեռքերուն մէջ փափուկ կաւ ես, եւ ան կրնայ քեզ ձեւաւորել որպէսզի օգտուիս։

14. Եհովան ինչպէ՞ս մեր ազատ կամքը կը յարգէ, հակառակ որ կաւին վրայ հեղինակութիւն ունի։

14 Երբ հասկնանք որ Եհովան ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ մեզ, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ դրական կեցուածք ունենանք, մէջը ըլլալով մեր աշակերտները։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, բրուտ մը չէր սկսեր ձեւաւորել հազիւ որ կաւը գտնէր։ Նախ, ան կաւը կը պատրաստէր, մէջէն հանելով քարերը եւ այլ նիւթեր։ Նմանապէս, հոգեւոր գետնի վրայ Աստուած կ’օգնէ այն անհատներուն, որոնք կ’ուզեն ձեւաւորուիլ։ Ան չի ստիպեր որ փոփոխութիւններ ընեն։ Փոխարէն, ան իր արդար չափանիշները կը յայտնէ անոնց, որպէսզի կամովին կարենան իրենց կեանքը մաքրել կամ փոփոխութիւններ ընել։

15, 16. Աստուածաշունչի աշակերտները ինչպէ՞ս ցոյց կու տան, թէ կ’ուզեն որ Եհովան զիրենք ձեւաւորէ. օրինակ մը տուր։

15 Նկատի առ Աւստրալիոյ մէջ ապրող Թեսի անունով քրոջ մը օրինակը։ «Թեսին դիւրութեամբ կը սորվէր Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին, բայց հոգեւորապէս շատ չյառաջդիմեց, նոյնիսկ ժողովներու չգնաց», կ’ըսէ անոր հետ սերտած քոյրը։ «Նիւթին մասին աղօթքով շատ մտածելէ ետք, որոշեցի որ դասը կեցնեմ։ Բայց ետքը զարմանալի բան մը պատահեցաւ։ Այդ օրը որ միտքս դրած էի վերջին անգամ ըլլալով դասը ընել, Թեսին իր սիրտը բացաւ ինծի։ Ան ըսաւ որ կը զգար թէ կեղծաւոր անձ մըն էր, քանի որ բախտախաղ կը խաղար։ Բայց այժմ որոշած էր այդ սովորութիւնը ձգել»։

16 Շատ չանցած, Թեսին սկսաւ ժողովներու երթալ եւ քրիստոնէական յատկութիւններ ցոյց տալ, նոյնիսկ երբ իր բարեկամուհիները իր վրայ կը խնդային։ Քոյրը աւելցուց. «Ժամանակի ընթացքին Թեսին մկրտուեցաւ եւ կանոնաւոր ռահվիրայ եղաւ, հակառակ որ պզտիկներ ունէր»։ Իսկապէս, երբ Աստուածաշունչի աշակերտները սկսին իրենց կեանքը մաքրել որպէսզի Աստուած ուրախացնեն, ան իրենց պիտի մօտենայ ու ձեւաւորէ եւ արժէքաւոր ամաններու վերածէ։

17. ա) Եհովան քու Բրուտդ ըլլալով ի՞նչ կը զգաս։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

17 Մինչեւ օրս, կարգ մը բրուտներ տակաւին ձեռքով կ’աշխատին եւ շատ ուշադրութեամբ կաւը կը ձեւաւորեն։ Նմանապէս, մեր Բրուտը ուշադրութեամբ եւ համբերութեամբ կ’աշխատի մեր վրայ, եւ իր խրատով կը ձեւաւորէ մեզ ու կը նայի թէ ինչպէ՛ս պիտի հակազդենք (կարդա՛ Սաղմոս 32։8)։ Կրնա՞ս տեսնել թէ Եհովան անձնապէս հետաքրքրուած է քեզմով։ Կը նկատե՞ս թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուշադրութեամբ կը ձեւաւորէ քեզ իր ձեռքերուն մէջ։ Եթէ այո՛, ուրիշ ի՞նչ յատկութիւններ քեզի պիտի օգնեն որ փափուկ եւ դիւրաթեք կաւ մնաս։ Ո՞ր յատկութիւնները պէտք չէ ունենաս, որպէսզի կարծր եւ անճկուն չըլլաս։ Իսկ ծնողները ինչպէ՞ս կրնան Եհովային հետ աշխատիլ, որպէսզի իրենց զաւակները ձեւաւորեն։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։