Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ընդօրինակենք Եհովան՝ մեր քաջալերող Աստուածը

Ընդօրինակենք Եհովան՝ մեր քաջալերող Աստուածը

«Օրհնեալ ըլլայ Աստուած. . . որ մեզ կը մխիթարէ [«կը քաջալերէ», ՆԱ, ստորանիշ] մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ» (Բ. ԿՈՐ. 1։3, 4

ԵՐԳԵՐ. 23, 152

1. Եհովան ի՞նչ քաջալերութիւն տուաւ մարդկութեան, երբ Ադամը եւ Եւան ըմբոստացան։

ԵՀՈՎԱՆ քաջալերութիւն տուող Աստուած մըն է։ Ան ասիկա փաստած է մարդկութիւնը մեղքի եւ անկատարութեան մէջ իյնալէն ի վեր։ Ադամին ու Եւային ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Աստուած մարգարէութիւն մը տուաւ, որ երբ հասկցուէր, ապագայ սերունդներուն սիրտ պիտի տար։ Այդ մարգարէութիւնը կը գտնուի Ծննդոց 3։15–ին մէջ, եւ մարդկութեան յոյս կու տայ, որ ի վերջոյ՝ Բանսարկու Սատանան եւ բոլոր իր չար գործերը պիտի կործանին (Յայտ. 12։9. Ա. Յովհ. 3։8

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԵՀՈՎԱՆ ԻՐ ԾԱՌԱՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑ

2. Եհովան ինչպէ՞ս քաջալերեց Նոյը։

2 Նկատի առ թէ Եհովան ինչպէ՛ս քաջալերեց իր ծառան՝ Նոյը։ Ան կ’ապրէր վայրագ եւ անբարոյ մարդոց մէջ, եւ միայն ինք ու իր ընտանիքը կը պաշտէին Եհովան։ Ան դիւրութեամբ կրնար յուսահատիլ (Ծն. 6։4, 5, 11. Յդ. 6)։ Բայց Եհովան պէտք եղած քաջալերութիւնը տուաւ Նոյին, որպէսզի շարունակէր ‘Աստուծոյ հետ քալել’ (Ծն. 6։9)։ Անոր ըսաւ որ այդ չար աշխարհը պիտի կործանէր, եւ բացատրեց որ Նոյ ի՛նչ պէտք էր ընէր, որպէսզի իր ընտանիքը ազատուէր (Ծն. 6։13-18)։ Նոյին համար, Եհովան քաջալերութիւն տուող Աստուած մըն էր։

3. Եհովան ինչպէ՞ս քաջալերեց Յեսուն (տե՛ս բացման նկարը)։

3 Յետագային, Եհովան Յեսուն քաջալերեց, քանի որ ընելիք մեծ պարտականութիւն մը ունէր։ Ան պէտք էր Աստուծոյ ժողովուրդը մտցնէր Աւետեաց երկիրը եւ կռուէր ու յաղթէր այդտեղի ազգերուն զօրաւոր բանակներուն։ Եհովան գիտէր որ ասիկա կրնար վախցնել Յեսուն, եւ այս պատճառով Մովսէսին ըսաւ. «Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր» (Բ. Օր. 3։28)։ Ետքը, Եհովան անձամբ քաջալերեց Յեսուն, ըսելով. «Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1։1, 9)։ Ասիկա որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Յեսուն։

4, 5. ա) Անցեալին, Եհովան ինչպէ՞ս քաջալերեց իր ժողովուրդը։ բ) Եհովան ինչպէ՞ս քաջալերեց իր Որդին։

4 Եհովան նաեւ որպէս խումբ քաջալերեց իր ժողովուրդը։ Օրինակ, ան մարգարէութիւն մը տուաւ, որ ապագային պիտի քաջալերէր Բաբելոնի մէջ գերի եղող հրեաները։ Ան ըսաւ. «Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ» (Եսա. 41։10)։ Յետագային, Եհովան առաջին քրիստոնեաները քաջալերեց, եւ մեզ ալ նոյն կերպով կը քաջալերէ այսօր (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

5 Եհովան իր Որդին ալ քաջալերեց։ Յիսուս իր մկրտութենէն ետք երկինքէն ձայն մը լսեց, որ ըսաւ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17)։ Այս խօսքը որքա՜ն զօրացուցած ըլլալու էր Յիսուսը երկրի վրայ իր ծառայութեան ընթացքին։

ՅԻՍՈՒՍ ՈՒՐԻՇՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑ

6. Տաղանդներուն առակը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ մեզ։

6 Յիսուս իր Հայրը ընդօրինակեց, ուրիշները քաջալերելով որ հաւատարիմ ըլլան։ Ասիկա յստակ է տաղանդներուն առակին մէջ, ուր տէրը ամէն մէկ հաւատարիմ ծառան պատուեց այս խօսքով. «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ. դուն որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ. մտիր քու տիրոջդ ուրախութեանը մէջ» (Մատ. 25։21, 23)։ Ի՜նչ զօրաւոր քաջալերութիւն մը, որ աշակերտները շարունակեն Եհովային հաւատարմօրէն ծառայել։

7. Յիսուս ինչպէ՞ս քաջալերեց իր առաքեալները եւ մանաւանդ Պետրոսը։

7 Թէեւ առաքեալները շատ անգամ իրարու հետ վիճեցան, թէ ո՛վ էր մեծը իրենց մէջ, բայց Յիսուս միշտ համբերութեամբ կը քաջալերէր զիրենք, որ խոնարհ ըլլան եւ իրարու ծառայեն, փոխանակ իրարու վրայ տիրելու (Ղուկ. 22։24-26)։ Մասնաւորաբար Պետրոս քանի՜ անգամներ յուսախաբ ըրաւ Յիսուսը (Մատ. 16։21-23. 26։31-35, 75)։ Բայց Յիսուս ո՛չ մէկ ատեն մերժեց Պետրոսը. ընդհակառակը, զինք քաջալերեց եւ նոյնիսկ նշանակում տուաւ, որ ուրիշները զօրացնէ (Յովհ. 21։16

ՀԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ՏՐՈՒԱԾ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ

8. Եզեկիան ինչպէ՞ս քաջալերեց զօրապետները եւ Յուդայի ժողովուրդը։

8 Նոյնիսկ Յիսուս երկիր գալէ առաջ, Եհովային հաւատարիմ ծառաները գիտէին որ պէտք էր ուրիշները քաջալերէին։ Մտածէ Եզեկիային մասին։ Երբ ասորեստանցիները Երուսաղէմին վրայ պիտի յարձակէին, Եզեկիան զօրապետները եւ ժողովուրդը հաւաքեց, որպէսզի զանոնք քաջալերէ։ Եւ «ժողովուրդը [իր] խօսքերէն սիրտ առաւ» (կարդա՛ Բ. Մնացորդաց 32։6-8

9. Յոբէն ի՞նչ կը սորվինք քաջալերելու մասին։

9 Կրնանք Յոբէն ալ սորվիլ ուրիշները քաջալերել։ Թէեւ անձամբ քաջալերութեան պէտք ունէր, բայց ուրիշներուն սորվեցուց ինչպէ՛ս քաջալերել։ Ան զինք մխիթարելու եկած անհատներուն ըսաւ, որ եթէ իրենց տեղը ըլլար, պիտի ըսէր բաներ, որոնք զիրենք պիտի զօրացնէին ու հանգստացնէին ու չվիրաւորէին (Յոբ 16։1-5)։ Բայց ի վերջոյ, Յոբ քաջալերութիւն ստացաւ Եղիուսէն ու Եհովայէն (Յոբ 33։24, 25. 36։1, 11. 42։7, 10

10, 11. ա) Յեփթայէին աղջիկը ինչո՞ւ քաջալերութեան պէտք ունէր։ բ) Ներկայիս որո՞նք նոյն գովասանքին արժանի են։

10 Յեփթայէին աղջիկն ալ քաջալերութեան պէտք ունէր։ Առաջ որ Յեփթայէ դատաւորը երթայ ամմոնացիներուն դէմ կռուելու, Եհովային ուխտ ըրաւ որ եթէ յաղթանակը իրեն տայ, Իր ծառայութեան պիտի նուիրէ առաջին անձը, որ զինք կը դիմաւորէ պատերազմէն ետք։ Իսրայէլ յաղթեց, եւ առաջին անձը որ եկաւ Յեփթայէն դիմաւորելու, իր մէկ հատիկ աղջիկն էր։ Յեփթայէին սիրտը կտոր–կտոր եղաւ, բայց ան իր խօսքին տէրը եղաւ եւ իր աղջիկը ղրկեց, որ խորանին մէջ ծառայէ մինչեւ կեանքին վերջը (Դատ. 11։30-35

11 Ճիշդ է որ ասիկա դժուար էր Յեփթայէին համար, բայց վստահաբար ա՛լ աւելի դժուար էր իր աղջկան համար։ Բայց ան յօժար էր իր հօր խոստումը կատարելու (Դատ. 11։36, 37)։ Ասիկա կը նշանակէր որ ան պիտի չամուսնանար, զաւակ պիտի չունենար եւ ընտանիքին անունն ու ժառանգութիւնը պիտի չկարենար փոխանցել սերունդէ սերունդ։ Ան շատ պէտք ունէր մխիթարութեան եւ քաջալերութեան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Իսրայէլի մէջ սովորութիւն եղաւ, որ ատեն ատեն Իսրայէլին աղջիկները երթան ու Գաղաադացի Յեփթայէին աղջկանը համար տարին չորս օր լան [«գովեն զինք», ՆԱ]» (Դատ. 11։39, 40)։ Յեփթայէին աղջիկը մեզի կը յիշեցնէ այն անհատները, որոնք ներկայիս ամուրի կը մնան, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայեն։ Անոնք ալ արժանի են մեր գովասանքին եւ քաջալերութեան (Ա. Կոր. 7։32-35

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵՑԻՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

12, 13. Պետրոս ինչպէ՞ս ‘հաստատեց իր եղբայրները’։

12 Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս Պետրոս առաքեալին ըսաւ. «Սի՛մոն, Սի՛մոն, ահա Սատանան ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. բայց ես քեզի համար աղօթք ըրի, որպէս զի քու հաւատքդ չպակսի եւ դուն երբ դարձի գաս, քու եղբայրներդ ալ հաստատես» (Ղուկ. 22։31, 32

Առաքեալներուն նամակները քաջալերեցին առաջին դարու քրիստոնեաները, եւ մինչեւ հիմա մեզ կը քաջալերեն (տե՛ս պարբերութիւն 12-17)

13 Պետրոս քրիստոնէական ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնողներէն էր (Գաղ. 2։9)։ Ան եղբայրները քաջալերեց իր համարձակ կեցուածքով Պէնտէկոստէին եւ ատկէ ետք։ Ան երկա՜ր տարիներ ծառայելէ ետք, գրեց եղբայրներուն. «Համառօտ մը ձեզի գրեցի, յորդորելով ու վկայելով թէ այս է Աստուծոյ ճշմարիտ շնորհքը, որուն մէջ հաստատ կեցեր էք» (Ա. Պետ. 5։12)։ Պետրոսին նամակները քաջալերեցին այդ ժամանակուան քրիստոնեաները, եւ մինչեւ այսօր մեզ կը քաջալերեն։ Որքա՜ն պէտք ունինք այս քաջալերութեան, մինչ կը սպասենք որ Եհովային խոստումները կատարուին (Բ. Պետ. 3։13

14, 15. Յովհաննէս առաքեալին գրած գիրքերը ինչպէ՞ս կը քաջալերեն մեզ։

14 Յովհաննէս առաքեալն ալ առաջնորդութիւնը կ’առնէր քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Ան Յիսուսին ծառայութեան մասին հետաքրքրական Աւետարան մը գրեց, որ դարերու ընթացքին քաջալերած է քրիստոնեաները, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ մեզ քաջալերել։ Օրինակ, միայն իր գրած Աւետարանին մէջ նշուած է Յիսուսին խօսքը, թէ սէրն է որ կը ցուցնէ թէ որո՛նք են իր ճշմարիտ աշակերտները (կարդա՛ Յովհաննէս 13։34, 35

15 Յովհաննէսին երեք նամակներուն մէջ ալ արժէքաւոր ճշմարտութիւններ կան։ Երբ մեր սխալները մեզ յուսահատեցնեն, չե՞նք հանգչիր երբ կը կարդանք, թէ «Յիսուս Քրիստոսին արիւնը մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ» (Ա. Յովհ. 1։7)։ Եւ եթէ շարունակենք յանցաւոր զգալ, չե՞նք ազդուիր երբ կը կարդանք, թէ «Աստուած մեր սրտերէն մեծ է» (Ա. Յովհ. 3։20)։ Յովհաննէս միակն է, որ գրեց թէ «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8, 16)։ Իսկ իր երկրորդ եւ երրորդ նամակները կը գովեն այն քրիստոնեաները, որոնք կը շարունակեն ‘ճշմարտութեան մէջ քալել’ (Բ. Յովհ. 4. Գ. Յովհ. 3, 4

16, 17. Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս քաջալերեց առաջին քրիստոնեաները։

16 Առաջին դարուն, թերեւս ուրիշները ամէնէն շատ քաջալերողը Պօղոս առաքեալն էր։ Այնպէս կ’երեւի թէ Յիսուսի մահէն քիչ ետք, առաքեալներուն մեծ մասը Երուսաղէմ մնաց, որ կառավարիչ մարմինին կեդրոնն էր (Գործք 8։14. 15։2)։ Հրէաստանի քրիստոնեաները Քրիստոսին մասին քարոզեցին անոնց, որոնք արդէն կը հաւատային, որ մէկ Աստուած կայ։ Բայց սուրբ հոգին Պօղոսը ղրկեց քարոզելու յոյներուն, հռոմայեցիներուն եւ ուրիշներու, որոնք շատ աստուածներ կը պաշտէին (Գաղ. 2։7-9. Ա. Տիմ. 2։7

17 Պօղոս ճամբորդեց այն շրջանները, որոնք հիմա Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ գնաց Յունաստան եւ Իտալիա։ Հոն, ան հրեայ չեղողներուն քարոզեց եւ ժողովքներ հաստատեց։ Այդ նոր քրիստոնեաները ‘չարչարանքներ կրեցին իրենց համազգիներէն’, եւ քաջալերութեան պէտք ունէին (Ա. Թես. 2։14)։ Շուրջ Ք.Ե. 50–ին, Պօղոս քաջալերական նամակ մը գրեց Թեսաղոնիկէի նոր հաստատուած ժողովքին։ Ան ըսաւ. «Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ. անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ. . . համբերութիւնը» (Ա. Թես. 1։2, 3)։ Ան նաեւ անոնցմէ խնդրեց, որ իրար զօրացնեն, ըսելով. «Յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11, ԱԾ

ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ

18. Առաջին դարու կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս քաջալերեց Փիլիպպոսը։

18 Առաջին դարուն, Եհովան կառավարիչ մարմինը գործածեց քաջալերելու բոլոր քրիստոնեաները, մէջը ըլլալով ժողովքներուն մէջ առաջնորդութիւն առնողները։ Երբ Փիլիպպոս Քրիստոսին մասին քարոզեց սամարացիներուն, կառավարիչ մարմինը թիկունք կանգնեցաւ իրեն։ Անոնք իրենց անդամներէն երկուքը՝ Պետրոսը եւ Յովհաննէսը, ղրկեցին որպէսզի աղօթեն, որ նոր քրիստոնեաները սուրբ հոգին ստանան (Գործք 8։5, 14-17)։ Կառավարիչ մարմինին այս օգնութիւնը որքա՜ն քաջալերած ըլլալու էր Փիլիպպոսը եւ այդ նոր քրիստոնեաները։

19. Քրիստոնեաները ի՞նչ զգացին երբ կառավարիչ մարմինին նամակը կարդացին։

19 Յետագային, կառավարիչ մարմինը պէտք էր կարեւոր որոշում մը առնէր, թէ հրեայ չեղող քրիստոնեաները պէ՞տք էր թլփատուէին, ինչպէս որ Մովսիսական օրէնքը հրեաներէն կը պահանջէր (Գործք 15։1, 2)։ Կառավարիչ մարմինը աղօթքով սուրբ հոգին խնդրեց ու Սուրբ Գրութիւնները քննելէ ետք որոշեց, որ այլեւս թլփատութեան պէտք չկար։ Ետքը, նամակի մը մէջ բացատրեց իր որոշումը եւ եղբայրներ ղրկեց, որպէսզի զայն հասցնեն ժողովքներուն։ Երբ քրիստոնեաները կարդացին նամակը, «ուրախացան տրուած մխիթարութեան», կամ քաջալերութեան, համար (Գործք 15։27-32

20. ա) Ներկայիս, Կառավարիչ մարմինը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ բոլորս։ բ) Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

20 Ներկայիս, Եհովայի վկաներուն Կառավարիչ մարմինը քաջալերութիւն կու տայ բեթէլականներուն, դաշտին մէջ եղող յատուկ լիաժամ ծառաներուն եւ մեր բոլորին։ Առաջին դարու եղբայրներուն պէս, մենք ալ կ’ուրախանանք տրուած քաջալերութեան համար։ Ասկէ զատ, 2015–ին, Կառավարիչ մարմինը հրատարակեց Եհովային վերադարձիր գրքոյկը, որպէսզի ճշմարտութիւնը ձգած անհատները քաջալերէ ժողովքին վերադառնալու։ Բայց միայն առաջնորդութիւն առնող եղբայրնե՞րը պէտք է քաջալերեն ուրիշները, թէ ոչ բոլորս։ Այս հարցումը նկատի պիտի առնենք յաջորդ յօդուածին մէջ։