Հարցումներ՝ ընթերցողներէն
«Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան» 2013–ի տարբերակին մէջ, Սաղմոս 144։12-15–ը կը կիրարկուի Աստուծոյ ժողովուրդին։ Նախկին թարգմանութեան մէջ, ատիկա կը կիրարկուէր չար օտարներուն, որոնք նշուած են 11–րդ համարին մէջ։ Այս փոփոխութիւնը ինչո՞ւ եղաւ։
Եբրայերէն գրութիւնը թոյլ կու տայ որ համարները այդ երկու ձեւով թարգմանուին։ Փոփոխութիւնը եղաւ հետեւեալ պատճառներուն համար.
Փոփոխութիւնը հիմնուած է եբրայերէն բառերուն եւ քերականութեան վրայ։ Այն կապը որ կայ Սաղմոս 144։12-15–ին եւ իրմէ առաջ եղած համարներուն միջեւ, կախեալ է 12–րդ համարին առաջին բառին իմաստէն, որ եբրայերէն աշըր բառն է։ Աշըր բառը կրնայ թարգմանուիլ քանի մը ձեւերով։ Օրինակ, ատիկա կրնայ հասկցուիլ որպէս յարաբերական դերանուն, ինչպէս՝ «որոնք» կամ «որոնց»։ Նախկին թարգմանութեան մէջ գործածուեցաւ «որոնք» բառը։ Ասոր արդիւնքը եղաւ, որ 12-14–րդ համարներուն մէջ նշուած լաւ բաները կիրարկուեցան 12–րդ համարէն առաջ նշուած չարերուն։ Բայց աշըր բառը նաեւ կրնայ հասկցուիլ որպէս արդիւնք կամ հետեւանք, եւ թարգմանուիլ՝ «որպէսզի» կամ «այսպէս»։ 2013–ի տարբերակին եւ Սուրբ Գիրքի ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ գործածուած է «այսպէս» բառը։
Նոր շարադրութիւնը լաւ կը յարմարի 144–րդ սաղմոսին մնացած մասին։ 12–րդ համարին մէջ «այսպէս» բառը գործածելը յստակ կը դարձնէ, որ 12-14–րդ համարներուն մէջ նշուած օրհնութիւնները կը կիրարկուին արդարներուն, որոնք Աստուծմէ կը խնդրեն որ զիրենք ‘ազատէ ու փրկէ’ չարերէն (11–րդ համար)։ Այս փոփոխութիւնը նաեւ ազդած է 15–րդ համարին, ուր երկու նախադասութիւններն ալ դրական կերպով կ’ակնարկեն նոյն ժողովուրդին, «այն ժողովուրդին՝ որուն Աստուածը Եհովան է»։ Նաեւ միտքդ պահէ որ եբրայերէն բնագիրը կէտադրութիւն չունէր, ինչպէս՝ չակերտներ։ Ուրեմն, թարգմանողները իրենք պէտք է որոշեն թէ ճիշդ իմաստը ինչ է, նկատի առնելով՝ եբրայերէն բանաստեղծական ոճը, շուրջի համարները եւ նոյն նիւթին մասին խօսող ուրիշ համարներ։
Նոր շարադրութիւնը համաձայն է ուրիշ համարներու հետ, որոնք կը ցուցնեն թէ Աստուած պիտի օրհնէ իր հաւատարիմ ժողովուրդը։ Հիմա որ աշըր բառը թարգմանուեցաւ «այսպէս», 144–րդ սաղմոսը յայտնի կը դարձնէ Դաւիթին հաստատ յոյսը, որ Աստուած իսրայէլ ազգը թշնամիներուն ձեռքէն ազատելէ ետք, զանոնք պիտի օրհնէր՝ երջանկութիւն եւ բարգաւաճութիւն տալով (Ղեւ. 26։9, 10. Բ. Օր. 7։13. Սաղ. 128։1-6)։ Օրինակ, Բ. Օրինաց 28։4–ը կ’ըսէ. «Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան»։ Ազգը իրապէս ալ աննման խաղաղութիւն ու յաջողութիւն վայելեց Դաւիթին տղուն՝ Սողոմոնին իշխանութեան ատեն։ Ասկէ զատ, Սողոմոնի իշխանութեան կարգ մը երեսակները կը ցուցնեն, թէ ի՛նչ պիտի պատահի Մեսիային իշխանութեան ատեն (Գ. Թագ. 4։20, 21. Սաղ. 72։1-20)։
Եզրակացնենք. 144–րդ սաղմոսին նոր շարադրութիւնը չի փոխեր Սուրբ Գիրքին ուսուցումներուն վերաբերեալ մեր հասկացողութիւնը։ Ատիկա աւելի կը յստակացնէ ամբողջ 144–րդ սաղմոսին մէջ գտնուող՝ Եհովայի ծառաներուն յոյսը, թէ Աստուած պիտի կործանէ չարերը եւ մնայուն խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն պիտի հաստատէ արդարներուն համար (Սաղ. 37։10, 11)։