Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 50

Եհովայի կարգադրութիւնը, որպէսզի ազատութիւն վայելես

Եհովայի կարգադրութիւնը, որպէսզի ազատութիւն վայելես

«Երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք» (ՂԵՒ. 25։10

ԵՐԳ 136 Թագաւորութիւնը կ’իշխէ. կ’աղօթենք՝ «Թող գա՛յ»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. ա) Ոմանք ի՞նչ յոբելեան կը տօնեն (տե՛ս « Ի՞նչ էր Յոբելեան տարին» շրջանակը)։ բ) Ղուկաս 4։16-19–ին մէջ, Յիսուս ինչի՞ մասին նշեց։

ԿԱՐԳ մը երկիրներու մէջ, մասնաւոր տօնակատարութիւններ կը կազմակերպուին թագաւորի մը կամ թագուհիի մը իշխանութեան 50–ամեակը տօնելու համար։ Այդ 50–ամեակը յաճախ կը կոչուի կառավարիչին յոբելեան տարին։ Յոբելեանին տօնակատարութիւնները կրնան տեւել՝ մէկ օր, մէկ շաբաթ կամ նոյնիսկ աւելի երկար, բայց ի վերջոյ վերջ կը գտնեն եւ մարդիկ այդ առիթով իրենց վայելած ուրախութիւնը կը մոռնան։

2 Վաղեմի Իսրայէլի մէջ ամէն 50 տարին անգամ մը, տօն մը կը տօնուէր մէկ տարի տեւողութեամբ ու կը կոչուէր Յոբելեան տարի եւ իսրայէլացիներուն ազատութիւն կը բերէր։ Յոբելեան տարին ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։ Քանի որ անիկա մեզի կը յիշեցնէ մնայուն ազատութեան գեղեցիկ կարգադրութիւն մը, որ Եհովան մեզի համար ըրած է։ Յիսուս այդ ազատութեան մասին նշեց Ղուկաս 4։16-19–ին մէջ (կարդա՛)։ Այս աւելի լաւ Յոբելեանին մասին պիտի խօսինք։

Իսրայէլի մէջ Յոբելեանը ուրախութիւն կը պատճառէր, քանի որ ստրկացած անհատները իրենց ընտանիքին ու ստացուածքին կը վերադառնային (տե՛ս պարբերութիւն 3) *

3. Ղեւտացւոց 25։8-12–ի համաձայն, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս օգտուեցան Յոբելեան տարիէն։

3 Ազատութեան մասին Յիսուսի խօսքը աւելի լաւ կը հասկնանք, երբ նա՛խ նկատի առնենք Յոբելեանի կարգադրութիւնը, որ Եհովան իր վաղեմի ժողովուրդին համար ըրաւ։ Ան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ազգատոհմին թող դառնայ» (կարդա՛ Ղեւտացւոց 25։8-12)։ Նախորդ յօդուածին մէջ քննարկեցինք, թէ իսրայէլացիները ինչպէ՛ս օգտուեցան շաբաթական Շաբաթի կարգադրութենէն։ Անոնք ինչպէ՞ս օգտուեցան Յոբելեան տարիէն։ Բացատրենք. երբ իսրայէլացի տղամարդ մը պարտքի տակ մտնէր եւ առ ի արդիւնք ստիպուէր իր հողը ծախել՝ իր պարտքը գոցելու համար, Յոբելեան տարուան ընթացքին, իր հողը իրեն կը վերադարձուէր։ Ուստի, մարդը ‘իր ստացուածքին կը դառնար’, եւ յետագային իր զաւակները կրնային իր հողը ժառանգել։ Իսկ երբ տղամարդ մը այնքա՛ն պարտք դիզէր, որ զայն գոցելու համար ստիպուէր իր զաւակներէն մէկը կամ նոյնիսկ ինքզինք ծախել ստրկութեան, Յոբելեան տարուան ընթացքին ստրուկը ‘իր ազգատոհմին կը վերադառնար’։ Այդպիսով, մէ՛կը ստրկութեան պիտի չմատնուէր առանց յոյսի։ Ի՜նչ մեծ հոգատարութիւն Եհովայի կողմէ։

4-5. Վաղեմի Յոբելեանը ինչո՞ւ մեզ պէտք է հետաքրքրէ։

4 Յոբելեան տարուան ուրիշ մէկ օգուտը ի՞նչ էր։ Եհովան բացատրեց. «Քու քովդ աղքատ չգտնուի. վասն զի Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես» (Բ. Օր. 15։4)։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր է աշխարհի իրավիճակէն այսօր, ուր հարուստը աւելի՛ կը հարստանայ եւ աղքատը աւելի՛ կ’աղքատանայ։

5 Մենք՝ քրիստոնեաներս, Մովսիսական օրէնքին տակ չենք։ Հետեւաբար չենք հետեւիր Յոբելեանի կարգադրութեան, որուն շնորհիւ ստրուկներ ազատ կ’արձակուէին, պարտքեր կը ներուէին եւ ժառանգուած հողեր կը վերադարձուէին (Հռով. 7։4. 10։4. Եփ. 2։15)։ Սակայն, Յոբելեանով պէ՛տք է հետաքրքրուինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կրնանք վայելել ազատութիւն մը, որ մեզի կը յիշեցնէ ինչ որ Եհովան իսրայէլացիներուն համար կարգադրեց։

ՅԻՍՈՒՍ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

6. Մարդկութիւնը պէտք ունի ի՞նչ բանէ ազատուելու։

6 Բոլորս պէտք ունինք ազատուելու, քանի որ ահռելի գերութեան մը մէջ ենք. մեղքին գերի ենք։ Եւ որովհետեւ մեղաւորներ ենք, կը ծերանանք, կը հիւանդանանք եւ կը մեռնինք։ Շատեր ասոր ապացոյցը կը տեսնեն, երբ հայելիին մէջ կը նային կամ բժիշկի մը քով կ’երթան։ Ասկէ զատ, կը վհատինք երբ մեղքեր կը գործենք։ Պօղոս առաքեալ խոստովանեցաւ, որ ‘գերի դարձած էր մեղքի օրէնքին, որ իր անդամներուն մէջ էր’։ Եւ աւելցուց. «Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ ես. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմնէն» (Հռով. 7։23, 24

7. Եսային ազատութեան նկատմամբ ի՞նչ մարգարէացաւ։

7 Ուրախ ենք որ Աստուած կարգադրեց կերպ մը, որ մեզ ազատէ մեղքէն։ Այդ ազատութեան միջոցը Յիսուսն է։ Ք.Ա. 8–րդ դարուն, Եսայի մարգարէն մարգարէացաւ մեծ ազատութեան մը մասին, որ շա՜տ աւելի բան պիտի իրագործէր, քան ինչ որ իսրայէլացիներուն Յոբելեան տարին իրագործեց։ Ան գրեց. «Տէր Եհովային Հոգին իմ վրաս է, վասն զի Տէրը զիս օծեց ու զիս ղրկեց աղքատներուն աւետիս տալու, կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն՝ ազատութիւն. . . հրատարակելու» (Եսա. 61։1)։ Այս մարգարէութիւնը որո՞ւ կը կիրարկուի։

8. Ազատութեան մասին Եսայիի մարգարէութիւնը որո՞ւն կը կիրարկուի։

8 Ազատութեան մասին այդ մարգարէութիւնը սկսաւ կատարուիլ՝ Յիսուս իր ծառայութիւնը սկսելէն ետք։ Նազարէթին մէջ, ուր մեծցած էր, ան ժողովարանը մտնելով՝ Եսայիի այդ խօսքերը կարդաց հաւաքուած հրեաներուն։ Յիսուս իր անձին կիրարկեց այս խօսքերը. «Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու» (Ղուկ. 4։16-19)։ Ան այս մարգարէութիւնը ինչպէ՞ս կատարեց։

ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՈՂՆԵՐԸ

Նազարէթի ժողովարանին մէջ, Յիսուս ազատութիւն կը յայտարարէ (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)

9. Յիսուսի ժամանակ, շատեր ի՞նչ տեսակ ազատութիւն կը յուսային։

9 Առաջին դարուն, մարդիկ սկսան ստանալ այն ազատութիւնը, որուն մասին Եսային մարգարէացաւ եւ Յիսուս կարդաց։ Յիսուս ասիկա հաստատեց, երբ ըսաւ. «Այսօր այս գրուածը կատարուեցաւ» (Ղուկ. 4։21)։ Յիսուսի կարդացածը լսողներէն շատեր հաւանաբար կը յուսային որ քաղաքական փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ եւ Հռոմի իշխանութենէն ազատագրուին։ Անոնք թերեւս խորհեցան այն երկու տղամարդոց պէս, որոնք ըսին. «Կը յուսայինք որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր» (Ղուկ. 24։13, 21)։ Բայց գիտենք որ Յիսուս իր հետեւորդները չմղեց, որ Հռոմի ծանր լուծին դէմ ապստամբին, հապա իրենց ըսաւ որ ‘զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տան’ (Մատ. 22։21)։ Ուստի այդ ժամանակ Յիսուս ինչպէ՞ս ազատութիւն բերաւ։

10. Յիսուս ճամբան բացաւ ի՞նչ բանէ ազատուելու։

10 Աստուծոյ Որդին եկաւ մարդոց օգնելու, որ երկու կերպերով ազատութիւն ձեռք ձգեն։ Առաջին, Յիսուս ճամբան բացաւ կրօնական առաջնորդներուն սխալ ուսուցումներէն ազատուելու։ Այն ատեն հրեաներէն շատեր գերի դարձած էին աւանդութիւններու եւ սուտ հաւատալիքներու (Մատ. 5։31-37. 15։1-11)։ Անոնք՝ որոնք կը դաւանէին հոգեւոր առաջնորդներ ըլլալ, առումով մը կոյր էին։ Մեսիան եւ անոր սորվեցուցած ճշմարտութիւնը մերժելով, անոնք խաւարի եւ մեղքի մէջ մնացին (Յովհ. 9։1, 14-16, 35-41)։ Յիսուս իր ճշմարիտ ուսուցումներով եւ լաւ օրինակով, խոնարհներուն ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնային սուտ ուսուցումներէ ազատուիլ (Մար. 1։22. 2։23–3։5

11. Ի՞նչ էր երկրորդ կերպը, որով Յիսուս ազատութիւն տուաւ։

11 Երկրորդ, Յիսուս կարելի դարձուց որ մարդկութիւնը ժառանգուած մեղքի գերութենէն ազատի։ Յիսուսի զոհին հիման վրայ, Աստուած կրնայ ներել անոնց մեղքերը, որոնք փրկանքին հաւատք կ’ընծայեն եւ գործով ցոյց կու տան իրենց հաւատքը (Եբ. 10։12-18)։ Յիսուս ըսաւ. «Եթէ Որդին ձեզ ազատ ընէ, ճշմարտապէս ազատ պիտի ըլլաք» (Յովհ. 8։36)։ Այդ ազատութիւնը շա՜տ աւելի մեծ էր, քան՝ այն ազատութիւնը, որ իսրայէլացիները Յոբելեան տարուան ընթացքին կը վայելէին։ Օրինակ, տղամարդ մը, որ Յոբելեանին ազատ կ’արձակուէր, կրնար նորէն ստրուկ դառնալ, եւ ամէն պարագայի, ի վերջոյ պիտի մեռնէր։

12. Յիսուսի յայտարարած ազատութենէն առաջին օգտուողները որո՞նք էին։

12 Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, Եհովան սուրբ հոգիով օծեց առաքեալները եւ ուրիշ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ։ Ան զիրենք որդեգրեց որպէս իր որդիները, որպէսզի յետագային յարութիւն առնելով՝ երկինքի մէջ Յիսուսին հետ իշխեն (Հռով. 8։2, 15-17)։ Անոնք առաջին անհատներն էին, որոնք օգտուեցան Նազարէթի ժողովարանին մէջ Յիսուսի յայտարարած ազատութենէն։ Անոնք այլեւս հրեայ կրօնական առաջնորդներուն սուտ ուսուցումներուն եւ անաստուածաշնչական սովորութիւններուն գերի չէին։ Ասկէ զատ, Աստուած զանոնք ազատուած նկատեց մահուան տանող մեղքէն։ Այլաբանական Յոբելեանը, որ սկսաւ Ք.Ե. 33–ին Քրիստոսի հետեւորդները օծուելով, վերջ պիտի գտնէ Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան աւարտին։ Մինչեւ այն ատեն ի՞նչ լաւ բաներ պիտի իրագործուին։

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ

13-14. Օծեալ քրիստոնեաներէն զատ, որո՞նք կրնան ստանալ Յիսուսի յայտարարած ազատութիւնը։

13 Ներկայիս, բոլոր ազգերէն եկած միլիոնաւոր անկեղծ մարդիկ «ուրիշ ոչխարներ»էն են (Յովհ. 10։16)։ Աստուած զիրենք չէ ընտրած, որպէսզի Յիսուսի հետ երկինքի մէջ իշխեն, հապա անոնք երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին։ Քու յոյսդ ատիկա՞ է։

14 Դուն հիմակուընէ իսկ կը վայելես այն օրհնութիւններէն ոմանք, որոնք Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան մաս կազմողները կը վայելեն։ Յիսուսի թափուած արեան հաւատք ընծայելով, կրնաս մեղքերուդ համար ներում խնդրել։ Առ ի արդիւնք, Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք եւ բարի խղճմտանք կ’ունենաս (Եփ. 1։7. Յայտ. 7։14, 15)։ Նաեւ մտածէ այն օրհնութիւններուն մասին, որոնք ունիս քանի որ սուտ ուսուցումներէ ազատուած ես։ Յիսուս ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ» (Յովհ. 8։32)։ Որքա՜ն ուրախ ենք, որ այսպիսի ազատութիւն կը վայելենք։

15. Ի՞նչ ազատութիւն եւ օրհնութիւններ կրնանք ակնկալել։

15 Գալիք աւելի մեծ ազատութիւն մը կրնաս ակնկալել։ Մօտ ատենէն, Յիսուս սուտ կրօնքը եւ մարդկային ապականուած իշխանութիւնը պիտի բնաջնջէ։ Աստուած իրեն ծառայող «մեծ բազմութեան» թոյլ պիտի տայ, որ դրախտային երկրի վրայ օրհնութիւններ վայելեն (Յայտ. 7։9, 14)։ Բազմաթիւ անհատներ յարութիւն պիտի առնեն եւ առիթը պիտի ունենան ադամական մեղքին բոլոր հետեւանքներէն ազատուելու (Գործք 24։15

16. Ամբողջ մարդկութեան ի՞նչ մեծ ազատութիւն կը սպասէ։

16 Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս եւ իր իշխանակիցները մարդկութիւնը ֆիզիքական եւ հոգեւոր կատարեալ առողջութեան պիտի հասցնեն։ Այդ վերահաստատման ու ազատութեան ժամանակամիջոցը, Իսրայէլի Յոբելեանին պէս պիտի ըլլայ։ Ի վերջոյ, բոլոր անոնք, որոնք Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայեն, կատարեալ եւ մեղքէ զերծ պիտի ըլլան։

Նոր աշխարհին մէջ, օգտակար եւ գոհացուցիչ գործեր ընելէն հաճոյք պիտի առնենք (տե՛ս պարբերութիւն 17)

17. Եսայի 65։21-23–ը Աստուծոյ ժողովուրդին մասին ի՞նչ կը մարգարէանայ (տե՛ս կողքին նկարը)։

17 Եսայի 65։21-23–ի մէջ մարգարէացուած է, թէ երկրի վրայ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ (կարդա՛)։ Այն ատեն ծոյլ–ծոյլ պիտի չնստինք, հապա օգտակար ու գոհացուցիչ գործ պիտի ունենանք։ Հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան, կրնանք վստահ ըլլալ, որ «ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21

18. Ինչո՞ւ վստահ ենք որ ուրախ ապագայ մը մեզի կը սպասէ։

18 Ինչպէս որ Եհովան վստահ եղաւ որ իսրայէլացիները ժամանակ ունենային թէ՛ աշխատելու եւ թէ հանգիստ ընելու, ան նոյնը պիտի ընէ իր ծառաներուն, Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։ Վստահաբար ժամանակ պիտի ըլլայ հոգեւոր գործունէութիւններու համար։ Նոյնիսկ նոր աշխարհին մէջ, Աստուած պաշտելը անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երջանիկ ըլլալու համար։ Այո, բոլոր հաւատարիմ մարդիկը ուրախ պիտի ըլլան Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, քանի որ բոլորս գոհացուցիչ գործ պիտի ունենանք եւ Աստուծոյ պիտի ծառայենք։

ԵՐԳ 129 Մեր յոյսը ամո՛ւր բռնենք

^ պարբ. 5 Եհովան իսրայէլացիներուն ազատութիւն ապահովելու համար մասնաւոր կարգադրութիւն մը ըրաւ. Յոբելեան տարին։ Մենք՝ քրիստոնեաներս, Մովսիսական օրէնքին տակ չենք, բայց կարեւոր է որ Յոբելեանի մասին գիտնանք։ Յօդուածին մէջ պիտի տեսնենք, թէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ Յոբելեանը ինչպէ՛ս մեր միտքը կը բերէ կարգադրութիւն մը, որ Եհովան մեզի համար ըրած է եւ թէ մենք անկէ ինչպէ՛ս կ’օգտուինք։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Յոբելեանին, ստրկացած տղամարդիկը ազատ կ’արձակուէին եւ կրնային իրենց ընտանիքին ու ստացուածքին վերադառնալ։