Պատանինե՛ր, կրնաք գոհացուցիչ կեանք մը ունենալ
«Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես» (ՍԱՂ. 16։11)։
1, 2. Թոնիին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, թէ կարելի է որ մէկը փոփոխութիւններ ընէ իր կեանքին մէջ։
ԹՈՆԻՆ առանց հօր մեծցած էր։ Ան կը մտածէր դպրոցէն ելլել, քանի որ ուսումով շատ չէր հետաքրքրուած։ Ան շաբաթավերջը կ’անցընէր ֆիլմեր դիտելով կամ ընկերներուն հետ ժամանակ անցընելով։ Ան ո՛չ վայրագ էր, ոչ ալ թմրեցուցիչ կը գործածէր, բայց պարզապէս կեանքին մէջ նպատակ չունէր։ Ան նաեւ կը կասկածէր որ Աստուած գոյութիւն ունի։ Օր մը, ան հանդիպեցաւ Վկայ զոյգի մը եւ իր կասկածներուն ու հարցումներուն մասին խօսեցաւ անոնց։ Անոնք իրեն երկու գրքոյկներ տուին՝ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել։
2 Երբ զոյգը իրեն վերայցելեց, իր կեցուածքը փոխուած էր։ Ան գրքոյկները ա՛յնքան սերտած էր, որ ճմռթկուած էին։ Ան ըսաւ. «Ա՛նպայման Աստուած մը կայ»։ Ան ընդունեց Սուրբ Գիրքը սերտել եւ քիչ–քիչ սկսաւ տարբեր աչքով նայիլ կեանքին։ Ան նաեւ դպրոցին լաւագոյն աշակերտներէն եղաւ։ Նոյնիսկ դպրոցին տնօրէնը զարմացաւ։ Ան Թոնիին ըսաւ. «Դուն մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած ես կեցուածքիդ եւ նիշերուդ մէջ։ Պատճառը՝ Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցի՞լդ է»։ Թոնին «ա՛յո» ըսաւ եւ ետքը իր սորվածները պատմեց տնօրէնին։ Ան երկրորդական Սաղ. 68։5)։
վարժարանը աւարտեց եւ հիմա կը ծառայէ որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ եւ օգնական ծառայ։ Ան շա՜տ ուրախ է որ այլեւս հիանալի Հայր մը ունի՝ Եհովան (ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԷ ՈՐՊԷՍԶԻ ՅԱՋՈՂԻՍ
3. Եհովան պատանիներուն ի՞նչ խրատ կու տայ։
3 Թոնիին փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան իրապէս հետաքրքրուած է ձեզմով, ո՛վ պատանիներ։ Ան կ’ուզէ որ իսկապէս յաջող եւ գոհացուցիչ կեանք մը ունենաք։ Այս պատճառով, ան ձեզ կը խրատէ, ըսելով. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ» (Ժող. 12։1)։ Ասիկա միշտ դիւրին չ’ըլլար, բայց անկարելի բան մը չէ։ Եհովային օգնութեամբ կրնաք յաջող կեանք մը ունենալ թէ՛ երբ պատանի էք եւ թէ երբ չափահաս դառնաք։ Որպէսզի այս կէտը աւելի լաւ հասկնանք, պիտի քննարկենք թէ ի՛նչը իսրայէլացիներուն օգնեց որ Աւետեաց երկիրը գրաւեն, եւ ի՛նչը Դաւիթին զօրութիւն տուաւ որ Գողիաթին յաղթէ։
4, 5. Ի՞նչ արժէքաւոր դաս մը կը սորվինք իսրայէլացիներէն եւ Դաւիթէն (տե՛ս բացման նկարները)։
4 Երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, Եհովան անոնց ի՞նչ ցուցմունքներ տուաւ։ Ըսա՞ւ որ մարզուին եւ աւելի լաւ պատերազմողներ ըլլան։ Ո՛չ (Բ. Օր. 28։1, 2)։ Անոնց ըսաւ որ իրեն հնազանդին եւ վստահին (Յես. 1։7-9)։ Այս խրատը կրնար անտրամաբանական թուիլ մարդոց, բայց լաւագոյն խրատն էր, քանի որ Եհովան իսրայէլացիներուն ետեւ–ետեւի յաղթանակ տուաւ քանանացիներուն դէմ (Յես. 24։11-13)։ Մէկը պէտք է հաւատք ունենայ, որպէսզի կարենայ Աստուծոյ հնազանդիլ, եւ այդ հաւատքը միշտ յաջողութիւն կը բերէ։ Այս իրողութիւնը չի փոխուիր։
5 Գողիաթ հզօր պատերազմող էր։ Ան լաւ զինուած էր եւ հասակը գրեթէ երեք մեթր էր (Ա. Թագ. 17։4-7)։ Անդին, Դաւիթ միայն երկու բան ունէր՝ պարսատիկ մը եւ Եհովային հանդէպ իր հաւատքը։ Ան վստահաբար անխելք կ’երեւէր հաւատք չունեցողներուն աչքին։ Բայց իրականութեան մէջ, Գողիաթն էր անխելքը (Ա. Թագ. 17։48-51)։
6. Հիմա ի՞նչ բաներ մանրամասնօրէն պիտի քննարկենք։
6 Նախորդ յօդուածին մէջ նկատի առինք չորս բաներ, որոնք մեզ աւելի ուրախ եւ յաջող անձեր կը դարձնեն. մեր հոգեւոր կարիքները գոհացնել, լաւ բարեկամներ ունենալ՝ որոնք Աստուած կը սիրեն, իմաստալից նպատակակէտեր դնել եւ Աստուծոյ տուած ազատութիւնը արժեւորել։ Հիմա այս նիւթերը աւելի քննարկենք, նկատի առնելով 16–րդ սաղմոսին մէջ նշուած կարգ մը սկզբունքներ։
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԱՐԻՔՆԵՐԴ ԳՈՀԱՑՈՒՐ
7. ա) Ինչպէ՞ս կը նկարագրես հոգեւոր անձը։ բ) Դաւիթին «բաժին»ը ի՞նչ էր, եւ ասիկա իրեն ինչպէ՞ս ազդեց։
7 Հոգեւոր անձը Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունի եւ Աստուծոյ աչքով կը նայի հարցերուն։ Ան թոյլ կու տայ որ Եհովան զինք առաջնորդէ, եւ վճռած է իրեն հնազանդիլ (Ա. Կոր. 2։12, 13)։ Դաւիթ լաւ օրինակ է ասոր մէջ։ Ան ըսաւ. «Տէրն է իմ ժառանգութեանս ու բաժակիս բաժինը» (Սաղ. 16։5)։ Այդ «բաժինը» կը պարփակէր՝ իր ունեցած մօտիկ փոխյարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, որուն կ’ապաւինէր (Սաղ. 16։1)։ Արդիւնքը ի՞նչ էր։ Ան գրեց. «Սիրտս ուրախ եղաւ»։ Չկար բան մը որ Դաւիթը աւելի կ’ուրախացնէր քան՝ Եհովային հետ իր մտերիմ բարեկամութիւնը (կարդա՛ Սաղմոս 16։9, 11)։
8. Ի՞նչ կարգ մը բաներ կրնան մեզի իսկական գոհունակութիւն տալ։
8 Անոնք որոնք կը կեդրոնանան դրամին ու հաճոյքին վրայ, չեն կրնար Դաւիթին ունեցած ուրախութիւնը ունենալ (Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Քանատայի մէջ եղբայր մը կ’ըսէ. «Կեանքին մէջ առնելը չէ որ իսկական գոհունակութիւն կու տայ, հապա՝ մեր տալը ամէն կատարեալ պարգեւ Տուողին՝ Եհովային» (Յակ. 1։17)։ Եթէ Եհովային հանդէպ հաւատք զարգացնես եւ իրեն ծառայես, իրապէս իմաստալից եւ գոհացուցիչ կեանք մը պիտի ունենաս։ Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ զօրացնել։ Պէտք է Եհովային հետ ժամանակ անցընես՝ իր Խօսքը կարդալով, իր ստեղծագործութիւնը դիտելով եւ իր յատկութիւններուն մասին մտածելով, մէջը ըլլալով՝ քեզի հանդէպ իր սէրը (Հռով. 1։20. 5։8, 9)։
9. Ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքը քեզի ազդէ, ինչպէս որ Դաւիթին ազդեց։
9 Երբեմն Աստուած մեզի հանդէպ իր սէրը կը ցուցնէ՝ մեզ հօր մը պէս սրբագրելով։ Դաւիթ այս մէկը կ’արժեւորէր։ Ան ըսաւ. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն» (Սաղ. 16։7)։ Ան Աստուծոյ մտածումներուն վրայ խոկաց, զանոնք որդեգրեց եւ թոյլ տուաւ որ իր մտածումին ազդեն։ Եթէ դո՛ւն ալ նոյնը ընես, Աստուծոյ հանդէպ սէրդ եւ իրեն ծառայելու փափաքդ պիտի զօրանան, ինչպէս նաեւ հոգեւորապէս աւելի հասուն պիտի ըլլաս։ Քրիսթին անունով քոյր մը ըսաւ. «Երբ պրպտում ընեմ եւ կարդացածիս վրայ խոկամ, կը զգամ որ Եհովան ատոնք ուղղակի ինծի համար գրել տուած է»։
10. Ինչպէս որ Եսայի 26։3–ը ցոյց կու տայ, հոգեւոր մտածելակերպ ունենալը ինչպէ՞ս քեզի կ’օգնէ։
10 Հոգեւոր մտածելակերպ ունենալը կը ձգէ, որ Աստուծոյ աչքով նայիս աշխարհին եւ ատոր ապագային։ Եհովան այս յատուկ գիտակցութիւնն ու խորատեսութիւնը կու տայ քեզի։ Ինչո՞ւ։ Ան կ’ուզէ որ գիտնաս թէ կեանքի մէջ ի՛նչն է կարեւորը, իմաստուն որոշումներ առնես եւ ապագային նկատմամբ վախ չունենաս։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ Եհովան պիտի պաշտպանէ բոլոր անոնք, որոնք Իրեն լիովին կ’ապաւինին, եւ անոնց մնայուն խաղաղութիւն պիտի տայ (կարդա՛ Եսայի 26։3)։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ապրող Ճոշուա անունով եղբայր մը կ’ըսէ. «Եհովային մօտիկ մնալը կ’օգնէ որ յստակօրէն տեսնեմ, թէ ի՛նչը կարեւոր է եւ ի՛նչը շատ կարեւոր չէ»։ Ասիկա շա՜տ ճիշդ է։
ԻՍԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԻՐ
11. Դաւիթ ինչպէ՞ս զատեց իր բարեկամները։
11 Կարդա՛ Սաղմոս 16։3։ Դաւիթ գիտէր ինչպէ՛ս իսկական բարեկամներ գտնել։ Ան որպէս բարեկամ զատեց անոնք, որոնք Եհովան կը սիրէին եւ կը հետեւէին Եհովայի բարոյական չափանիշներուն։ Ասիկա զինք շատ ուրախացուց։ Ուրիշ սաղմոսերգու մը նմանապէս գրեց. «Ես ընկեր եղայ այն ամենուն, որոնք քեզմէ կը վախնան ու քու հրամաններդ կը պահեն» (Սաղ. 119։63)։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, դո՛ւն ալ կրնաս Եհովային հնազանդող եւ սիրող անհատներուն մէջ բազմաթիւ լաւ բարեկամներ գտնել։ Անշուշտ, պայման չէ որ բարեկամներդ քու տարիքէդ ըլլան։
12. Դաւիթ եւ Յովնաթան ինչո՞ւ շատ լաւ բարեկամներ էին։
12 Դաւիթ միայն իր տարեկիցներուն հետ չբարեկամացաւ։ Կրնա՞ս յիշել իր մտերիմ բարեկամներէն մէկը։ Թերեւս միտքդ բերիր Յովնաթանը։ Դաւիթին եւ Յովնաթանին բարեկամութիւնը Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած ամէնէն աղուոր բարեկամութիւններէն մէկն է։ Բայց գիտէի՞ր որ Յովնաթան Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր։ Անոնք ինչո՞ւ շատ լաւ բարեկամներ էին։ Անոնց բարեկամութիւնը հիմնուած էր Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքին վրայ։ Անոնք նաեւ փոխադարձ յարգանք ունէին եւ իրարու լաւ յատկութիւնները կ’արժեւորէին, ինչպէս՝ այն քաջութիւնը որ ցուցուցին, երբ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ կռուեցան (Ա. Թագ. 13։3. 14։13. 17։48-50. 18։1)։
13. Ինչպէ՞ս կրնաս աւելի բարեկամներ ունենալ. օրինակ մը տուր։
13 Մենք ալ Դաւիթին եւ Յովնաթանին պէս կրնանք ուրախանալ, երբ բարեկամանանք անհատներու հետ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ իրեն հանդէպ հաւատք ունին։ Քիրա անունով քոյր մը, որ երկար տարիներ Աստուծոյ ծառայած է, կ’ըսէ. «Աշխարհի չորս կողմէն բարեկամներ ունիմ, որոնք տարբեր–տարբեր ենթահողերու եւ մշակոյթներու կը պատկանին»։ Եթէ դուն
ալ շրջանակդ լայնցնես, յստակօրէն պիտի տեսնես որ Սուրբ Գիրքը եւ սուրբ հոգին ինչպէ՛ս մեզ կը միացնեն։ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐ ԴԻՐ
14. ա) Ի՞նչը կ’օգնէ որ իմաստալից նպատակակէտեր դնես։ բ) Կարգ մը եղբայրներ ի՞նչ կ’ըսեն իրենց հոգեւոր նպատակակէտերուն մասին։
14 Կարդա՛ Սաղմոս 16։8։ Դաւիթ կեդրոնացած էր Աստուծոյ ծառայութեան վրայ։ Եթէ Դաւիթին պէս առաջին տեղը դնես ծառայութիւնը եւ միշտ մտածես որ Եհովան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընես, գոհացուցիչ կեանք մը պիտի ունենաս։ Սթիվըն անունով եղբայր մը ըսաւ. «Գոհունակ կը զգամ, երբ ջանամ որոշ նպատակակէտի մը հասնիլ, զայն իրագործեմ եւ տեսնեմ թէ որքա՛ն յառաջդիմած եմ»։ Գերմանիայէն եղող երիտասարդ եղբայր մը, որ հիմա ուրիշ երկրի մը մէջ կը ծառայէ, ըսաւ. «Չեմ ուզեր ծերութեանս ատեն անդրադառնալ, որ ամէն ինչ որ կեանքիս մէջ ըրած եմ՝ միայն անձնական շահիս համար էր»։ Նոյն բանը կը մտածե՞ս։ Եթէ ա՛յո, կարողութիւններդ եւ ձիրքերդ գործածէ, որ Աստուած պատուես եւ ուրիշներուն օգնես (Գաղ. 6։10)։ Հոգեւոր նպատակակէտեր դիր եւ աղօթքով Եհովայէն խնդրէ որ քեզի օգնէ ատոնց հասնելու։ Ան ուրախութեամբ կը պատասխանէ այսպիսի աղօթքներու (Ա. Յովհ. 3։22. 5։14, 15)։
15. Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել (տե՛ս « Կարգ մը գործնական նպատակակէտեր» շրջանակը)։
15 Ի՞նչ նպատակակէտեր կրնաս դնել։ Կրնաս ջանալ քու բառերովդ պատասխան տալ ժողովին ընթացքին, ռահվիրայ ըլլալ կամ Բեթէլի մէջ ծառայել։ Կրնաս փորձել նոր լեզու մը սորվիլ, այն նպատակով որ օտար դաշտի մը մէջ ծառայես։ Պարաք անունով երիտասարդ լիաժամ ծառայ մը կ’ըսէ. «Միայն Եհովային ծառայութիւնը կը ձգէ, որ ամէն առտու արթննամ այն գիտակցութեամբ, որ ես ամբողջ զօրութիւնս կու տամ Եհովային»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒԱԾ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՐԺԵՒՈՐԵ՞Ս
16. Դաւիթ ի՞նչ զգաց Եհովային արդար չափանիշներուն հանդէպ, եւ ինչո՞ւ։
16 Կարդա՛ Սաղմոս 16։2, 4։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Աստուծոյ օրէնքները եւ սկզբունքները իսկական ազատութիւն կու տան մեզի։ Ինչպէ՞ս։ Մեզի կ’օգնեն որ սորվինք բարին սիրել ու չարը ատել (Ամս. 5։15)։ Դաւիթ շատ ջանք թափեց որ Եհովան ընդօրինակէ եւ Իր սիրած բաները սիրէ։ Ան Եհովային ըսաւ. «Առանց քեզի բարիք մը չունիմ», ինչ որ կը նշանակէ թէ Աստուած ոչ միայն բարիքներուն Աղբիւրն է, հապա նաեւ բարի եւ արդար չափանիշներուն Աղբիւրը։ Դաւիթ նաեւ սորվեցաւ ատել ի՛նչ որ Աստուծոյ աչքին բարի եւ արդար չէ։ Ատոնց մէջ կայ կռապաշտութիւնը, որ մարդոց արժէքը կ’իջեցնէ եւ Եհովայէն կը խլէ այն փառքը որ Իրեն կը պատկանի (Եսա. 2։8, 9. Յայտ. 4։10բ)։
17, 18. ա) Դաւիթ ի՞նչ ըսաւ սուտ պաշտամունքին հետեւանքներուն մասին։ բ) Ի՞նչը պատճառ կ’ըլլայ որ այսօր մարդիկ ‘իրենց ցաւերը շատցնեն’։
17 Սուրբգրական ժամանակներուն, սեռային անբարոյութիւնը յաճախ սուտ պաշտամունքին մաս կը կազմէր (Ով. 4։13, 14)։ Շատեր սուտ պաշտամունքը կը սիրէին, քանի որ անբարոյութիւնը հաճելի էր իրենց համար։ Բայց ատիկա մնայուն ուրախութիւն չբերաւ իրենց։ Ընդհակառակը, ‘անոնց ցաւերը շատցան’, ինչպէս որ Դաւիթ ըսաւ։ Անոնք նաեւ բազմաթիւ պզտիկներու տառապանք պատճառեցին, զանոնք չաստուածներու զոհելով (Եսա. 57։5)։ Եհովան այդ անգթութիւնը կ’ատէր (Եր. 7։31)։ Եթէ այդ ժամանակներուն ապրած ըլլայիր, շնորհակալ պիտի չը՞լլայիր, եթէ ծնողքդ Եհովան պաշտողներ ըլլային։
18 Ներկայիս ալ բազմաթիւ սուտ կրօնքներ կ’ընդունին սեռային անբարոյութիւնը, նոյնիսկ միասեռականութիւնը։ Բայց այդպէս կոչուած բարոյական ազատութեան հետեւանքները չեն փոխուած։ Նկատա՞ծ ես որ ատոնք մարդոց ‘ցաւերը կը շատցնեն’ (Ա. Կոր. 6։18, 19)։ Ասոր համար, ո՛վ պատանիներ, ձեր երկնաւոր Հօր մտիկ ըրէք։ Լման համոզուած եղէք, որ իրեն հնազանդիլը շատ լաւ է ձեզի համար։ Ձեր միտքը պահեցէք որ սխալ արարքներուն պատճառած վնասը շա՜տ աւելի է քան՝ ատոնց տուած ժամանակաւոր հաճոյքը (Գաղ. 6։8)։ Նախապէս նշուած Ճոշուան ըսաւ. «Մեր ազատութիւնը կրնանք գործածել ինչպէս որ ուզենք, բայց եթէ զայն սխալ կերպով գործածենք, գոհ պիտի չըլլանք»։
19, 20. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն այն պատանիներուն, որոնք Եհովային կը հնազանդին։
19 Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։31, 32)։ Եհովային շնորհիւ մենք ազատ ենք սուտ կրօնքէն, տգիտութենէն եւ նախապաշարումներէն։ Ասկէ աւելի, ապագային «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը» պիտի ունենանք (Հռով. 8։21)։ Այդ ազատութեան համը հիմակուընէ առ, ‘կենալով Յիսուսի խօսքին մէջ’, այսինքն՝ իր ուսուցումներուն մէջ։ Այսպիսով, ‘ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաս’ ոչ միայն ատոր մասին սորվելով, հապա նաեւ զայն գործադրելով։
20 Ո՛վ պատանիներ, Աստուծոյ տուած ազատութիւնը արժեւորեցէք։ Զայն իմաստութեամբ գործածեցէք։ Ատիկա ձեզի պիտի օգնէ, որ հիմա այնպիսի որոշումներ առնէք, որոնք կրնան լաւագոյն ապագան տալ ձեզի։ Պատանի եղբայր մը ըսաւ. «Պատանեկութեանդ ատեն ազատութիւնդ իմաստութեամբ գործածելը՝ ապագային շատ օգտակար կը դառնայ, երբ աւելի մեծ որոշումներ պէտք է առնես, ինչպէս՝ յարմար գործ մը գտնել, որոշել ամուսնանա՛լ թէ ոչ որոշ ժամանակ մը ամուրի մնալ»։
21. Ինչպէ՞ս կրնաս «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգել։
21 Այս աշխարհին մէջ, նոյնիսկ եթէ մէկը «լաւագոյն կեանքը» ունենայ, ատիկա երկար չի տեւեր։ Չենք գիտեր վաղը մեզի ի՛նչ պիտի ըլլայ (Յակ. 4։13-15)։ Ասոր համար, լաւագոյն բանը որ կրնաս ընել՝ այնպիսի որոշումներ առնելն է, որոնք պիտի օգնեն որ «յաւիտենական կեանքը» ձեռք ձգես (Ա. Տիմ. 6։19)։ Եհովան մեզ չի ստիպեր որ իրեն ծառայենք։ Մեզի՛ կ’իյնայ որոշումը։ Ուստի, Եհովան «բաժին»դ ըրէ, ամէն օր ջանք թափելով որ իրեն մօտենաս, եւ արժեւորէ բոլոր «բարիքները» որ քեզի տուած է (Սաղ. 103։5, ՆԹ)։ Հաւատք ունեցիր որ Եհովան կրնայ քեզի ընդմիշտ լեցուն ուրախութիւն եւ երջանկութիւն տալ (Սաղ. 16։11)։