Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 52

Ինչպէ՞ս կրնաս վհատութեան դէմ պայքարիլ

Ինչպէ՞ս կրնաս վհատութեան դէմ պայքարիլ

«Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (ՍԱՂ. 55։22

ԵՐԳ 38 Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Վհատութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։

ԱՄԷՆ օր խնդիրներու կը հանդիպինք եւ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ անոնց հետ գլուխ ելլենք։ Բայց չե՞ս համաձայնիր, որ մեր խնդիրները աւելի լաւ կերպով կրնանք լուծել երբ վհատած չենք։ Ուրեմն, վհատութիւնը պէտք է անկոչ հիւր նկատենք, որ կրնայ խլել մեր վստահութիւնը, քաջութիւնն ու ուրախութիւնը։ Առակաց 24։10–ը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս [«վհատիս», ՆԱ], ոյժդ քիչ է»։ Այո, վհատութիւնը կրնայ սպառել մեր ուժը, որուն պէտք ունինք, որպէսզի կեանքի խնդիրները յաջողապէս դիմագրաւենք։

2. Ի՞նչ բաներ կրնան մեզի վհատութիւն պատճառել, եւ յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Մեզ կրնան վհատեցնել կարգ մը ներքին եւ արտաքին ազդակներ։ Ատոնք կրնան ըլլալ՝ անկատարութիւններ, տկարութիւններ եւ վատառողջութիւն։ Նաեւ կրնան ըլլալ այն պարագաները, երբ Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր ուզած նշանակումը չենք ստանար կամ կը ծառայենք անարդիւնաբեր թուող թաղամասի մը մէջ։ Յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք բաներ, որ կրնանք ընել վհատութեան հետ գլուխ ելլելու համար։

ԱՆԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

3. Ի՞նչը կրնայ օգնել, որ մեր անկատարութիւններուն նկատմամբ հաւասարակշիռ տեսակէտ ունենանք։

3 Դիւրաւ կրնանք մեր անկատարութիւններուն ու տկարութիւններուն հանդէպ անհաւասարակշիռ տեսակէտ զարգացնել։ Արդիւնքը կրնայ ըլլալ, որ խորհինք թէ մեր սխալներուն պատճառաւ Եհովան թոյլ պիտի չտայ, որ անցնինք նոր աշխարհը։ Այսպիսի մտածելակերպ կրնայ վնասակար ըլլալ։ Մեր անկատարութիւնները ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, որ Յիսուս Քրիստոսէ զատ, բոլոր մարդիկը «մեղք գործեցին» (Հռով. 3։23)։ Բայց Աստուածաշունչի Հեղինակը մեր մէջ ո՛չ սխալներ կը փնտռէ, ոչ ալ կատարելութիւն։ Ընդհակառակը, ան սիրալիր Հայր մըն է, որ կ’ուզէ մեզի օգնել։ Ան նաեւ համբերող է։ Կը տեսնէ, երբ կը պայքարինք մեր անկատարութիւններուն եւ մեր անձին նկատմամբ անհաւասարակշիռ տեսակէտին դէմ, եւ պատրաստ է օգնելու (Հռով. 7։18, 19

Եհովան գիտէ այն լաւ բաները, որ անցեալին ըրած ենք եւ հիմա կ’ընենք (տե՛ս պարբերութիւն 5) *

4-5. Ա. Յովհաննէս 3։19, 20–ի համաձայն, ի՞նչը երկու քոյրերու օգնեց, որ վհատութեան դէմ դնեն։

4 Նկատի առ Տեպրայի եւ Մարիայի օրինակները *։ Մանկութեան ընթացքին, Տեպրային հետ այնպիսի կերպերով կը վարուէին, որոնք պատճառ կ’ըլլային որ ան շատ գէշ զգար։ Քիչ կը պատահէր որ զինք գովէին։ Անոր համար, ան իր անձին հանդէպ ժխտական տեսակէտ ունեցաւ։ Երբ պզտիկ սխալ մը ընէր, կը զգար թէ ամբողջովին ձախող մէկն էր։ Մարիան նոյնանման խնդիր մը ունէր։ Անոր ազգականները իրեն հանդէպ այնպիսի արարքներ կ’ընէին, որ ինքն իրմէ կ’ամչնար։ Ատոր հետեւանքով, ան անարժէք զգացումներու զոհ դարձաւ։ Ճշմարտութիւնը ընդունելէն ետք, ան նոյնիսկ զգաց, որ Աստուծոյ անունը կրելու արժանի չէ։

5 Ասով հանդերձ, այս երկու քոյրերը Եհովայի ծառայելէ չդադրեցան։ Ի՞նչը իրենց օգնեց։ Սրտագին աղօթքով իրենց բեռը Եհովայի վրայ ձգեցին (Սաղ. 55։22)։ Անոնք ըմբռնեցին, որ մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը գիտէ, թէ մեր անցեալի փորձառութիւնները եւ ժխտական մտածելակերպը ի՛նչ ազդեցութիւն ձգած են մեր վրայ։ Ան նաեւ մեր սիրտին մէջ կը տեսնէ լաւ յատկութիւններ, որոնք թերեւս մենք չտեսնենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20

6. Ի՞նչ կրնայ զգալ մէկը, որ նոյն սխալը կը կրկնէ։

6 Մէկը, որ խորապէս արմատացած գէշ սովորութեան մը դէմ պայքար կը մղէ, կրնայ նոյն սխալը կրկնել եւ իր անձէն յուսախաբ ըլլալ։ Անշուշտ, բնական է որոշ չափով յանցաւոր զգալ, երբ մեղք կը գործենք (Բ. Կոր. 7։10)։ Սակայն պէտք չէ ծայրայեղութեան երթանք եւ մենք մեզ դատապարտենք, մտածելով. ‘Ամբողջովին ձախող մէկն եմ։ Եհովան բնա՛ւ ինծի պիտի չներէ’։ Այսպիսի ժխտական մտածում ճշմարտութեան դէմ է եւ կրնայ պատճառ դառնալ, որ չշարունակենք Եհովայի ծառայել։ Միտքդ բեր Առակաց 24։10–ին խօսքը. մեր ուժը քիչ կ’ըլլայ, երբ վհատած ենք։ Փոխարէնը, Եհովային աղօթէ եւ իր ներումը խնդրէ (Եսա. 1։18)։ Անկեղծ զղջումիդ հիման վրայ քեզի պիտի ներէ։ Ատկէ զատ, երէցներուն մօտեցիր։ Անոնք համբերութեամբ քեզի պիտի օգնեն, որ հոգեւորապէս կազդուրուիս (Յակ. 5։14, 15)

7. Ինչո՞ւ պէտք չէ վհատինք, եթէ պայքար կը մղենք, որ ճիշդը ընենք։

7 Ֆրանսայի մէջ, Ժան–Լուք անունով երէց մը կ’ըսէ անոնց, որոնք տկարութեան մը դէմ կը պայքարին. «Անձ մը Եհովայի աչքին արդար կը սեպուի ոչ թէ երբ բնաւ չսխալի, հապա երբ սխալելէ ետք միշտ զղջայ ու ամէն ջանք ընէ, որ փոխուի» (Հռով. 7։21-25)։ Ուստի դուն քեզ մի՛ դատապարտեր, եթէ տկարութեան մը դէմ պայքար կը մղես։ Մի՛ մոռնար այս կէտը. որովհետեւ մեղաւոր ենք, բոլո՛րս Եհովայի շնորհքին պէտք ունինք, որ մեզի կու տայ փրկանքին միջոցաւ (Եփ. 1։7. Ա. Յովհ. 4։10

8. Երբ վհատած ենք, որո՞նց կրնանք դիմել օգնութեան համար։

8 Քաջալերութեան համար, կրնանք դիմել եղբայրներուն ու քոյրերուն՝ մեր հոգեւոր ընտանիքին։ Երբ կ’ուզենք մեր սիրտը բանալ, անոնք կրնան մտիկ ընել եւ ըսել քաջալերական խօսքեր, որոնք մեզ կը թարմացնեն (Առ. 12։25. Ա. Թես. 5։14)։ Նիկերիոյ մէջ Ճոյ անունով քոյր մը, որ վհատութեան դէմ պայքարեցաւ, կ’ըսէ. «Ո՞ւր պիտի ըլլայի առանց եղբայրութեան օգնութեան։ Եղբայրներս ու քոյրերս փաստ մըն են, որ Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէ։ Նոյնիսկ անոնցմէ սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս ես կրնամ անտրամադիր եղողները քաջալերել»։ Բայց պէտք է յիշենք, որ մեր եղբայրներն ու քոյրերը միշտ չեն կրնար գիտնալ, որ ե՛րբ քաջալերութեան պէտք ունինք։ Ուստի կրնայ պէտք ըլլալ, որ մենք նախաքայլը առնենք ու մօտենանք հասուն հաւատակիցի մը, որպէսզի օգնութիւն խնդրենք։

ՎԱՏԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ

9. Սաղմոս 41։3 եւ 94։19–ը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերեն։

9 Աջակցութեան համար Եհովային դիմէ։ Երբ հանգիստ չենք եւ մանաւանդ երբ մնայուն հիւանդութիւն մը ունինք, կրնայ դժուար ըլլալ դրականօրէն մտածել։ Թէեւ Եհովան հիմա հրաշքով չի բուժեր, բայց կրնայ մխիթարել եւ պէտք եղած ուժը տալ, որ տոկանք (կարդա՛ Սաղմոս 41։3. 94։19)։ Օրինակ, կրնայ հաւատակից մը մղել որ մեր օգնութեան հասնի, երբ ընելիք բաներ կան կամ պէտք է բան մը գնել։ Նաեւ կրնայ մեր եղբայրները մղել, որ մեզի հետ աղօթեն։ Կամ կրնայ Սուրբ Գիրքէն մխիթարական մտքեր յիշեցնել, ինչպէս՝ մեր հիանալի յոյսը, որ գալիք նոր աշխարհին մէջ կատարեալ կեանք պիտի ունենանք առանց հիւանդութեան ու ցաւի (Հռով. 15։4

10. Իսանկ ինչպէ՞ս արկածէ մը ետք իր վհատած վիճակէն դուրս ելաւ։

10 Իսանկ, որ Նիկերիոյ մէջ կ’ապրի, արկածի մը ենթարկուեցաւ, որ զինք անդամալոյծ դարձուց։ Բժիշկը իրեն ըսաւ, որ անգամ մըն ալ պիտի չքալէ։ Իսանկ ըսաւ. «Վհատեցայ եւ հոգեկանս քանդուեցաւ»։ Բայց ան այդ վիճակէն դուրս ելա՞ւ։ Այո՛։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց։ Ան կը բացատրէ. «Ես ու կինս միշտ Եհովային կ’աղօթէինք եւ իր Խօսքը կը սերտէինք։ Նաեւ վճռած էինք մեր օրհնութիւնները համրել, մէջը ըլլալով՝ Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու մեր յոյսը»։

Նոյնիսկ անոնք, որոնք ֆիզիքական սահմանափակումներ ունին, կրնան արդիւնաբեր եւ օրհնուած ծառայութիւն ունենալ (տե՛ս պարբերութիւն 11-13)

11. Սինտին իր վատառողջ վիճակին մէջ ինչպէ՞ս ուրախութիւն գտաւ։

11 Սինտի, որ Մեքսիքայի մէջ կ’ապրի, գիտցաւ որ մահացու հիւանդութիւն մը ունի։ Ինչպէ՞ս կրցաւ դիմանալ։ Երբ կը դարմանուէր, նպատակակէտ դրաւ որ ամէն օր վկայութիւն տայ։ Ան կը գրէ. «Այդպէս ընելով, կրցայ կեդրոնանալ ոչ թէ վիրահատութեան, ցաւիս կամ անհանգիստ ըլլալուս վրայ, հապա՝ ուրիշներու վրայ։ Այսպէս կ’ընէի. երբ բժիշկներու կամ հիւանդապահներու հետ կը խօսակցէի, կը հարցնէի իրենց ընտանիքներուն մասին։ Ետքը կը հարցնէի, թէ ինչո՛ւ այսպիսի դժուար մասնագիտութիւն մը ընտրած են։ Ատկէ յետոյ, դիւրին էր տեսնելը, թէ ո՛ր նիւթերը կրնային իրենց սրտին դպչիլ։ Ոմանք ըսին, թէ շատ չի պատահիր, որ հիւանդ մը իրենց որպիսութիւնը հարցնէ։ Շատեր ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենցմով հետաքրքրուելուս համար։ Իսկ ոմանք փափաքեցան, որ կապի մէջ մնանք։ Այդպէս, կեանքիս այս դժուար հանգրուանին, Եհովան ինծի ներքին խոր ուրախութիւն տուաւ, որ նոյնիսկ զիս զարմացուց» (Առ. 15։15

12-13. Կարգ մը հիւանդներ կամ անկարողներ ինչպէ՞ս կրցած են ծառայել, եւ ի՞նչ արդիւնքով։

12 Հիւանդները կամ անկարողները կրնան վհատիլ, քանի որ չեն կրնար ծառայել ա՛յնքան, ո՛րքան որ կ’ուզեն։ Սակայն շատեր կրցած են աղուոր վկայութիւն տալ։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Լորըլ անունով քոյր մը 37 տարի մեքենայի մը մէջ երկնցած մնաց, որպէսզի կարենար շնչել։ Ատկէ զատ, ան քաղցկեղէ բռնուեցաւ, ծանր վիրահատութիւններու ենթարկուեցաւ եւ մորթի մնայուն հիւանդութիւններ ունեցաւ։ Բայց նոյնիսկ այս արտասովոր դժուարութիւնները զինք չլռեցուցին։ Ան վկայութիւն տուաւ հիւանդապահներուն եւ տունին մէջ իրեն այցելողներուն։ Արդիւնքը եղաւ, որ առնուազն 17 անհատներու օգնեց, որ Եհովայի վկայ ըլլան *։

13 Ֆրանսայի մէջ, Ռիշար անունով երէց մը գործնական խրատ մը կու տայ անոնց, որոնք իրենց տան կամ խնամատան մը մէջ արգելափակուած են. «Կ’առաջարկեմ որ քանի մը գիրքեր եւ պարբերաթերթեր դնեն յարմար տեղ մը, որ մարդիկ տեսնեն։ Այցելողները պիտի նկատեն եւ հարցումներ հարցնեն։ Այսպէս ընելը կրնայ քաջալերել մեր սիրելի եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք այլեւս չեն կրնար դռնէ դուռ երթալ»։ Տունին մէջ արգելափակուածները նաեւ կրնան ծառայութեան մասնակցիլ՝ նամակներ գրելով եւ հեռաձայնով վկայելով։

ԵՐԲ ՄԵՐ ՈՒԶԱԾ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄԸ ՉԵՆՔ ՍՏԱՆԱՐ

14. Դաւիթ թագաւոր ի՞նչ հոյակապ օրինակ ձգեց։

14 Տարիքի, առողջութեան կամ ուրիշ ազդակներու բերումով, թերեւս որակեալ չըլլանք մեր ժողովքին կամ շրջանին մէջ որոշ նշանակում կամ առանձնաշնորհում ունենալու։ Եթէ մեր պարագան այդ է, կրնանք Դաւիթ թագաւորի օրինակէն սորվիլ։ Երբ իրեն ըսուեցաւ, որ ինք չէր ընտրուած Աստուծոյ տաճարը շինելու համար,– բան մը որ Դաւիթ սրտանց կ’ուզէր,– ամբողջովին թիկունք կանգնեցաւ անոր, որ Աստուած ընտրած էր այդ նշանակումին համար։ Դաւիթ նոյնիսկ շատ նուիրատուութիւն ըրաւ ծրագրին համար։ Ի՜նչ հոյակապ օրինակ (Բ. Թագ. 7։12, 13. Ա. Մն. 29։1, 3-5

15. Ուէկ ինչպէ՞ս յաղթահարեց իր վհատութիւնը։

15 Ֆրանսայի մէջ, Ուէկ անունով եղբայր մը առողջապահական խնդիրներու պատճառաւ որպէս երէց ծառայելէ դադրեցաւ եւ նոյնիսկ տնային ամենապարզ գործերը չէր կրնար ընել։ Ան կը գրէ. «Սկիզբը անարժէք զգացի եւ շատ ընկճուեցայ։ Բայց ժամանակի ընթացքին, նկատեցի որ կարեւոր է որ սահմանափակումներս ընդունիմ, եւ այսպէս ուրախութիւն գտայ Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Վճռած եմ չյանձնուիլ։ Գեդէօնին եւ իրեն հետ եղող երեք հարիւր տղամարդոց պէս, որոնք բոլորն ալ ուժասպառ էին, պիտի շարունակեմ պայքարիլ» (Դատ. 8։4

16. Հրեշտակներու օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

16 Հաւատարիմ հրեշտակները լաւ օրինակ են։ Աքաաբ թագաւորի իշխանութեան ատեն, Եհովան հրեշտակներուն առիթ տուաւ, որ այդ չար թագաւորը խաբելու կերպեր առաջարկեն։ Քանի մը հրեշտակներ գաղափարներ տուին։ Բայց Աստուած մէկ հրեշտակ ընտրեց եւ անոր ըսաւ, որ իր գաղափարը պիտի յաջողէր (Գ. Թագ. 22։19-22)։ Միւս հրեշտակները ընկճուեցա՞ն, խորհելով. ‘Ինչո՞ւ պարապ տեղ մտածեցի’։ Անոնք վստահաբար այդպէս չըրին, քանի որ իսկապէս խոնարհ են եւ կ’ուզեն, որ ամբողջ փառքը Եհովային երթայ (Դատ. 13։16-18. Յայտ. 19։10

17. Ի՞նչ պէտք է ընենք, եթէ ընկճուած կը զգանք որոշ նշանակում մը չունենալուն համար։

17 Միտքդ պահէ Աստուծոյ անունը կրելու եւ իր Թագաւորութիւնը ծանուցանելու առանձնաշնորհումը։ Նշանակումները կրնան փոխուիլ, բայց ատոնք չեն որ մեզ արժէքաւոր կը դարձնեն Աստուծոյ աչքին։ Յիշէ որ եթէ համեստ ու խոնարհ ենք, Եհովայի եւ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար շատ սիրելի պիտի ըլլանք։ Ուրեմն աղաչէ՛ Եհովային, որ քեզի օգնէ համեստ ու խոնարհ մնալու։ Խոկա՛ Աստուածաշունչին մէջ նշուած բազմաթիւ համեստ ու խոնարհ անհատներու լաւ օրինակներուն վրայ։ Պատրաստ եղիր եղբայրներուդ ծառայելու որեւէ կերպով որ կրնաս (Սաղ. 138։6. Ա. Պետ. 5։5

ԱՆԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐ ԹՈՒՈՂ ԹԱՂԱՄԱՍ

18-19. Ինչպէ՞ս կրնաս ծառայութեան մէջ ուրախութիւնդ պահպանել, նոյնիսկ եթէ թաղամասդ անարդիւնաբեր թուի։

18 Օրին մէկը վհատա՞ծ ես, քանի որ թաղամասդ անարդիւնաբեր կը թուի կամ մարդիկ հազուադէպ տունը կ’ըլլան։ Այս պարագային ի՞նչ կրնանք ընել, որ պահպանենք կամ աւելցնենք մեր ուրախութիւնը։ Կարգ մը գործնական առաջարկներ տրուած են « Ծառայութիւնդ ճոխացնելու կերպեր» շրջանակին մէջ։ Նաեւ կարեւոր է՝ ծառայութեան հանդէպ ճիշդ տեսակէտ ունենալ։ Ինչպէ՞ս։

19 Կեդրոնացած մնա՛ Աստուծոյ անունն ու իր Թագաւորութիւնը հռչակելուն վրայ։ Յիսուս յստակացուց, որ քիչեր կեանքի տանող ճամբան պիտի գտնէին (Մատ. 7։13, 14)։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, պատիւը ունինք աշխատելու Եհովայի, Յիսուսի եւ հրեշտակներուն հետ (Մատ. 28։19, 20. Ա. Կոր. 3։9. Յայտ. 14։6, 7)։ Եհովան արժանաւորները կը քաշէ (Յովհ. 6։44)։ Ուստի եթէ անհատ մը մեր պատգամին այս անգամ չընդառաջէ, թերեւս յաջորդ անգամ ընդառաջէ։

20. Երեմիա 20։8, 9–էն ի՞նչ կը սորվինք վհատութեան դէմ պայքարելուն նկատմամբ։

20 Շատ բան կրնանք սորվիլ Երեմիա մարգարէէն։ Ան նշանակուեցաւ ծառայելու վերջին ծայր դժուար թաղամասի մը մէջ։ Մարդիկը «ամէն օր» զինք կը վիրաւորէին ու կը ծաղրէին (կարդա՛ Երեմիա 20։8, 9)։ Տեղ մը հասաւ, որ ան այնքա՛ն վհատեցաւ, որ ուզեց յանձնուիլ։ Բայց այդպէս չըրաւ։ Ինչո՞ւ։ «Տէրոջը խօսքը» Երեմիայի սրտին մէջ կրակի մը պէս բորբոքեցաւ, եւ ան այլեւս չէր կրնար զայն իր մէջը պահել։ Նոյն բանը մեզի ալ պիտի պատահի, եթէ մեր միտքն ու սիրտը Աստուծոյ Խօսքով լեցնենք։ Ատիկա յաւելեալ պատճառ մըն է, որ Աստուածաշունչը ամէն օր սերտենք եւ ատոր վրայ խոկանք։ Արդիւնքը կ’ըլլայ, որ մեր ուրախութիւնը կրնայ շարունակել աւելնալ եւ մեր ծառայութիւնը աւելի արդիւնաբեր կրնայ դառնալ (Եր. 15։16

21. Ինչպէ՞ս կրնանք վհատութեան դէմ մղուած պայքարէն յաղթական դուրս գալ, ի՛նչ ալ ըլլայ ատոր պատճառը։

21 Նախապէս նշուած Տեպրան կ’ըսէ. «Վհատութիւնը Սատանայի զօրաւոր մէկ զէնքն է»։ Բայց անոր զէնքերը Եհովայի զօրութեան հետ բաղդատած, բան մը չեն։ Ուստի երբ վհատած կը զգաս,– ի՛նչ ալ ըլլայ պատճառը,– Եհովայի աջակցութիւնը խնդրէ։ Ան պիտի օգնէ, որ անկատարութիւններուդ ու տկարութիւններուդ հետ գլուխ ելլես։ Ան հիւանդութեանդ ընթացքին քեզի պիտի աջակցի։ Պիտի օգնէ, որ ծառայութեան նշանակումներուն նկատմամբ հաւասարակշիռ տեսակէտ ունենաս, ինչպէս նաեւ՝ ծառայութիւնդ դրական աչքով դիտես։ Մտահոգութիւններդ ալ պատմէ երկնաւոր Հօրդ։ Անոր օգնութեամբ, վհատութեան դէմ մղուած պայքարէն յաղթական դուրս պիտի գաս։

ԵՐԳ 56 Հաճիս աղօթքս լսէ

^ պարբ. 5 Բոլորս ատեններ կը վհատինք։ Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք կարգ մը մասնայատուկ բաներ, որ կրնանք ընել երբ անտրամադիր ենք։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, Եհովայի օգնութեամբ կրնա՛նք վհատութեան յաղթել։

^ պարբ. 4 Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ պարբ. 12 Լորըլ Նիզպէթի կենսագրութիւնը կը գտնուի Զարթի՛ր–ի 22 յունուար 1993 թիւին մէջ (արաբ.)։

^ պարբ. 69 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Քոյր մը որոշ ժամանակ վհատած էր, բայց կը խոկայ իր անցեալի ծառայութեան վրայ եւ կ’աղօթէ։ Ան վստահ է, որ Եհովան կը յիշէ անցեալին ու ներկայիս իր ըրածները։