ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 14
ԵՐԳ 64 Ճշմարտութիւնը իւրացուր
‘Ձգտէ հասունութեան’
«Շարունակենք ձգտիլ հասունութեան» (ԵԲ. 6։1, ՆԱ)։
ՆԻՒԹ
Տես թէ հասուն քրիստոնեայ մը ինչպէ՛ս Աստուծոյ կամքին համաձայն կը մտածէ ու կը վարուի եւ իմաստուն որոշումներ կ’առնէ։
1. Եհովան մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։
ԱՄՈՒՍԻՆ մը եւ կին մը իրենց աչքերուն չեն հաւատար, երբ առողջ պզտիկ մը ծնի իրենց։ Թէեւ ծնողները կը սիրեն իրենց այս արժէքաւոր նորածինը, բայց անոնք չեն ուզեր, որ անիկա միշտ պզտիկ մնայ։ Հապա՝ անոնք նոյնիսկ կը մտահոգուին եթէ ան չմեծնայ։ Նմանապէս, Եհովան կ’ուրախանայ երբ մենք որպէս Քրիստոսի հետեւորդներ մեր առաջին քայլերը առնենք։ Բայց եւ այնպէս, ան չ’ուզեր որ մենք հոգեւոր մանուկներ մնանք (Ա. Կոր. 3։1, 2ա)։ Փոխարէն՝ ան մեզմէ կը խնդրէ, որ չափահաս քրիստոնեաներ դառնանք (Ա. Կոր. 14։20)։
2. Ի՞նչ պիտի տեսնենք այս յօդուածին մէջ։
2 Ի՞նչ ըսել է չափահաս քրիստոնեայ ըլլալ։ Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ հասուն դառնալ։ Աստուածաշունչի խոր ուսումնասիրութիւնը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ հասուննանք։ Եւ ինչո՞ւ պէտք չէ չափէ աւելի ինքնավստահ ըլլանք։ Այս յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք այս հարցումներուն պատասխանները։
Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ Է ՀԱՍՈՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ
3. Ի՞նչ ըսել է չափահաս քրիստոնեայ ըլլալ։
3 Սուրբ Գիրքին մէջ, «չափահաս» թարգմանուած յունարէն բառը նաեւ կրնայ նշանակել՝ «հասուն», «կատարեալ» եւ «լման» (Ա. Կոր. 2։6, ՆԱ) a։ Ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ մը կը շարունակէ աճիլ, մինչեւ որ չափահաս դառնայ, մենք ալ պէտք է հոգեւորապէս աճինք, մինչեւ որ հոգեւորապէս հասուն քրիստոնեաներ դառնանք։ Անշուշտ, նոյնիսկ եթէ այդ նպատակին հասնինք, պէտք է շարունակենք հոգեւորապէս յառաջդիմել (Ա. Տիմ. 4։15)։ Բոլորս, նոյնիսկ տարիքով պզտիկները, կրնանք հոգեւորապէս հասուն ըլլալ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ մենք հասուն ենք։
4. Ո՞վ է հասուն քրիստոնեան։
4 Հասուն քրիստոնեան այն անձն է, որ Աստուծոյ բոլո՛ր ուզածները կ’ընէ, եւ չի զատեր թէ ո՛ր մէկը ընէ եւ ո՛ր մէկը չընէ։ Անշուշտ, ան անկատար է եւ սխալներ պիտի ընէ։ Բայց ամէն օր իր լաւագոյնը կ’ընէ, որ Եհովային ուզածին պէս մտածէ ու վարուի։ Ան նոր անձնաւորութիւնը հագած է եւ ամէն ջանք կ’ընէ որ Եհովային պէս մտածէ (Եփ. 4։22-24)։ Ան Եհովային օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հիման վրայ ինքզինք մարզած է, որ իմաստուն որոշումներ առնէ։ Անոր համար, պէտք չունի երկար–բարակ օրէնքներու, որ գիտնայ թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի։ Եւ երբ որոշում մը կ’առնէ, ամէն ջանք կ’ընէ որ այդ որոշումը գործադրէ (Ա. Կոր. 9։26, 27)։
5. Հասուն չեղող քրիստոնեայի մը հետ ի՞նչ կրնայ պատահիլ (Եփեսացիս 4։14, 15)։
5 Անդին, քրիստոնեայ մը որ հասուն չէ դարձած, կրնայ շատ դիւրին ազդուիլ մարդոց «խաբէութենէն» ու «խորամանկութենէն» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։14, 15)։ Ան թերեւս լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած սխալ լուրերուն, տեղեկութիւններուն եւ պատմութիւններուն հաւատայ, կամ ալ՝ հաւատուրացներուն խօսքերէն ազդուի b։ Ան թերեւս ուրիշներուն նախանձի, անոնց հետ վէճեր հանէ, շատ շուտով նեղուի կամ փորձութեան տեղի տայ (Ա. Կոր. 3։3)։
6. Մեր հասուն դառնալը ինչո՞ւ կրնանք նմանցնել պզտիկի մը մեծնալուն (տե՛ս նաեւ նկարը)։
6 Ինչպէս որ յիշեցինք, Սուրբ Գիրքը անձի մը հոգեւորապէս հասուննալը կը նմանցնէ՝ պզտիկի մը չափահաս դառնալուն։ Շատ բաներ կան որ պզտիկ մը չի գիտեր։ Անոր համար, ան չափահասի մը օգնութեան պէտք ունի, որ զինք պաշտպանէ եւ առաջնորդէ։ Օրինակով մը բացատրենք. երբ մայր մը իր պզտիկ աղջկան հետ ճամբայ մը պիտի կտրէ, անոր կ’ըսէ որ իր ձեռքը լաւ բռնէ։ Երբ աղջիկը քիչ մը մեծնայ, թերեւս մայրը ձգէ որ աղջիկը մինակը ճամբան կտրէ, բայց դեռ զինք կը յիշեցնէ, որ ճամբան կտրելէ առաջ՝ ճամբուն երկու կողմերը նայի։ Բայց երբ պզտիկը չափահաս դառնայ, ան ինքնիրմէ կը գիտնայ որ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Ուրեմն, ճիշդ ինչպէս որ պզտիկ մը չափահասի մը օգնութեան պէտք ունի, որ վտանգէ պաշտպանուի, հասուն չեղող քրիստոնեան ալ շատ անգամ հասուն քրիստոնեայի մը օգնութեան պէտք ունի, որ հոգեւոր վտանգներէ պաշտպանուի եւ իմաստուն որոշումներ առնէ։ Անդին, երբ հասուն քրիստոնեայ մը հարցի մը շուրջ որոշում մը պէտք է առնէ, ան Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ կը խոկայ, որ գիտնայ թէ Եհովա՛ն ինչպէս կը մտածէ այդ հարցին շուրջ, եւ ետքը իր սորվածները կը գործադրէ։
7. Հասուն քրիստոնեաները օգնութեան պէտք ունի՞ն։
7 Այս մէկը կը նշանակէ՞ որ հասուն քրիստոնեան երբեք օգնութեան պէտք չունի։ Ո՛չ։ Հասուն անձերն ալ ատեններ պէտք կ’ունենան օգնութիւն խնդրելու։ Բայց հոգեւորապէս հասուն չեղող անձը ի՛նքը որոշում առնելու տեղ՝ միշտ կը սպասէ որ ուրիշները իր տեղը որոշում առնեն եւ իրեն ըսեն որ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Միւս կողմէ, երբ հասուն քրիստոնեան օգնութիւն խնդրէ փորձառու եւ իմաստուն անձերէ, ան գիտէ որ ի՛նք պէտք է առնէ իր անձնական որոշումները եւ ինքն ‘իր բեռը պէտք է կրէ’ (Գաղ. 6։5)։
8. Հասուն անձերը իրարմէ ինչպէ՞ս կը տարբերին։
8 Ճիշդ ինչպէս որ չափահասները տարբեր–տարբեր տեսքեր կ’ունենան, հասուն անձերն ալ տարբեր–տարբեր հոգեւոր յատկութիւններ կ’ունենան։ Մէկը կրնայ շատ իմաստուն ըլլալ, իսկ միւսը՝ շատ քաջ։ Մէկը կրնայ շատ առատաձեռն ըլլալ, իսկ միւսը՝ շատ կարեկից։ Ասկէ զատ, կրնայ ըլլալ որ երկու հասուն քրիստոնեաներ նոյն պարագային մէջ տարբեր որոշումներ առնեն, բայց երկուքին որոշումներն ալ Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն համաձայն ըլլան, մանաւանդ խիղճի ձգուած հարցերուն մէջ։ Ասոր համար, անոնք իրար չեն դատեր երբ տարբեր որոշումներ կ’առնեն, հապա՝ իրենց միութիւնը կը պահեն (Հռով. 14։10. Ա. Կոր. 1։10)։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԸ ԻՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՅ ՀԱՍՈՒՆ ԴԱՌՆԱԼ
9. Կրնա՞նք առանց ջանքի հոգեւոր հասունութեան հասնիլ. բացատրէ։
9 Ժամանակի ընթացքին, պզտիկ մը ինքնաբերաբար ֆիզիքապէս կը մեծնայ, բայց մէկը առանց ջանք թափելու չի կրնար հոգեւորապէս հասուննալ։ Օրինակ, Կորնթոսի եղբայրներն ու քոյրերը ընդունեցին բարի լուրը, մկրտուեցան, սուրբ հոգին ստացան եւ շատ մը բաներ սորվեցան Պօղոս առաքեալէն (Գործք 18։8-11)։ Բայց իրենց մկրտութենէն քանի մը տարի ետք, շատեր տակաւին հասուն չէին դարձած (Ա. Կոր. 3։2)։ Ի՞նչ կրնանք ընել, որ մեզի հետ այս մէկը չպատահի։
10. Հասուն ըլլալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք (Յուդա 20)։
10 Հասուն ըլլալու համար նախ պէտք է ուզենք հասուն ըլլալ։ Անոնք, որոնք ‘անփորձ ըլլալը կը սիրեն’ եւ չեն ուզեր փոխուիլ, պիտի չյառաջդիմեն (Առ. 1։22, ՆԱ)։ Չենք ուզեր նմանիլ անոնց, որոնք ֆիզիքապէս կը մեծնան, բայց կը շարունակեն իրենց ծնողքէն ակնկալել, որ իրենց տեղ որոշումներ առնեն։ Ընդհակառակը, մենք կ’ուզենք մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան պատասխանատուութիւնը անձամբ շալկել (կարդա՛ Յուդա 20)։ Եթէ դեռ ջանք կ’ընես որ հասուն դառնաս, Եհովայէն խնդրէ որ քեզի ‘թէ՛ կամենալը ու թէ ընելը’ տայ, որ ասոր մէջ յաջողիս (Փլպ. 2։13)։
11. Եհովան մեզի ի՞նչ տուած է, որ մեզի օգնէ հասուն քրիստոնեաներ դառնալու (Եփեսացիս 4։11-13)։
11 Եհովան չ’ակնկալեր որ առանց մէկու մը օգնութեան հասուն դառնանք։ Ան մեզի ժողովքի հովիւները եւ ուսուցիչները տուած է, որ մեզի օգնեն հոգեւորապէս հասուն ըլլալու եւ «Քրիստոսի լման հասակին չափը ունենալու» (կարդա՛ Եփեսացիս 4։11-13)։ Ան նաեւ մեզի տուած է սուրբ հոգին, որպէսզի օգնէ «Քրիստոսին միտքը» ունենալու (Ա. Կոր. 2։)։ Ասկէ զատ, Աստուած մեզի տուած է չորս Աւետարանները, որպէսզի ցոյց տայ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս կը մտածէր, կը խօսէր ու կը վարուէր, երբ երկրի վրայ էր։ Յիսուսին մտածելակերպը եւ գործերը ընդօրինակելով կրնա՛ս հասուն քրիստոնեայ դառնալ։ 14-16
ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԸ ՄԵԶԻ ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ’ՕԳՆԷ ՈՐ ՀԱՍՈՒՆՆԱՆՔ
12. «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները» ի՞նչ են։
12 Որպէսզի հասուն դառնանք, պէտք է «Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքներ»էն աւելին գիտնանք։ Ասոնք այն բաներն են, որոնք սկիզբը սորվեցանք, երբ ճշմարտութեան եկանք։ Օրինակ, սորվեցանք զղջումին, հաւատքին, մկրտութեան եւ յարութեան մասին (Եբ. 6։1, 2)։ Այսպիսի ուսուցումներ քրիստոնէութեան հիմն են։ Ասոր համար, Պետրոս առաքեալ ատոնց մասին խօսեցաւ, երբ խումբ մը մարդոց կը քարոզէր Պէնտէկոստէին (Գործք 2։32-35, 38)։ Մենք պէտք է այս գլխաւոր ուսուցումները ընդունինք, որպէսզի Քրիստոսին աշակերտները դառնանք։ Օրինակ, Պօղոս ըսաւ, որ ան որ յարութեան չի հաւատար, չի կրնար Քրիստոսին աշակերտը ըլլալ (Ա. Կոր. 15։12-14)։ Բայց մենք պէտք է այս գլխաւոր ուսուցումներէն աւելին գիտնանք, որպէսզի հասուն դառնանք։
13. Ի՞նչ պէտք է ընենք որ Եբրայեցիս 5։14–ին մէջ յիշուած հաստատուն կերակուրէն օգտուինք (տե՛ս նաեւ նկարը)։
13 Կարեւոր է որ հաստատուն կերակուր ուտենք, որպէսզի ոչ միայն Եհովային օրէնքները գիտնանք, հապա նաեւ՝ անոր սկզբունքները, որոնք մեզի պիտի օգնեն որ իր մտածելակերպը հասկնանք։ Հաստատուն կերակուրէն օգտուելու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը սերտենք, անոր վրայ խոկանք եւ ի՛նչ որ սորվեցանք գործադրենք։ Այսպիսով, կը սորվինք Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնել (կարդա՛ Եբրայեցիս 5։14) c։
14. Պօղոս ինչպէ՞ս կորնթացիներուն օգնեց որ հասուն ըլլան։
14 Հասուն չեղող քրիստոնեաները դժուարութիւն կ’ունենան ճիշդ որոշումը առնելու, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ որոշ օրէնք մը չեն գտներ, որ կը կիրարկուի իրենց պարագային։ Ոմանք կը զգան որ իրենց ուզա՛ծը կրնան ընել։ Ուրիշներ ալ կ’ուզեն որ մէկը իրենց օրէնք մը տայ, երբ Սուրբ Գիրքին մէջ օրէնք մը չէ յիշուած։ Օրինակ, ըստ երեւոյթին Կորնթոսի քրիստոնեաները Պօղոսէն խնդրեցին, որ իրենց օրէնք մը տայ, թէ արդեօք կրնա՞ն կուռքի մը նուիրուած ուտելիք մը ուտել։ Բայց Պօղոս անոնց չըսաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընեն, հապա՝ ցոյց տուաւ որ ամէն մէկը ազատութիւնը ունի իր խիղճին հիման վրայ որոշում մը առնելու։ Ան Սուրբ Գիրքէն սկզբունքներ նշեց, որոնք կրնային ամէն մէկուն օգնել, որ մաքուր խիղճ ունենայ եւ ուրիշները չգայթակղեցնէ (Ա. Կոր. 8։4, 7-9)։ Պօղոս կորնթացիներուն կը սորվեցնէր Սուրբ Գրութիւնները գործածել, որպէսզի անձնական որոշում մը առնեն, փոխանակ՝ ուրիշներէն կախեալ ըլլալու կամ պարզապէս օրէնքներ փնտռելու։ Այսպիսով, Պօղոս անոնց կ’օգնէր որ հասուն դառնան։
15. Պօղոս ինչպէ՞ս եբրայեցի քրիստոնեաներուն օգնեց, որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։
15 Եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրած Պօղոսի նամակէն ալ կրնանք արժէքաւոր դաս մը սորվիլ։ Ժողովքին մէջ ոմանք չէին շարունակած հոգեւորապէս յառաջդիմել, հապա՝ դարձեալ ‘կաթի կը կարօտէին, ո՛չ թէ հաստատուն կերակուրի’ (Եբ. 5։12)։ Անոնք չէին սորված կամ ընդունած այդ նոր բաները, որոնք Եհովան ժողովքին միջոցաւ կը սորվեցնէր (Առ. 4։18)։ Օրինակի համար, ծագումով հրեայ հաւատացեալներէն շատեր տակաւին կը քաջալերէին Մովսիսական օրէնքը, թէեւ 30 տարիներ առաջ, Յիսուսին զոհը վերջ դրած էր այդ Օրէնքին (Հռով. 10։4. Տիտ. 1։10)։ Անոնք կրնային այդ 30 տարիներուն ընթացքին իրենց մտածելակերպը փոխել։ Ասիկա մեծ բան մը չէր։ Ուրեմն, Պօղոս հիմա կ’ուզէր իրենց օգնել, որ իր սորվեցուցած խորունկ ճշմարտութիւնները ընդունին։ Եւ իր այս նամակը իրենց օգնեց որ տեսնեն, թէ Յիսուսին միջոցաւ Եհովան պաշտելու նոր կերպը շատ աւելի լաւ էր։ Ատիկա նաեւ անոնց քաջութիւն տուաւ, որ շարունակեն քարոզել, հակառակ՝ հրեաներուն կողմէ եղած հալածանքին (Եբ. 10։19-23)։
ՉԱՓԷ ԱՒԵԼԻ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՐ
16. Հասունութեան հասնելէ զատ ի՞նչ պէտք է ընենք։
16 Պէտք է ջանք թափենք ոչ միայն հասունութեան հասնելու, հապա նաեւ՝ այդպէս մնալու։ Ուրեմն, չափէ աւելի ինքնավստահ չըլլանք (Ա. Կոր. 10։12)։ Պէտք է շարունակենք ‘քննել’ մեր անձերը, որ վստահ ըլլանք թէ տակաւին կը յառաջդիմենք կամ ոչ (Բ. Կոր. 13։5)։
17. Պօղոսին նամակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ որ պէտք է հասուն մնանք։
17 Պօղոս կողոսացիներուն գրած իր նամակին մէջ ալ շեշտեց, որ պէտք է հասուն մնանք։ Հակառակ անոր որ կողոսացիները հոգեւորապէս հասուն դարձած էին, Պօղոս անոնց ըսաւ որ պէտք է շատ ուշադիր ըլլան, որ չազդուին աշխարհի մարդոց մտածելակերպէն (Կող. 2։6-10)։ Իսկ Եպափրաս, որ ըստ երեւոյթին ժողովքին անդամները շատ լաւ գիտէր, անոնց համար միշտ կ’աղօթէր, որպէսզի ‘կատարեալ ու լման կենան’, այսինքն՝ հասուն մնան (Կող. 4։12)։ Լաւ, հոս կէտը ի՞նչ է։ Թէ՛ Պօղոսը եւ թէ Եպափրասը ըմբռնած էին, որ հասուն մնալու համար, անձ մը թէ՛ պէտք է ջանք թափէ, թէ ալ Աստուծոյ օգնութիւնը խնդրէ։ Անոնք կ’ուզէին որ կողոսացիները հասուն, կամ՝ հոգեւորապէս չափահաս, մնան՝ հակառակ իրենց բոլոր դժուարութիւններուն։
18. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ հասուն քրիստոնեայի մը (տե՛ս նաեւ նկարը)։
18 Պօղոս եբրայեցիներուն հասկցուց, որ եթէ հասուն քրիստոնեայ մը ուշադիր չըլլայ՝ կրնայ Եհովային հաճութիւնը յաւիտեան կորսնցնել։ Քրիստոնեայի մը սիրտը կրնայ այնքա՛ն կարծրանալ, որ երբ սխալ մը ընէ՝ չզղջայ եւ Եհովային ներողամտութենէն չօգտուի։ Բայց եբրայեցիներուն պարագան այդպէս չէր (Եբ. 6։4-9)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին, որոնք ներկայիս անգործունեայ կը դառնան, կամ ալ կը վտարուին՝ բայց ետքը կը զղջան։ Եթէ անոնք խոնարհօրէն զղջան, ցոյց կու տան որ չեն նմանիր այն անձերուն, որոնց մասին Պօղոս գրեց, որ կրնան Աստուծոյ հաճութիւնը յաւիտեան կորսնցնել։ Անշուշտ, երբ անոնք Եհովային վերադառնան, հոգեւոր օգնութեան պէտք ունին (Եզեկ. 34։15, 16)։ Երէցները թերեւս կարգադրութիւն ընեն, որ փորձառու Վկայ մը անոնց օգնէ հոգեւորապէս զօրանալու։
19. ի՞նչ նպատակ պէտք է ունենանք։
19 Եթէ ջանք կը թափես որ հոգեւորապէս հասուն դառնաս, կրնա՛ս նպատակիդ հասնիլ։ Շարունակէ՛ Աստուածաշունչէն խորունկ ճշմարտութիւններ սորվիլ եւ մտածէ՛ ինչպէս որ Եհովան կը մտածէ։ Եւ եթէ արդէն հասուն դարձած ես, ամէն ջանք ըրէ՛ որ միշտ հասուն մնաս։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
-
Ի՞նչ կը նշանակէ հասուն քրիստոնեայ ըլլալ։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք հոգեւորապէս հասուն դառնալ։
-
Ինչո՞ւ պէտք չէ չափէ դուրս ինքնավստահ ըլլանք։
ԵՐԳ 45 Օ՛ն յառաջ
a Թէեւ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ չենք գտներ «հասուն» եւ «հասուն չեղող» բառերը, բայց ատոնց գաղափարը անցած է հոն։ Օրինակ, Առակաց գիրքը միամիտ եւ երիտասարդ անձը կը բաղդատէ իմաստուն եւ հանճարեղ անձին հետ (Առ. 1։4, 5)։
b Տե՛ս «Ուրիշ նիւթեր» յօդուածաշարքին «Ինչպէ՞ս կրնաս ինքզինքդ պաշտպանել սխալ տեղեկութիւններէ» յօդուածը (արաբ.) jw.org կայքին եւ JW Library® էփին մէջ։
c Տե՛ս այս թիւին «Սերտելու ծրագիր» բաժինը։
d ՆԿԱՐ. Եղբայր մը Աստուծոյ Խօսքէն իր սորված սկզբունքները կը գործադրէ, երբ կ’ընտրէ ի՛նչ պիտի դիտէ հեռատեսիլին վրայ։