Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 17

«Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի»

«Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի»

«Ես ձեզ բարեկամ անուանեցի, վասն զի այն ամէն բաները որոնք իմ Հօրմէս լսեցի, ձեզի իմացուցի» (ՅՈՎՀ. 15։15

ԵՐԳ 5 Քրիստոս՝ մեր Տիպարը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Մէկու մը հետ ինչպէ՞ս մտերիմ բարեկամութիւն կը կերտես։

ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ մտերիմ բարեկամութիւն մը կերտելու առաջին քայլն է՝ անհատին հետ ժամանակ անցընել։ Մինչ իրարու հետ կը խօսիք, եւ գաղափարներ ու փորձառութիւններ կը փոխանակէք, բարեկամներ կը դառնաք։ Սակայն Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կերտելու նկատմամբ դժուարութիւններ կ’ունենանք։ Անոնցմէ ոմանք ի՞նչ են։

2. Ի՞նչ է առաջին դժուարութիւնը։

2 Առաջին դժուարութիւնը այն է, որ անձամբ Յիսուսի չենք հանդիպած։ Բազմաթիւ քրիստոնեաներ առաջին դարուն նոյն դժուարութիւնը ունեցան։ Հակառակ ատոր, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «[Յիսուսը] չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր» (Ա. Պետ. 1։8)։ Ուստի, կարելի՛ է որ Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունենանք առանց իրեն անձնապէս հանդիպելու։

3. Ի՞նչ է երկրորդ դժուարութիւնը։

3 Երկրորդ դժուարութիւնը այն է, որ չենք կրնար Յիսուսի հետ խօսիլ։ Երբ կ’աղօթենք, մեր մտքերը Եհովայի՛ կ’ուղղենք։ Ճիշդ է որ Յիսուսի անունով կ’աղօթենք, բայց իրեն հետ ուղղակիօրէն չենք խօսիր։ Եւ Յիսուս ինք չ’ուզեր, որ իրեն աղօթենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ աղօթքը պաշտամունքի ձեւ է, եւ միայն Եհովան պէտք է պաշտուի (Մատ. 4։10)։ Բայց կրնանք Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալ։

4. Ի՞նչ է երրորդ դժուարութիւնը, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

4 Երրորդ դժուարութիւնը այն է, որ Յիսուս երկինքի մէջ կ’ապրի, եւ չենք կրնար իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Բայց կրնանք իր մասին շա՜տ բան գիտնալ, առանց իրեն ֆիզիքապէս մօտիկ ըլլալու։ Այժմ նկատի պիտի առնենք չորս բաներ, որոնք ընելով իրեն հետ մեր բարեկամութիւնը պիտի զօրանայ։ Սակայն, նա՛խ տեսնենք թէ ինչո՛ւ կարեւոր է, որ Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կերտենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՅԻՍՈՒՍԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԸԼԼԱԼՈՒ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ

5. Ինչո՞ւ պէտք է Յիսուսի բարեկամները ըլլանք (տե՛ս նաեւ « Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը Եհովայի հետ բարեկամութեան կը նպաստէ» եւ « Յիսուսի դերին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ» շրջանակները)։

5 Պէտք է Յիսուսի բարեկամները ըլլանք, եթէ կ’ուզենք Եհովայի հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենալ։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ միայն երկու պատճառ։ Առաջին, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Հայրը կը սիրէ ձեզ, որովհետեւ դուք սիրեցիք զիս» (Յովհ. 16։27, ԱԾ)։ Ան նաեւ ըսաւ. «Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով» (Յովհ. 14։6)։ Եթէ կը ջանանք Եհովայի բարեկամը ըլլալ, բայց Յիսուսի հետ մտերիմ կապ չենք կերտեր, կարծես կը ջանանք շէնք մը մտնել առանց դուռը բանալու։ Յիսուս նոյնանման օրինակ մը գործածեց, երբ ինքզինք նկարագրեց որպէս «ոչխարներուն դուռը» (Յովհ. 10։7)։ Երկրորդ, Յիսուս իր Հօր յատկութիւնները կատարելապէս արտացոլեց։ Ան իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհ. 14։9)։ Ուստի, Եհովան ճանչնալու կարեւոր կերպ մըն է՝ Յիսուսի կեանքը սերտել։ Մինչ Յիսուսի մասին կը սորվինք, իրեն հանդէպ մեր գուրգուրանքը կ’աւելնայ։ Իսկ մինչ Յիսուսի հետ մեր բարեկամութիւնը կը զօրանայ, իր Հօր հանդէպ մեր սէրը կը խորանայ։

6. Ուրիշ ի՞նչ պատճառով պէտք է Յիսուսի հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք. բացատրէ։

6 Պէտք է Յիսուսի հետ փոխյարաբերութիւն ունենանք, որպէսզի մեր աղօթքները պատասխանուին։ Ասիկա կը նշանակէ որ մեր աղօթքներուն վերջաւորութեան պարզապէս «Յիսուսի անունով» ըսելէն աւելին պէտք է ընենք։ Պէտք է հասկնանք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս Յիսուսը կը գործածէ մեր աղօթքներուն պատասխանելու համար։ Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ. «Իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք, պիտի կատարեմ զանիկա» (Յովհ. 14։13)։ Թէեւ Եհովան է որ մեր աղօթքները մտիկ կ’ընէ ու անոնց կը պատասխանէ, բայց ան Յիսուսի հեղինակութիւն տուած է որ Իր որոշումները գործադրէ (Մատ. 28։18)։ Ուստի, Աստուած մեր աղօթքներուն պատասխանելէ առաջ կը նայի, թէ Յիսուսի տուած խրատը գործադրա՛ծ ենք կամ ոչ։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ. իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները» (Մատ. 6։14, 15)։ Ուրեմն որքա՜ն կարեւոր է որ ուրիշներուն հետ վարուինք այն ազնիւ կերպով, որով Եհովան ու Յիսուսը մեզի հետ կը վարուին։

7. Որո՞նք Յիսուսի զոհէն կ’օգտուին։

7 Միայն անոնք՝ որոնք Յիսուսի հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն ունին, պիտի օգտուին իր զոհէն։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Յիսուս ըսաւ որ ‘իր կեանքը իր բարեկամներուն համար պիտի դնէր’ (Յովհ. 15։13)։ Նոյնիսկ հաւատարիմ մարդիկ, որոնք Յիսուսի երկիր գալէն առաջ ապրեցան, պէտք է իր մասին սորվին եւ զինք սիրեն։ Եհովայի արդար ծառաները, ինչպէս՝ Աբրահամ, Սառա, Մովսէս եւ Ռախաբ, յարութիւն պիտի առնեն, բայց յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգելու համար պէտք պիտի ունենան Յիսուսի հետ բարեկամութիւն կերտելու (Յովհ. 17։3. Գործք 24։15. Եբ. 11։8-12, 24-26, 31

8-9. Յովհաննէս 15։4, 5–ի համաձայն, Յիսուսի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ ի՞նչ ընելու, եւ ինչո՞ւ իրեն հետ միութեան մէջ պէտք է մնանք։

8 Մենք ուրախ ենք որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելու եւ սորվեցնելու մէջ Յիսուսի հետ կ’աշխատինք։ Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ուսուցիչ էր։ Եւ երկինք վերադառնալէ ետք, ժողովքին գլուխը ըլլալով, շարունակած է քարոզչութիւնը եւ ուսուցանելու գործը առաջնորդել։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ ամէն ջանք որ կը թափես, կարելի եղածին չափ շատ մարդոց օգնելու, որ զինք ու իր Հայրը ճանչնան։ Իրականութեան մէջ, միայն Եհովայի եւ Յիսուսի օգնութեամբ է, որ կրնանք այս գործը կատարել (կարդա՛ Յովհաննէս 15։4, 5

9 Աստուծոյ Խօսքը յստակօրէն կը սորվեցնէ որ Եհովան հաճեցնելու համար, Յիսուսի հանդէպ միշտ սէր պէտք է ունենանք։ Ուստի նկատի առնենք չորս բաներ, որոնք կրնանք ընել Յիսուսի բարեկամը դառնալու համար։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԵՏ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏԵԼ

Կրնաս Յիսուսի բարեկամը ըլլալ՝ 1) զինք աւելի լաւ ճանչնալով, 2) իր մտածելակերպն ու վարուելակերպը ընդօրինակելով, 3) Քրիստոսի եղբայրներուն աջակցելով եւ 4) ժողովքի կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնելով (տե՛ս պարբերութիւն 10-14) *

10. Յիսուսի հետ բարեկամութիւն կերտելու առաջին քայլը ի՞նչ է։

10 1) Յիսուսը ճանչցիր։ Ասիկա կրնանք ընել՝ Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս Աւետարանները կարդալով։ Մինչ Յիսուսի կեանքին վերաբերեալ Աստուածաշունչի արձանագրութիւններուն վրայ կը խոկանք, կը սկսինք Յիսուսը սիրել ու յարգել, քանի որ շա՜տ ազնիւ կերպով վարուեցաւ մարդոց հետ։ Օրինակ, աշակերտներուն Տէրը ըլլալով հանդերձ, ան զիրենք ստրուկներ չնկատեց, հապա իրենց յայտնեց իր ամենաներքին մտածումներն ու զգացումները (Յովհ. 15։15)։ Ան իր աշակերտներուն ցաւակից եղաւ ու իրենց հետ լացաւ (Յովհ. 11։32-36)։ Նոյնիսկ իր հակառակորդները ընդունեցին, որ բարեկամ էր անոնց՝ որոնք իր պատգամին ընդառաջեցին (Մատ. 11։19)։ Երբ ընդօրինակենք այն կերպը, որով Յիսուս իր աշակերտներուն հետ վարուեցաւ, ուրիշներու հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կը բարելաւուի, աւելի գոհունակ եւ ուրախ կը զգանք ու Քրիստոսի հանդէպ մեր գնահատութիւնը կ’աւելնայ։

11. Յիսուսի բարեկամը ըլլալու համար երկրորդ քայլը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ կարեւոր է։

11 2) Յիսուսի մտածելակերպն ու վարուելակերպը ընդօրինակէ։ Ո՛րքան աւելի լաւ ճանչնանք ու ընդօրինակենք իր մտածելակերպը, ա՛յնքան աւելի մտերիմ բարեկամներ պիտի դառնանք (Ա. Կոր. 2։16)։ Ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ Միայն մէկ օրինակ նկատի առ։ Յիսուս աւելի մտածեց ուրիշներու օգնելու մասին, քան ինքզինք հաճեցնելու մասին (Մատ. 20։28. Հռով. 15։1-3)։ Որովհետեւ այս մտածելակերպը ունէր, անձնազոհ ու ներող էր։ Ան դիւրաւ չվիրաւորուեցաւ մարդոց խօսքերէն (Յովհ. 1։46, 47)։ Եւ ժխտական կերպով չէր մտածեր անհատի մը մասին, պարզապէս քանի որ ան հեռու անցեալին իրեն դէմ սխալ մը ըրած էր (Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Յիսուս ըսաւ. «Ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Ուստի դուն քեզի հարցուր. «Յիսուսի օրինակին կը հետեւի՞մ ամէն բան ընելով, որ եղբայրներուս ու քոյրերուս հետ խաղաղութիւն պահպանեմ»։

12. Յիսուսի բարեկամը ըլլալու համար ի՞նչ է երրորդ քայլը, եւ ինչպէ՞ս կրնանք այդ քայլը առնել։

12 3) Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կանգնէ։ Յիսուս իր օծեալ եղբայրներուն համար մեր ըրածները կը սեպէ, թէ իրեն համար կ’ընենք (Մատ. 25։34-40)։ Օծեալներուն թիկունք կանգնելու գլխաւոր կերպն է՝ լիովին մասնակցիլ Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին, որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ընեն (Մատ. 28։19, 20. Գործք 10։42)։ Միայն «ուրիշ ոչխարներ»ու օգնութեամբ է, որ Քրիստոսի եղբայրները կրնան այժմու համաշխարհային քարոզչութեան մեծ արշաւը կատարել (Յովհ. 10։16)։ Եթէ ուրիշ ոչխարներէն ես, ամէն անգամ որ այս գործունէութեան կը մասնակցիս, ցոյց կու տաս սէրդ ոչ միայն օծեալներուն հանդէպ, հապա նաեւ Յիսուսին հանդէպ։

13. Ղուկաս 16։9–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խրատը ինչպէ՞ս կրնանք գործադրել։

13 Եհովայի եւ Յիսուսի բարեկամները կ’ըլլանք նաեւ, երբ մեր նիւթական միջոցներով թիկունք կը կանգնինք անոնց ուղղած գործին (կարդա՛ Ղուկաս 16։9)։ Օրինակ, կրնանք համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւններ ընել։ Այս նուիրատուութիւնները կը գործածուին մեկուսացած շրջաններու մէջ բարի լուրը քարոզելու, Թագաւորութեան սրահներ եւ նման շէնքեր կառուցանելու եւ նորոգելու, եւ նիւթական օգնութիւն հայթայթելու անոնց, որոնք աղէտներէ կը տուժեն։ Նաեւ կրնանք մեր ժողովքին նիւթապէս թիկունք կանգնիլ եւ օգնել անոնց, որոնք անձամբ գիտենք թէ օգնութեան պէտք ունին (Առ. 19։17)։ Ասոնք կերպեր են, որոնցմով Քրիստոսի եղբայրներուն կ’աջակցինք։

14. Ինչպէս որ Եփեսացիս 4։15, 16–ը ցոյց կու տայ, Յիսուսի բարեկամը ըլլալու համար ի՞նչ է չորրորդ քայլը։

14 4) Քրիստոնէական ժողովքի կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնէ։ Ժողովքի գլուխին՝ Յիսուսի, հետ մեր կապը կը զօրացնենք, երբ կը համագործակցինք նշանակուած եղբայրներուն հետ, որոնք սիրալիրօրէն մեզ կ’առաջնորդեն (կարդա՛ Եփեսացիս 4։15, 16)։ Օրինակ, ներկայիս կը ջանանք բոլոր Թագաւորութեան սրահները լաւագոյն կերպով գործածել։ Այդ նպատակաւ, կարգ մը ժողովքներ ուրիշ ժողովքներու միացան եւ թաղամասերու սահմանները փոփոխութեան ենթարկուեցան։ Այս կարգադրութեամբ կազմակերպութիւնը մեծ գումարներ խնայեց։ Սակայն, կարգ մը հրատարակիչներ ստիպուեցան նոր պարագաներու յարմարիլ։ Անոնք թերեւս որոշ ժողովքի մը մէջ երկար տարիներ ծառայեցին եւ հաւատակիցներու հետ մտերմացան։ Բայց հիմա խնդրուեցաւ որ տարբեր ժողովքի մէջ ծառայեն։ Յիսուս որքա՜ն ուրախ ըլլալու է տեսնելով, թէ այս հաւատարիմ աշակերտները ինչպէ՛ս այս կարգադրութեան կը հնազանդին։

ԿՐՆԱՆՔ ՅԻՍՈՒՍԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ ԸԼԼԱԼ ՅԱՒԻՏԵԱՆ

15. Ապագային Յիսուսի հետ մեր բարեկամութիւնը ինչպէ՞ս պիտի զօրանայ։

15 Սուրբ հոգիով օծուածները Յիսուսի հետ յաւիտեան ըլլալու յոյսը ունին, ծառայելով որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան ժառանգակիցներ։ Անոնք իրապէս Յիսուսի հետ պիտի ըլլան. զինք պիտի տեսնեն, իրեն հետ պիտի խօսին եւ իր ընկերակցութիւնը պիտի վայելեն (Յովհ. 14։2, 3)։ Երկրային յոյս ունեցողներն ալ Յիսուսի սէրն ու հոգատարութիւնը պիտի վայելեն։ Թէեւ անոնք Յիսուսը պիտի չտեսնեն, բայց անոր հետ իրենց կապը ա՛լ աւելի պիտի զօրանայ, մինչ կը վայելեն այն կեանքը, որ Եհովան եւ Յիսուսը իրենց կարելի կը դարձնեն (Եսա. 9։6, 7

16. Յիսուսի հետ մեր բարեկամութեան շնորհիւ ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։

16 Երբ Յիսուսի բարեկամները ըլլալու հրաւէրը ընդունինք, բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելենք։ Օրինակ, հիմա իսկ իր սէրէն ու աջակցութենէն կ’օգտուինք։ Նաեւ, յաւիտեան ապրելու պատեհութիւնը կ’ունենանք։ Եւ ամէնէն կարեւորը, Յիսուսի հետ մեր բարեկամութեան շնորհիւ, ամէնէն թանկագին գանձը պիտի ստանանք, որ է՝ մտերիմ եւ անձնական փոխյարաբերութիւն Յիսուսի Հօր՝ Եհովայի, հետ։ Իրապէս ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է Յիսուսի բարեկամները կոչուիլ։

ԵՐԳ 84 «Կ’ուզե՛մ»

^ պարբ. 5 Առաքեալները քանի մը տարի անցուցին Յիսուսի հետ խօսելով ու աշխատելով, եւ լաւ բարեկամներ դարձան։ Յիսուս կ’ուզէ որ մենք ալ իր բարեկամները ըլլանք, բայց ասիկա մեզի համար ա՛յնքան դիւրին չէ, ո՛րքան դիւրին էր առաքեալներուն համար։ Յօդուածը պիտի քննարկէ կարգ մը դժուարութիւններ եւ պիտի տայ առաջարկներ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Յիսուսի հետ մտերիմ բարեկամութիւն կերտել ու պահպանել։

^ պարբ. 55 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. 1) Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, կրնանք Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան մասին սերտել։ 2) Ժողովքին մէջ, կրնանք ջանք թափել որ մեր եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։ 3) Ծառայութեան լիովին մասնակցելով, կրնանք Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կանգնիլ։ 4) Երբ ժողովքները կը միանան, կրնանք երէցներուն հետ համագործակցիլ։