Վճռէ ‘յարատեւել եղբայրսիրութեան մէջ’
«Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ» (ԵԲ. 13։1, ԱԾ)։
1, 2. Պօղոս ինչո՞ւ համար եբրայեցի քրիստոնեաներուն նամակ մը գրեց։
Ք.Ե. 61 թուականն էր։ Իսրայէլի մէջ քրիստոնէական ժողովքները յարաբերաբար խաղաղութիւն կը վայելէին։ Թէեւ Պօղոս առաքեալ Հռոմի մէջ բանտարկուած էր, սակայն յոյս ունէր որ մօտ ատենէն ազատ արձակուէր։ Իր ընկերակիցը՝ Տիմոթէոս, դեռ բանտէն նոր արձակուած էր եւ միասնաբար կը ծրագրէին այցելել Հրէաստանի եղբայրներուն (Եբ. 13։23)։ Սակայն ատկէ հինգ տարի ետք, Երուսաղէմը «զօրքերով շրջապատուած» պիտի ըլլար, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացած էր։ Հրէաստանի քրիստոնեաները, մանաւանդ Երուսաղէմի մէջ ապրողները, պէտք պիտի ունենային որ արագօրէն գործի անցնին։ Յիսուս ըսած էր որ երբ տեսնէին թէ այս բաները սկսան կատարուիլ, պէտք էր որ փախչէին (Ղուկ. 21։20-24)։
2 Այժմ 28 տարի անցած էր որ Յիսուս այդ զգուշացումը տուած էր։ Այդ ժամանակուան ընթացքին, Իսրայէլի քրիստոնեաները հաւատարիմ մնացած էին, հակառակ որ շատ հալածանքներ եւ փորձութիւններ ունեցած էին (Եբ. 10։32-34)։ Բայց Պօղոս գիտէր որ ուր է–ուր չէ հաւատքի ամէնէն մեծ փորձութիւններէն մէկը պիտի անցնէր իրենց գլուխէն (Մատ. 24։20, 21. Եբ. 12։4)։ Ան կ’ուզէր որ իրենք պատրաստուած ըլլային ինչ բանի ալ հանդիպէին։ Անոնք որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք էր որ դիմանային եւ զօրաւոր հաւատք ունենային, որպէսզի կարենային իրենց կեանքը ազատել (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։36-39)։ Ուստի Պօղոս Եհովայի հոգիէն ներշնչուած՝ գրեց նամակ մը այդ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որպէսզի զիրենք զօրացնէր գալիք բաներուն համար։ Այդ նամակը այժմ կը ճանչցուի որպէս Եբրայեցիս գիրքը։
3. Ինչո՞ւ համար պէտք է հետաքրքրուած ըլլանք Եբրայեցիս նամակով։
3 Բոլորս պէտք է հետաքրքրուած ըլլանք Եբրայեցիս նամակով, քանի որ նոյնանման պարագայի մը մէջ կը գտնուինք։ «Չար ժամանակներու» մէջ կ’ապրինք, եւ շատեր հաւատարմօրէն դիմացած են լուրջ փորձութիւններու կամ հալածանքի (Բ. Տիմ. 3։1, 12)։ Բայց մեզմէ շատեր յարաբերաբար խաղաղ պայմաններու մէջ կ’ապրին եւ ուղղակի հալածանք չունին։ Սակայն պէտք է Պօղոսի օրուան քրիստոնեաներուն պէս արթուն ըլլանք, քանի որ մօտ ատենէն հաւատքի ամէնէն մեծ փորձութիւնը պիտի ունենանք (կարդա՛ Ղուկաս 21։34-36)։
4. 2016–ի տարուան համարը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ տեղին է։
4 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ այս գալիք բաներուն պատրաստուինք։ Եբրայեցիս նամակին մէջ Պօղոս կը խօսի շատ մը բաներու մասին, որոնք մեզի պիտի օգնեն մեր հաւատքը զօրացնելու։ Կարեւոր կէտ մը յիշուած է Եբրայեցիս 13։1–ին մէջ (ԱԾ), որ 2016–ի տարուան համարն է։ Ատիկա մեզ կը քաջալերէ. «Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ»։
2016–ի տարուան համարը. «Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ» (Եբրայեցիս 13։1, ԱԾ)
ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է
5. Ի՞նչ է եղբայրսիրութիւնը։
5 Եղբայրսիրութիւնը ի՞նչ է։ Պօղոսի գործածած յունարէն բառը՝ ֆի·լա·տել·ֆիա, բառացիօրէն կը նշանակէ «եղբօր մը հանդէպ գորով»։ Եղբայրսիրութիւնը գորովի տեսակ մըն է, որուն մէջ կայ զօրաւոր եւ ջերմ կապուածութիւն մը, ինչպէս որ ընտանիքի անդամի մը հանդէպ կամ մտերիմ բարեկամի մը հանդէպ կ’ըլլայ (Յովհ. 11։36)։ Մենք չենք ձեւացներ եղբայրներ եւ քոյրեր ըլլալ. մենք իրապէս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք (Մատ. 23։8, 9ա)։ Պօղոս կ’ըսէ. «Եղբայրսիրութեան մէջ իրարու գորովալից եղէ՛ք. պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ Այս խօսքը ցոյց կու տայ, թէ մեր միջեւ եղած կապուածութիւնը որքա՛ն զօրաւոր է։ Եղբայրսիրութիւնը, սկզբունքի վրայ հիմնուած սիրոյ՝ ա·կաբէ–ի հետ մէկտեղ, Աստուծոյ ծառաներուն կ’օգնէ որ իրարու հետ մտերիմ բարեկամներ ըլլան։
6. Որո՞նք պէտք է մեր եղբայրները նկատենք։
6 Ուսումնական մը կ’ըսէ, թէ «‘Եղբայրսիրութիւնը’ համեմատաբար հազուագիւտ նշուած արտայայտութիւն մըն է քրիստոնէական հրատարակութիւններէ դուրս»։ Հրէականութեան մէջ, «եղբայր» բառը ատեններ բառացի ազգականներէ զատ ուրիշներ ալ կ’ընդգրկէր, բայց բնա՛ւ չէր ընդգրկեր անհատ մը որ հրեայ չէր։ Սակայն որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, բոլոր ճշմարիտ հաւատացեալները մեր «եղբայր»ներն են, ուրկէ ալ ըլլան (Հռով. 10։12)։ Եհովան մեզի սորվեցուցած է որ զիրար սիրենք (Ա. Թես. 4։9)։ Բայց ինչո՞ւ համար կարեւոր է որ շարունակենք եղբայրսիրութիւն ցոյց տալ։
ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ՈՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆՔ ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑՆԵԼ
7. ա) Եղբայրսիրութիւն ցուցնելու կարեւորագոյն պատճառը ի՞նչ է։ բ) Ուրիշ պատճառ մը տուր, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ իրարու հանդէպ մեր սէրը զօրացնենք։
7 Գլխաւոր պատճառը այն է, որ Եհովան մեզմէ կը պահանջէ որ իրարու եղբայրսիրութիւն ցուցնենք։ Չենք կրնար ըսել թէ Աստուած կը սիրենք, երբ չենք ուզեր մեր եղբայրները սիրել (Ա. Յովհ. 4։ 7, 20, 21)։ Ուրիշ պատճառ մըն ալ կայ. մենք իրարու պէտք ունինք, մանաւանդ նեղութեան ժամանակ։ Երբ Պօղոս իր նամակը գրեց եբրայեցի քրիստոնեաներուն, գիտէր որ անոնցմէ ոմանք մօտ ատենէն պիտի ստիպուէին իրենց տուները եւ ունեցուածքը ձգել։ Յիսուս նկարագրած էր թէ այդ ժամանակը որքա՜ն դժուար պիտի ըլլար (Մար. 13։14-18. Ղուկ. 21։21-23)։ Ուստի այդ քրիստոնեաները որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք ունէին իրարու հանդէպ իրենց սէրը զօրացնելու (Հռով. 12։9)։
8. Ի՞նչ պէտք է ընենք հիմա՛, առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի։
8 Մօտ ատենէն, մարդկութեան պատմութեան մէջ ամէնէն մեծ նեղութիւնը պիտի սկսի (Մար. 13։19. Յայտ. 7։1-3)։ Այդ ժամանակ, լաւ կ’ըլլայ որ այս խրատին ականջ տանք. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Այս «սենեակներ»ը կրնան մեր ժողովքներուն ակնարկել։ Իրապէս, մեր ժողովներուն մէջ է որ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ Եհովան կը պաշտենք։ Բայց չի բաւեր որ կանոնաւորաբար միասին հաւաքուինք։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն յիշեցուց որ այսպիսի առիթներ պէտք է օգտագործեն «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել[ու]» (Եբ. 10։24, 25)։ Հիմա՛ պէտք է որ մեր եղբայրսիրութիւնը զօրացնենք, քանի որ ատիկա ապագային մեզի պիտի օգնէ, ինչ փորձութիւններու դիմաց ալ ըլլանք։
9. ա) Ի՞նչ առիթներ ունինք մեր եղբայրսիրութիւնը ցոյց տալու։ բ) Օրինակներ տուր թէ ինչպէ՛ս Եհովայի ծառաները եղբայրսիրութիւն ցուցուցած են (տե՛ս նաեւ ծանօթագրութիւնը)։
9 Նոյնիսկ հիմա, առաջ որ մեծ նեղութիւնը սկսի, մենք շատ պէտք ունինք եղբայրսիրութեան։ Մեր եղբայրներէն շատեր հանդիպած են երկրաշարժներու, ջրհեղեղներու, ոլորամրրիկներու, ցունամիներու կամ ուրիշ բնական աղէտներու։ Կարգ մը եղբայրներ հակառակութիւն եւ հալածանք կը կրեն (Մատ. 24։6-9)։ Ասոր վրայ աւելցնենք այն նիւթական նեղութիւնները որ օրական կը քաշենք, քանի որ այս փտած աշխարհին մէջ կ’ապրինք (Յայտ. 6։5, 6)։ Այսպիսի խնդիրներ որքա՛ն աւելի շատնան, այնքան աւելի առիթ կ’ունենանք մեր եղբայրսիրութիւնը փաստելու։ Թէեւ «շատերուն սէրը պիտի պաղի», սակայն մենք պէտք է եղբայրսիրութեան մէջ յարատեւենք (Մատ. 24։12) [1]։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՅԱՐԱՏԵՒԵԼ ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
10. Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
10 Հակառակ մեր ունեցած խնդիրներուն, ինչպէ՞ս կրնանք յարատեւել մեր եղբայրսիրութեան մէջ։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք փաստել, թէ մեր եղբայրներուն հանդէպ այսպիսի զգացում ունինք։ Ըսելէ ետք «Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ», Պօղոս առաքեալ կը նշէ այդ մէկը ընելու կարգ մը կերպեր։ Նկատի առնենք անոնցմէ վեցը։
11, 12. Ի՞նչ կը նշանակէ հիւրասէր ըլլալ (տե՛ս բացման պատկերը)։
11 «Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։2)։ Պօղոսի գործածած «հիւրասիրութիւն» բառը կը նշանակէ «օտարներուն հետ ազնիւ ըլլալ»։ Այս արտայայտութիւնը մեզի կրնայ յիշեցնել Աբրահամին եւ Ղովտին օրինակները։ Երկուքն ալ ազնուօրէն վարուեցան այցելուներու հետ, որոնց չէին ճանչնար։ Մէջտեղ եկաւ որ այդ այցելուները հրեշտակներ էին (Ծն. 18։2-5. 19։1-3)։ Պօղոս այս օրինակները կը նշէ, որպէսզի եբրայեցի քրիստոնեաները քաջալերէ որ հիւրասէր ըլլալով եղբայրսիրութիւն ցուցնեն։
12 Հիւրասիրութիւն կը ցուցնե՞նք ուրիշներուն, զանոնք ճաշի կանչելով մեր տունը կամ պարզապէս ընկերակցելու եւ քաջալերուելու համար։ Հիւրասէր ըլլալու համար պէտք չունինք երկար–բարակ Ղուկ. 10։42. 14։12-14)։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ քաջալերել եւ ոչ թէ լաւ տպաւորութիւն ձգել։ Սրտանց կը հիւրասիրե՞նք շրջանային տեսուչը եւ անոր կինը, հակառակ որ թերեւս զանոնք շատ լաւ չենք ճանչնար (Գ. Յովհ. 5-8)։ Ի՜նչ կարեւոր է որ այս բազմազբաղ եւ ճնշումներով լեցուն կեանքին մէջ ‘չմոռնանք հիւրասիրութիւնը’։
պատրաստութիւններ տեսնելու, ոչ ալ կ’ուզենք հրաւիրել միայն անոնք որ կրնան փոխադարձել (13, 14. Կապուածները ինչպէ՞ս կրնան ‘մտքերնիս ըլլալ’։
13 «Մտքերնիդ ըլլան կապուածները» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։3)։ Պօղոս հոս չէր խօսեր ոեւէ կապուածի կամ բանտարկեալի մասին։ Ան կը խօսէր այն եղբայրներուն մասին, որոնք իրենց հաւատքին համար բանտարկուած էին (Փլպ. 1։12-14)։ Ան գովեց ժողովքը, քանի որ ‘կարեկցեցան’ բանտի մէջ եղողներուն (Եբ. 10։34, ԱԾ)։ Ճիշդ է որ կային եղբայրներ, որոնք անձամբ Պօղոսին օգնեցին չորս տարի բանտարկութեան ընթացքին, սակայն եբրայեցի քրիստոնեաները ֆիզիքապէս հեռու էին Պօղոսէն։ Ուստի անոնք ինչպէ՞ս կրնային Պօղոսը իրենց միտքը պահել. ջերմեռանդօրէն Պօղոսի մասին աղօթելով (Եբ. 13։18, 19)։
14 Ներկայիս ալ կրնայ ըլլալ որ ֆիզիքապէս հեռու ենք այն եղբայրներէն, որոնք բանտն են։ Թերեւս չենք կրնար գործնական կերպով օգնել անոնց, բանտին մօտ ապրող եղբայրներուն պէս։ Բայց կրնանք մեր կարեկցութիւնը եւ եղբայրսիրութիւնը ցուցնել, զանոնք յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ եւ Եհովայէն խնդրելով որ անոնց օգնէ։ Օրինակ՝ կրնանք յիշել այն եղբայրները, քոյրերը եւ նոյնիսկ պզտիկները, որոնք Էրիթրիայի մէջ բանտարկուած են, մէջը ըլլալով այս երեք եղբայրները՝ Փաուլոս Իյասու, Այզաք Մոկոս եւ Նեկետէ Թեքլեմարիամ, որոնք աւելի քան 20 տարիէ ի վեր բանտարկուած են։
15. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ամուսնութիւնը պատուել։
15 «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։4)։ Նաեւ մեր եղբայրսիրութիւնը կը փաստենք՝ բարոյապէս մաքուր մնալով (Ա. Տիմ. 5։1, 2)։ Եթէ մէկը «չափէ անցնի» եւ սեռային անբարոյութիւն գործէ քրոջ մը կամ եղբօր մը հետ, կամ ալ անոր ընտանիքի անդամներուն հետ, ոտնակոխած կ’ըլլայ այն վստահութիւնը, որուն վրայ հիմնուած է եղբայրսիրութիւնը (Ա. Թես. 4։3-8)։ Նաեւ երեւակայէ թէ կին մը ի՛նչ պիտի զգայ, երբ գիտնայ որ իր ամուսինը պոռնկագրութիւն դիտելով իրեն կը դաւաճանէ։ Ան պիտի զգա՞յ որ իր ամուսինը զինք կը սիրէ եւ ամուսնական կարգադրութիւնը կը յարգէ (Մատ. 5։28)։
16. Գոհունակ ըլլալը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ եղբայրսիրութիւն ցուցնենք։
16 «Բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։5)։ Իսկական գոհունակութիւնը հիմնուած է Եհովային հանդէպ մեր վստահութեան վրայ։ Գոհունակութիւնը մեզի կ’օգնէ որ նիւթական բաները հաւասարակշռուած կերպով դիտենք (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ Ատիկա մեզի կ’օգնէ որ անդրադառնանք, թէ Եհովային եւ եղբայրներուն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը շատ աւելի կարեւոր է քան՝ դրամը կամ ստացուածքը։ Գոհունակ անձը չի գանգատիր, չի տրտնջար կամ ուրիշին վրայ սխալ չի գտներ, ոչ ալ ուրիշին կը նախանձի կամ աչքծակութիւն կ’ընէ, քանի որ ասոնք չեն ձգեր որ եղբայրսիրութիւնը աճի։ Փոխարէն, գոհունակ անձը առատաձեռն կ’ըլլայ (Ա. Տիմ. 6։17-19)։
17. «Համարձակ» ըլլալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի եղբայրսիրութիւն ցուցնելու։
17 «Համարձակ» եղէք (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։6)։ Եհովայի հանդէպ մեր վստահութիւնը մեզի համարձակութիւն կու տայ, ինչ դժուարութիւններ ալ ունենանք։ Այս համարձակութիւնը իր կարգին մեզի կ’օգնէ որ դրական ըլլանք։ Իսկ երբ դրական ըլլանք, կրնանք մեր եղբայրսիրութիւնը ցուցնել՝ մեր եղբայրներն ու քոյրերը քաջալերելով եւ մխիթարելով (Ա. Թես. 5։14, 15)։ Նոյնիսկ երբ մեծ նեղութեան ընթացքին աշխարհը իր ամէնէն գէշ ժամանակը տեսնէ, մենք պիտի կարենանք ‘ելլել ու գլուխնիս բարձրացնել’, գիտնալով որ մեր փրկութիւնը մօտ է (Ղուկ. 21։25-28)։
18. Երէցներուն հանդէպ մեր եղբայրսիրութիւնը ինչպէ՞ս կրնանք զօրացնել։
18 «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները» (կարդա՛ Եբրայեցիս 13։7, 17)։ Երբ մտածենք թէ մեր երէցները մեզի համար որքա՜ն ծանր կ’աշխատին,– առանց դրամ առնելու,– աւելի կը սկսինք սիրել եւ գնահատել զանոնք։ Բնա՛ւ չենք ուզեր որ անոնք մեր ըրած որոշ մէկ բանին պատճառով իրենց ուրախութիւնը կորսնցնեն կամ ‘հառաչեն’։ Փոխարէն, հնազանդ ըլլալով եւ ենթարկուելով՝ ‘զանոնք մեծ սիրով կը պատուենք իրենց գործին համար’ (Ա. Թես. 5։13)։
ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՏՕՐԷՆ ՍԻՐԵԼ
19, 20. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել աւելի շատ եղբայրսիրութիւն ցոյց տալ։
19 Կասկած չկայ թէ Եհովայի ծառաները իրենց ունեցած եղբայրսիրութեամբ ճանչցուած են։ Պօղոսի օրերուն ալ այս էր պարագան։ Բայց Պօղոս եղբայրները քաջալերեց որ ‘ա՛լ աւելի առատանան’ սէր ցուցնելու մէջ (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Միշտ կրնանք այս մարզին մէջ ա՛լ աւելի բարելաւուիլ։
20 Մինչ այս տարուան ընթացքին տարուան համարին կը նայինք, թող որ այս հարցումներուն վրայ խոկանք. կրնա՞մ աւելի հիւրասէր ըլլալ։ Ինչպէ՞ս կրնամ բանտարկուած եղբայրները յիշել։ Կը պատուե՞մ Աստուծոյ ըրած ամուսնութեան կարգադրութիւնը։ Ի՞նչ բան ինծի պիտի օգնէ որ իսկապէս գոհ ըլլամ։ Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովային աւելի վստահիլ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ա՛լ աւելի հնազանդ ըլլալ «առաջնորդներ»ուն։ Եթէ ջանանք բարելաւուիլ այս վեց մարզերուն մէջ, տարուան համարը պարզապէս պատին վրայ գրութիւն մը պիտի չըլլայ։ Ատիկա մեզի պիտի յիշեցնէ, որ Պօղոսի խօսքին հնազանդինք. «Յարատեւեցէ՛ք եղբայրսիրութեան մէջ» (Եբ. 13։1, ԱԾ)։
^ [1] (պարբերութիւն 9) Տեսնելու համար թէ Եհովայի վկաները ինչպէ՛ս բնական աղէտներու ատեն եղբայրսիրութիւն կը ցուցնեն, կարդա՛ Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2014 թիւին 26–րդ էջը, պարբերութիւն 20, եւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛ գիրքին 20–րդ գլուխը։